Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Աշակերտութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Արթուր Խաչատրեան. «Անհրաժեշտ Է, Որ Ներկայ Ճգնաժամին, Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Իր Կապերը Ամրացնէ Արցախի Եւ Սիւնիքի Աշակերտութեան Հետ»

Նոյեմբեր 4, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հետ: Ներկայ էին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտները: 275 աշակերտներու կողքին ներկայ էին նաեւ վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ:

Հանդիպումին բացումը կատարեց եւ Արթուր Խաչատրեանը ներկայացուց «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» հայերէն լուրերու բաժինի խմբագիր Արմէն Ապտալեան: Ան անդրադարձաւ Արթուր Խաչատրեանի կենսագրութեան` շեշտը դնելով այն հանգամանքին վրայ, որ պատգամաւորը քանի մը մասնագիտութիւններով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բնագաւառներու գործունէութեան մէջ: Ապա ան շեշտը դրաւ այսպիսի օգտաշատ հանդիպումներու կազմակերպման կարեւորութեան վրայ, որոնց ճամբով առիթ կը տրուի հայ աշակերտութեան աւելի մօտէն իրազեկ դառնալու հայրենիքի կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Արթուր Խաչատրեան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան նախ եւ առաջ անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի յաջորդող փուլերուն Հայաստանի ու Արցախի պարզած կացութեան: Զեկուցաբերը մատչելի ներկայացումով աշակերտութեան բացատրեց հայութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնախնդիրները` շեշտը դնելով հայրենիքին մէջ ազգային գաղափարախօսութեան հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած անտեսումին եւ պարտուողական քաղաքականութեան վրայ: Աւելի՛ն, ան մանրամասնեց նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի պարագան, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք փաստօրէն այսօր իր գործընկերոջ` Արծուիկ Մինասեանին արգիլուեցաւ Հայաստանէն դուրս գալ, եւ ան չկրցաւ այս առիթով Լիբանան գտնուիլ ու հանդիպիլ լիբանանահայ աշակերտութեան հետ:

Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ նաեւ պարտութիւնը չընդունելու եւ պայքարի ոգին ամրացնելու նորահաս սերունդներու կազմաւորման անհրաժեշտութեան վրայ` հաստատելով, որ թշնամի Ազրպէյճան աւելի քան 27 տարիներ փորձեց բռնագրաւել Արցախը, սակայն այսօր յաջողեցաւ, եւ բացառուած չէ, որ վաղը կամ միւս օր հայութիւնը դարձեալ վերագտնէ ինքզինք ու վերատիրանայ իր արդար իրաւունքներուն: Սակայն այս բոլորին մէջ կարեւորը` հետեւողական պայքարի ու պարտութեան հետեւանքները չընդունելու մտածողութեան ամրակայման մէջ կը կայանայ:  Վերջապէս, ներկայ դժնդակ ու պարտուողական կացութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ համայն հայութիւնը եւ այս պարագային մասնաւորապէս լիբանանահայ աշակերտութիւնը կանգնին Արցախի եւ Սիւնիքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին, մնան անոնց հետ մնայուն կապի մէջ եւ բարձր պահեն անոնց կամքն ու կորովը, որովհետեւ թշնամիի կողմէ անոնցմէ այսօր խլուած են շատ մը իրաւունքներ, եւ նոյն թշնամին կը շարունակէ զանոնք ստրկացնելու ու անոնց ազգային արժանապատուութիւնը խոցելու զանազան փորձերը: Աւարտին, Խաչատրեան պատգամեց աշակերտութեան տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ անկորնչելի իրաւունքներուն:

Առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն իրենց հարցումներով հանդէս գալու, ինչ որ ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն եւ ի յայտ եկաւ, որ լիբանանահայ աշակերտութիւնը իր ստացած հայեցի դաստիարակութեան միջոցով Հայաստանն ու Արցախը վերածած է իր առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը: Աշակերտներուն կողմէ կատարուած հարցադրումներն ու փոխանցուած մտահոգութիւնները շեշտը դրին յաւելեալ պարտութիւնները կանխելու եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յաղթական տեսնելու տեսլականին վրայ:

Նախորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?