Երկուշաբթի, 8 նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով ընթրիք-հանդիպում` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ նոյն վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ընկերներ եւ ընկերուհիներ, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալներ եւ տնօրէն, Լիբանանի Համազգայինի աշխարհագրական եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու ատենապետներ, դպրոցներու տնօրէն խորհուրդներ եւ գեղարուեստի դպրոցներու բաժիններու ղեկավարներ:
Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարիա Եագուպեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիպումը ապացոյց մըն է ըսելու համար, որ հակառակ առօրեայ դժուարութիւններուն, արտակարգ եւ անորոշ պայմաններուն, մարդ արարածը միշտ ալ միջոց մը գտնելով կը պայքարի, կը տոկայ եւ կը գոյատեւէ: Ապա ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ կը պայքարի ո՛չ միայն իր լեզուն, պատմութիւնը եւ հողերը պահելու, այլ կը պայքարի նաեւ պահելու իր մշակութային բոլոր արժէքները, գիրն ու գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, պարարուեստը եւ թատրոնը` աւելցնելով, որ Համազգայինը այդ ամբողջութիւնն է, այդ դպրոցն է, որուն դերակատարութիւնը մեծ է հայ ինքնութեան պահպանման մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` Եագուպեան ըսաւ, որ այսօր Համազգայինը կը բաղկանայ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներ յաճախող աւելի քան 700 պատանիներէ եւ երիտասարդներէ, 65 ուսուցիչներէ եւ գեղարուեստի ղեկավարներէ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 վարչական ընկերներէ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ ծնողքին դերակատարութեան` իր զաւակը ուղղելու դպրոցները:
Մարիա Եագուպեան այնուհետեւ յայտնեց, որ վերամուտի սեմին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, խառն ժողովներ գումարելէ ետք կու գան ըսելու, որ հակառակ տնտեսական տագնապին ու սղաճին, Գեղարուեստի դպրոցներու սակերը կը մնան մատչելի եւ սերտուած` տրամադրելով միշտ բարձր մակարդակի ուսում: Այս տարեշրջանին, յատուկ պարագաներու կրթանպաստ յատկացնելու կողքին, Շրջանային վարչութիւնը նաեւ կը ձեռնարկէ «Սան որդեգրելու» ծրագիր մը` յուսալով, որ այս ձեռնարկներուն ընդմէջէն, կը բազմապատկուի մշակոյթի ժառանգորդներուն թիւը:
Ապա, խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ այսօր Արցախ եւ Հայաստան ընկճուած են, տնտեսական համաշխարհային տագնապը իր սարսափելի դէմքը շպարելու ունակութիւնը տակաւին բոլորովին չէ կորսնցուցած, Լիբանանի տնտեսական ու կառավարական տագնապները դիմափոխուելով պարբերաբար կը վերանորոգուին, համավարակը մերթ այսպէս ու մերթ այնպէս միշտ ներկայ է, իսկ միւսը` ապահովական բախումի կայծը փողոցի անկիւնը դարանակալ կը սպասէ: Շարունակելով իր խօսքը` Մկրտիչեան ըսաւ. «Բայց գիտենք, թէ համազգայնականը ինչպէ՛ս պիտի վերաբերի այս դժուար կացութեան հետ, որ ահա աւելի քան երկամեակ մը ծառացած է մեր դիմաց` մեզ զրկելով մեր միջոցներէն, մեր ունկնդիրներէն, մեր հանդիսատեսներէն, մեր զանազան հանդիպումներէն, մեր աշակերտներու կանոնաւոր ներկայութենէն եւ, աւա՜ղ, մեր որոշ թիւով ընկերներու կամ բարեկամներու ներկայութենէն, յաճախ` յաւիտեանս»: Մկրտիչ Մկրտիչեան աւելցուց, որ համայնքը պէտք է յարմարի իրերու պարտադրած նոր կացութեան, որովհետեւ Լիբանանի հայ գաղութը, հակառակ իր անխուսափելի նօսրացման, կը պահէ եւ պիտի պահէ իր կարեւորութիւնը, հակառակ ոմանց յոռի նախատեսութիւններուն: Լիբանանը կը պահէ իր համահայկական կարեւորութիւնը, անկախ` իր բաղադրիչներու թուաքանակէն:
Այնուհետեւ, երեկոն շարունակուեցաւ աշուղական երգերու մեկնաբան Գարմէն Աճէմեանի մատուցած ազգագրական եւ հայրենասիրական ճոխ երգերով` ընկերակցութեամբ ներկաներուն, որոնք նաեւ հերթաբար իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին եւ իրարմէ բաժնուեցան ոգեւորուած եւ յոյսով ու հաւատքով, որ յառաջիկայ տարիներուն, հակառակ յամեցող դժուարութիւններուն, մշակութային ոլորտին մէջ աւելի բեղմնաւոր գործունէութիւն կը ծաւալի: