Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վերաբերեալ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ «Յանուն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու իսկական բնականոնացման» խորագիրը կրող հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Օգոստոս 2021-էն սկսեալ, կովկասեան քաղաքական բարձրաստիճան հանդիպումներուն հիմնական առանցքը սկսած է կազմել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի մը ձեւաւորումը, որ վերջին շաբաթներուն իր վրայ կեդրոնացուց միջազգային եւ շրջանային մամլոյ լուսարձակները, երբ մէկ կողմէ...

Ամանորի Տօնավաճառ.  «Լէյլաւանը Իսկական Հայկական Ընտանեկան Միջավայր Է, Ուր Հայորդիները Կ՛ապրին Քրիստոնէական Հաւատքով Եւ Հայկական Արժէքներով» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ամանորի Տօնավաճառ. «Լէյլաւանը Իսկական Հայկական Ընտանեկան Միջավայր Է, Ուր Հայորդիները Կ՛ապրին Քրիստոնէական Հաւատքով Եւ Հայկական Արժէքներով» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հռիսփիմէ-Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, 25 եւ 26 դեկտեմբեր 2021-ին Լէյլաւանի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի տօնավաճառ: Այս առիթով, շաբաթ, 25 դեկտեմբերին, ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ տօնավաճառին բացման հանդիսութիւնը, որուն, լէյլաւանցիներուն կողքին, ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի...

Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանատան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Անթիլիաս

Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանատան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Անթիլիաս

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչին, մշակոյթի կցորդին եւ տեղեկատուական բաժնի տնօրէնին: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութեանց եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջ-կրօնական...

Բագրատունի Ընդունեց Դեղագործներու  Սենտիքայի Նախագահը

Բագրատունի Ընդունեց Դեղագործներու Սենտիքայի Նախագահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ ընդունեց Դեղագործներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ճօ Սալլումը, որուն հետ քննարկեց սենտիքայի աշխատանքները ընդհանրապէս, դեղագործներու դժուարութիւնները եւ յատկապէս դեղերու գտանելիութեան եւ սակերու խնդիրը: Շեշտը դրուեցաւ դեղերու արտադրութեան լիբանանեան գործարաններու աշխատանքները զարգացնելու եւ առաւելագոյն չափով դեղերը մատչելի դարձնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ սենտիքաներու աշխատանքները քաղաքական երկփեղկումներէ եւ ուղղուածութիւններէ հեռու պահելու...

Ֆանարի Ակումբին Մէջ.  Մանուկներու Առողջ Սննդականոնի  Մասին Շահեկան Զրոյց

Ֆանարի Ակումբին Մէջ. Մանուկներու Առողջ Սննդականոնի Մասին Շահեկան Զրոյց

Ամսական մտերմիկ զրոյցներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 17 դեկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ մտերմիկ զրոյցը, որուն նիւթն էր «Մանուկներու առողջ սննդականոնը»: Հանդիպումի զեկուցաբեր սննդագէտ Նանի Գալուստեան կարեւոր նկատեց մանուկներու ճիշդ սննդականոնի անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ապագային, երբ մեծնան, զերծ մնան զանազան հաւանական հիւանդութիւններէ: Ան ըսաւ, որ առաւօտեան նախաճաշը կարեւոր դեր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին  Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան եկած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիի եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանի համար, եւ թէ ինք եկած է...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 125.000 եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն: Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկիզբը դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (թապլեթներ) եւ 50 համակարգիչներու նուիրատուութեան: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կիւլպէնկեանի Հայկական բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն: Վերջին տարիներուն, բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է` իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքին մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»  Շքանշանով Պարգեւատրեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը

Կիրակի, 19 դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համահայկական առաքելութիւնը:...

Հանդիսաւոր Նշում Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ  Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին

Հանդիսաւոր Նշում Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 19 դեկտեմբերին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, թէ անկասկած հայ եկեղեցւոյ դաւանած ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մէկն է Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը, որ ծագումով ասորի ըլլալով հանդերձ ազգականական կապով շատ մօտ է մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր...

Համազգային «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահ.  «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական  Ցուցահանդէսի Առցանց Բացում

Համազգային «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Առցանց Բացում

Հինգշաբթի, 16 դեկտեմբեր  2021-ին, առցանց բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած «Նոր տարի, նոր յոյս» նիւթով հաւաքական ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտերկրէն 120 վաստակաշատ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներ: Համազգայինի ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով կայանալիք ցուցահանդէսին, որ օրին յետաձգուած էր Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, ցուցասրահին հետ գործակցած արուեստագէտները իւրաքանչիւրը մէկ արուեստի գործ նուիրելով...

Մամլոյ Առցանց Լսարան.   «Թուային Արհեստագիտութիւնը Անհրաժեշտ Է Ներառնել Դասաւանդման Ծրագիրներուն Մէջ». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

Մամլոյ Առցանց Լսարան. «Թուային Արհեստագիտութիւնը Անհրաժեշտ Է Ներառնել Դասաւանդման Ծրագիրներուն Մէջ». Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան

«Ազդակ»-ի 41-րդ առցանց լսարանը, այս տարուան վերջինը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան: Լսարանը յատկացուած էր կրթական եւ լեզուական հարցերու, դասախօս` Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօս, լեզուագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին, նիւթ` Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման  նոր ուղղութիւններու խնդիրը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ իրաւամբ իր հիասթափութիւնը փոխանցեց, որ զանազան հարթակներու վրայ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Այնճար Այցելեցին

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին Այնճար այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ  Բիւրոյի  անդամներ` Յակոբ Խաչերեանը, Արսէն Համբարձումեանը եւ Րաֆֆի Տօնապետեանը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներուն եւ Այնճարի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելեցին Այնճարի տարբեր վայրեր: Նախ այցելեցին քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, ապա` Մուսա Լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան, որմէ ետք` Այնճարի...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն Պատուիրակութիւն Մը Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն (ԵՀԽ) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գարլա Խիժոյեան, դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլենի Ռեպելէ: Գարլա Խիժոյեանը կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խորհուրդին մէջ եւ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն: Իսկ դոկտ. Աբրահամ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր` շրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրին մէջ:

Պաշտօնական Բացում Եւ Օրհնութիւն` Այնճարի Գերեզմանատան Վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս Մատրան

Պաշտօնական Բացում Եւ Օրհնութիւն` Այնճարի Գերեզմանատան Վերանորոգեալ Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս Մատրան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քոյր համայնքներու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, գերեզմանատան մատրան վերանորոգութեան բարերար ու նախկին պետական  նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն, Այնճարի հոգեւոր հովիւ  Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան մատուցեց ս. պատարագ` Այնճարի գերեզմանատան Ս. Եղիա-Ս. Թովմաս մատրան պաշտօնական բացման առիթով, իսկ...

Սրբապատկերներու Օծում` Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Սրբապատկերներու Օծում` Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2021-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագ մատուցեց, քարոզեց եւ սրբապատկերներու օծումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանը: Օծման արարողութեան մասնակցեցան Վարուժան արք. Հերկելեանն ու հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը: Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները պատկերած ու նուիրած էր հայր Յովսէփ Աշգարեանը....

Լէյլաւանի Տօնածառի Լուսաւորում Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր

Լէյլաւանի Տօնածառի Լուսաւորում Եւ Գեղարուեստական Յայտագիր

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ը Լէյլաւանի համար տօնական օր էր: Շրջանի հայորդիները, ի մասնաւորի փոքրիկները, համախմբուած էին Լէյլաւանի տօնածառին շուրջը` մասնակցելու լուսաւորման արարողութեան եւ գեղարուեստական յայտագիրին: Տօնածառը լուսաւորելէ ետք, Լէյլաւանի վարչութեան անունով խօսք առաւ Սիլվա Տեկիրմենճեանը, որ ըսաւ. «Լոյսը յոյս է, լոյսը շունչ ու ոգի է: Լոյսով կը միանանք, լոյսով կ՛ոգեւորուինք: Լոյսը մութի դէմ պայքարող միակ զէնքն է»: Ան նշեց, որ...

Ծանուցողական. «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Առողջապահական Ծրագիր

Ծանուցողական. «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Առողջապահական Ծրագիր

«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը` հաւատարիմ մնալով  հարիւրամեայ հաստատութեանս հիմնական նպատակներուն, տնօրէնութիւնը կը ջանայ ամէն գնով բժշկական խնամքը հասանելի դարձնել անխտիր բոլորին: Արդարեւ, «Գարակէօզեան»-ի մէջ կը մատուցենք բժշկական մասնագիտական ծառայութիւններ, տարրալուծարանային քննութիւններ, դեղեր, մտային եւ հոգեբանական մասնագիտական ծառայութիւններ, ընկերային ծառայութիւն, բժշկական կազմի առաքում` վարժարաններ, ինչպէս նաեւ տարեց հիւանդներու եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու  բնակարաններ: 2021 տարեշրջանին 10 ամսուան ընթացքին հաստատութիւնս կրցաւ իր ծառայողական ձեռքը...

Հաղորդագրութիւն.  Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան Կը Հռչակուի Հայ Աւետարանական Քոլեճի Պատուակալ Տնօրէն

Բարերար Ռաֆֆի Մանուկեան 25.976 Ամ. Տոլար Նուիրեց Հայ Աւետարանական Գոլէճի Անձնակազմին

Հայ աւետարանական գոլէճը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ դպրոցի երկարամեայ նախկին աշակերտներէն բարերար տիար Ռաֆֆի Մանուկեան 25.976 կանխիկ ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց դպրոցի անձնակազմի կարիքներուն հասնելու` Լիբանանի տնտեսական տագնապի այս ծանր շրջանին: Մեծապէս կը գնահատենք մեծարգոյ բարերարին այս ազնուական ժեսթը եւ իր հարազատ դպրոցին նկատմամբ շարունակական եւ դրական հոգածութիւնն ու կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնները: ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ  

Page 124 of 365 1 … 123 124 125 … 365

Արխիւներ