Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան տօնակատարութեան օրը, երբ դաշնակցական պատանին բեմ կը բարձրանայ` տալու իր պատանեկան խոստումը, մեր բոլորին դիմաց կ՛արտացոլայ վաղուան գաղափարական նոր լոյսը: Կրկնակի արժէք կը ստանայ այս խոստման արարողութիւնը` պատանիին սրտին ու հոգիին մէջ, երբ իր դիմաց կը տեսնէ իրմէ երէց ընկերներու վստահութեան հայեացքը` ուղղած իրենց, եւ դաշնակցականի բարձր գիտակցութեամբ այս արժէքն ու վստահութիւնը պատանին կը վերածէ պատասխանատուութեան գիտակցութեան:
Պատասխանատուութիւն` դառնալու լիարժէք հայ, ընկերասէր պատանի, գաղափարական ու ամէն օր աւելի դաշնակցական:
Այսպէս, ուրբաթ, 10 դեկտեմբերին, ՀՅԴ 131-ամեակի տօնակատարութեան աւարտին, բեմ բարձրացան 84 պատանիներ եւ տուին իրենց դաշնակցական պատանիի խոստումը: Խոստման արարողութեան կնքահայրն էր ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկար տարիներու վաստակաշատ դաստիարակ Սեզար Զարմէնեանը, որ իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն` ըսաւ «Դուք պիտի հնարէք նոր զէնքը, որպէսզի վերականգնին մեր արժէքները, վերականգնի հայրենիքը» եւ իր ելոյթը եզրափակեց` պատանիները կոչելով «Նիկոլ Դուման» սերունդ: