Լիբանանահայ Պատանիները Խոստում Տուին
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան տօնակատարութեան օրը, երբ դաշնակցական պատանին բեմ կը բարձրանայ` տալու իր պատանեկան խոստումը, մեր բոլորին դիմաց կ՛արտացոլայ վաղուան գաղափարական նոր լոյսը: Կրկնակի արժէք կը ստանայ այս խոստման արարողութիւնը` պատանիին սրտին ու հոգիին մէջ, երբ իր դիմաց կը տեսնէ իրմէ երէց ընկերներու վստահութեան հայեացքը` ուղղած իրենց, եւ դաշնակցականի բարձր գիտակցութեամբ այս արժէքն ու վստահութիւնը պատանին կը վերածէ պատասխանատուութեան...




















