Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2021-ին, ամբողջ օրուան տեւողութեամբ, կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կրօնական Ժողովի ատենապետութիւնը վարեցին Օշական եւ Նարեկ արքեպիսկոպոսները:
Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար քննարկուեցան դպրեվանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց, ծիսական բարեկարգութեան, Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի, քահանայից պատրաստութեան առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ զեկուցումներ տրուեցան վերանորոգուած թանգարանին, մատենադարանին, ձեռագրատան ու հնատիպներու բաժանմունքներուն մասին: «Թռչնոց Բոյն»-ի ու տեղեկատուականի բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը, այլ բաժանմունքներու պատասխանատուներու կողքին, զեկուցումներ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին: Երիտասարդութեան եւ ծիսական բարեկարգութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները յատուկ տեղ գրաւեցին ժողովի ընթացքին: Ժողովականները առիթ ունեցան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու բոլոր քննարկումներուն: Կարգ մը ծրագիրներու գծով առնուեցան համապատասխան որոշումներ եւ նշանակուեցան այդ որոշումները գործադրութեան ընթացքի մէջ դնելու կոչուած յանձնախումբեր: Շեշտուեցաւ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ գործակցութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած լուրջ աշխատանքներուն գծով` թէ՛ կաթողիկոսարանի բաժանմունքներուն եւ թէ՛ թեմերուն կողմէ, հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեր միաբանութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքները ժողովուրդին տանելու առաքելութիւնը` զանազան ծրագիրներու մշակումով: Վեհափառ հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, եւ թելադրեց թեմերուն առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ եկեղեցւոյ առաքելութեան յիշեալ մարզերուն: