Տեղի Ունեցաւ Տիգրանակերտի Հայրենակցական
Միութեան Ընդհանուր Ժողովը
Շաբաթ, 4 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան Անդամական ընդհանուր ժողովը, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ:
Ժողովին, միութեան ընթացաւարտ վարչութիւնը ներկայացուց իր երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, որ, յետ քննարկումին, արժանացաւ ժողովականներու դրական գնահատականին:
Անդամական ժողովը ընտրեց նոր վարչութիւն` երկամեայ շրջանի մը համար: Յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուեցան:
Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան վարչութեան նորընտիր անդամներն են`
Կրեկուար Գալուստ (ատենապետ)
Սոնա Մայպալեան-Մելքոնեան (փոխատենապետ)
Սեդա Սմսարեան Գարաքըլեան (ատենադպրուհի)
Միհրան Նաճարեան (հաշուապահ)
Մարալ Շատոյեան (գանձապահ)
Րաֆֆի Իսահակեան
Մարիա Շատոյեան
Նորա Օհաննէսեան-Կէօզիւկիւչիւքեան
Շարլի Գալուստ
Պէյրութ, Լիբանան
11 դեկտեմբեր 2021


