Գաղութային

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը  Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 29 նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան մը հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր կողքին ունենալով Շահան սրբազանը եւ Նարեկ սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց հոգեւոր տէրը: Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ` հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի ներկայացուցչական 49-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ անցնող շաբաթավերջին, 26-էն 28 նոյեմբեր 2021-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: Ժողովին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող ՀՄԸՄ-ի 10 մասնաճիւղերէն ընտրուած 57 լիազօր ներկայացուցիչներ, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնական հիւրեր, ընդամէնը` 78 ժողովականներ: Ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան քսանամսեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ, ըստ էութեան արտայայտութիւններ...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Ներկայացուցիչը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Ներկայացուցիչը

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Մահտեսեան յատուկ կերպով ժամանած էր Լիբանան՝ իր վերընտրութեան առիթով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրանքները լսելու համար։ Հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Մահտեսեանին, ինչպէս նաեւ իր բարձր գնահատանքը՝ Կիպրոսի հայութեան մատուցած ծառայութեան համար՝ շեշտելով, որ անոր վերընտրութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն...

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան.  «Սեւրով Հաստատուած Հայաստանի Սահմաններուն Մէջ Այսօր Կ՛ապրի Իր Ինքնութեան Գիտակից Հայ Զանգուած». Դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. «Սեւրով Հաստատուած Հայաստանի Սահմաններուն Մէջ Այսօր Կ՛ապրի Իր Ինքնութեան Գիտակից Հայ Զանգուած». Դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան հինգշաբթի, 25 նոյեմբերի երեկոյեան դասախօսեց «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսութեան նիւթն էր «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները այսօր»: Դասախօսը նիւթը տեղաւորեց վերջին 115 տարուան ժամանակամիջոցին մէջ, ապա հանգրուանային կտրուածքներով խօսեցաւ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակարգերու կիրարկած քաղաքականութեան մասին: Այդ քաղաքականութիւնը յատկանշուած է իսլամացման եւ թրքացման ուղղութիւններով: Ազգային...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Յաջորդաբար Նախագահեց Միաբանական Յանձնախումբերու Հանդիպումներուն Շաբաթ, 20 նոյեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր աշխատանքային օրակարգը ամբողջութեամբ յատկացուցած էր միաբանական յանձնախումբերու հետ հանդիպումներու: Առաջին հերթին, ան նախագահեց ծիսական կեանքի բարելաւման նուիրուած յանձնախումբի հաւաքին, ապա նորանշանակ տնօրէն ժողովին, որմէ ետք` հինգ նորընծայ աբեղաներու հանդիպումին: Յիշեալ հանդիպումներուն նպատակն էր Անթիլիասի մայրավանքի ներքին վանական կեանքի առաւել կազմակերպումը` իր բոլոր մարզերուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 24 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթըր վան տեր Վուտէի յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց 23 նոյեմբերին Նետերլանտներու խորհրդարանին կողմէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ու հայ գերիներու վերաբերեալ երկու բանաձեւերու որդեգրումը: Խորհրդարանը բանաձեւերէն մէկուն ճամբով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան փաստերուն վերաբերեալ անկախ հետաքննութիւն կատարելու համար եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ...

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Կիրակի, 21 նոյեմբերին, Ս. Մարիամ Աստուածածինի տաճարի ընծայման տօնին առիթով հանդիսաւոր ս. պատարագով, զոր մատուցեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը պատմական ակնարկ մը նետեց Ս. Աստուածածինի տաճար ընծայման դրուագին, թէ ինչպէ՛ս Յովակիմն ու Աննան Տէրը փառաւորեցին եւ պատուեցին` իրենց զաւակը տաճարի պաշտամունքին նուիրաբերելով: Ան հարց տուաւ...

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար եւ ի յիշատակ անոնց, տարեկան դրութեամբ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 նոյեմբեր 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագին: Ապա ՀՄԸՄ-ականները համախմբուեցան սրահին մէջ, ուր յանուն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` խօսք առաւ Սիլվա Սաղըրեան, որ դիտել տուաւ, թէ 103 տարիէ ի վեր սերունդներու դաստիարակութեան լծուած այս միութիւնը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան  Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի Տարեդարձին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 22 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի տարեդարձին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ 22 նոյեմբեր 1920-ին հրապարակուած վճիռին պատմական հանգամանքները եւ Սեւրի դաշնագիրի ճակատագիրը նշելէ ետք յայտնեց. «Թէեւ յաջորդող դէպքերը  արգելք հանդիսացան իրաւարար վճիռի գործադրութեան, սակայն հոլովոյթը նախադէպ մըն է եւ ինքնին փաստ մը, թէ...

Համազգայինի Կեդրոնական Ու Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Համազգայինի Կեդրոնական Ու Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութիւնը զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին: Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է սփիւռքի տարածքին` ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեան մէջ: Իսկ...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Տոքթ. Ֆիլիփ Եւ Արա Բարաքսեան Եղբայրներու Օժանդակութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ անցնող օրերուն տոքթ. Ֆիլիփ (Լիբանան) եւ Արա (Աւստրալիա) Բարաքսեան եղբայրներ Երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով 35 ընտանիքներու կատարեց նիւթական յատկացում` օժանդակելու համար անոնց` դիմագրաւելու ներկայ ընկերային պայմանները: Բարաքսեան եղբայրներ նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակին տրամադրած էին որոշ քանակութեամբ դեղորայք, որոնք տրամադրուեցան կարիք ունեցող պարագաներու: Նման բարերար հայրենակիցներու օժանդակութիւնը մեծապէս գնահատելով` դարձեալ կը կրկնենք. «Միասնաբար կը յաղթահարենք տագնապը»: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Անթիլիասի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայորդիներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

27 սեպտեմբերէն 9 նոյեմբեր 2020-ին երկարող 44-օրեայ ճակատագրական եւ բախտորոշ պատերազմը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թողուց իր արիւնախառն յիշատակը: Այս պատերազմով վերաշեշտուեցաւ թուրքին ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, որ անդրկովկասեան երկիրներուն ներքին ու արտաքին անդորրութեան, սահմանային անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ վտանգալից ազդակ մը կը ներկայացնէ: Ամբողջ հայութիւնը յուզող պատերազմին հետեւանքները եղան հազարաւոր նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուած զինուորներ ու քաղաքացիներ, հարիւրաւոր հետակորոյս հայորդիներ,...

Առ Ի Քաջալերանք «Ազդակ»-ին

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութեամբ Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Աջակցութիւնը Լիբանանահայութեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ աշխատանքի առաջին փուլը` 1 յուլիսէն...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց  Սեմինարին Աշխատանքները  Աւարտեցան Յաջողութեամբ

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Ա. Առցանց Սեմինարին Աշխատանքները Աւարտեցան Յաջողութեամբ

Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցան համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարին երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, որոնք շարունակութիւնը կազմեցին շաբաթ մը առաջ սկսած առաջին եւ երկրորդ նիստերուն: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած այս սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան շրջանային եւ մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներ, վարչականներ եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներ: Երրորդ նիստը կատարուեցաւ սեմինարի բոլոր...

Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Շահէ Արք. Փանոսեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

Ուրբաթ, 12 նոյեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ դիմաւորուեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն կողմէ, կատարուեցաւ աղուհացի օրհնութիւն: Առաջնորդը  դիմաւորեցին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամներ եւ տնօրէնը: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, իտալերէն, արաբերէն եւ անգլերէն փունջ մը երգեր: Սրբազան հայրը շրջագայեցաւ «Բարսեղ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ  Յղեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին  Ու Լիւքսեմպուրկի Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Ու Լիւքսեմպուրկի Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին կողմէ առաջին ընթերցումով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը եւ զայն նկատեց ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը: Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ բանաձեւի որդեգրումը ուժ պիտի տայ Ցեղասպանութեան հռչակագիրին նկատմամբ Բրիտանիոյ յանձնառութեան եւ պիտի հաստատէ օրէնքի իշխանութեան, մարդու իրաւունքներու եւ...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին. Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երէկ, ուրբաթ, 12 նոյեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում  խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930)» հատորի գինեձօնը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն` Ժագ Յակոբեան, որ, ողջունելով ներկաները, նշեց,...

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ  Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական  Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

«Ազդակ»-ի 39-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր «Իսլամական խօսոյթը Արցախեան պատերազմի համաթեքսթում». դասախօս` Գիտութիւներու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող դոկտ. Արաքս Փաշայեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատկից Մինաս Հանս Քէհէեան: Դասախօսը ներկայացուց Ազրպէյճանի մէջ իսլամական գործօնի եւ գործիքակազմի ապրած հոլովոյթը` արցախեան պատերազմի լոյսին տակ: Ան նաեւ փուլ առ փուլ իսլամական գործօնի շահարկման վերափոխումները ներկայացուց պատերազմի առաջին շրջանէն մինչեւ Ալիեւի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր:

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հոգեւոր Տիրոջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին առընթեր ներկայ էին նաեւ Պէյրութի մէջ գործող ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ ընտրութիւնը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն իր հետագայ գործունէութեան մէջ:...

Page 126 of 365 1 … 125 126 127 … 365

Արխիւներ