Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքին Մէջ Արցախի Նուիրուած Դասախօսութիւն

December 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտուն դպրեվանքի մեծ ընտանիքը ուրախութիւնը ունեցաւ հիւրընկալելու հայրենիքէն ժամանած պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ փորոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեանը` «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս, որ դասախօսեց Արցախի եւ անոր ժողովուրդի պատմութեան մասին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրեվանքի սաներէն Սերժ Քիւշերեանը (Բ. Ընծայարան), որ պատմաբան Ստեփանեանին կենսագրականը ամփոփ ձեւով ներկայացուց` յիշելով անոր երկարամեայ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքները: Բացման խօսքէն ետք դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Երեմեայ աբղ. Տեկիրմենճեանին, հանդէս եկաւ փունջ մը ազգային երգերով` վառ պահելու համար Արցախի հերոս նահատակներուն յիշատակը:

Ապա օրուան դասախօս պատմաբանը բեմ բարձրացաւ եւ ընդարձակ կերպով անդրադարձաւ Արցախի պատմութեան, քաղաքականութեան եւ աշխարհագրութեան մասին: Ան իր դասախօսութեան ընթացքին իր համոզումը յայտնեց, որ Արցախի ազատագրական պայքարին ներշնչումն ու ռազմավարութիւնը եղած է Շուշիի ազատագրումը: Ան ըսաւ. «Եթէ կ՛ուզենք Արցախը անգամ մը եւս տեսնել ազատագրուած եւ անկախ, պէտք է նախ եւ առաջ Շուշին ազատագրել, այնպէս, ինչպէս Արցախի առաջին ազատգրական պայքարին տեղի ունեցաւ: Շուշին հայկական է եւ միշտ այդպիսին պիտի մնայ»:

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է դպրեվանքին եւ դպրեվանեցիին դերը Արցախի արդար պայքարի առաքելութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ դպրեվանեցին ընելիք ունի Արցախը եւ անոր ազատութիւնը ապահովելու մեծ նպատակին մէջ` նախ եւ առաջ ժողովուրդին մէջ անգամ մը եւս յաղթութեան եւ արժանապատուութեան ոգին վերակենդանացնելով: Տեսուչ հայր սուրբը վստահեցուց դպրեվանեցիները, որ իսկական պայքարը կը սկսի նախ հոգիին մէջ, եւ ապա` մարտի դաշտին վրայ:

Ի վերջոյ, տեսուչ հայր սուրբը յուշանուէրով մը եւ դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը նուիրելով` շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց օրուան դասախօսին:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակին Ողջունելի Քայլը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.