Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Դեկտեմբեր 4, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը ունեցաւ իր լիակատար հանդիպումը: Կրօնական ժողովին յաջորդող յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Հանդիպումին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:

Վեհափառ հայրապետը ժողովին բացումը կատարելով ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց անցնող ամիսներուն կաթողիկոսարանի գործունէութեան` վարչական, տնտեսական, յարաբերական, շինարարական եւ այլ երեսներուն: Ան շեշտեց, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, կաթողիկոսարանը իր համազգային առաքելութիւնը շարունակեց:

Լայն քննարկումի նիւթ դարձան կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած Ֆանարի ժողովրդային տուներու, Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններու, կարիքաւորներու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած նիւթական ներդրումները: Յիշեալ եւ այլ ծրագիրներ առանցքային տեղ գրաւեցին կաթողիկոսարանի առաքելութեան մէջ: Ժողովականները գնահատանքով անդրադարձան վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ թէ՛ կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ բարերարներու ներդրումով ընկերային ծառայութեան մարզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն: Զեկուցում տրուեցաւ կաթողիկոսարանի տնտեսական ընդհանուր կացութեան մասին, ուր պարզուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական եւ դրամատնային տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է կաթողիկոսարանին տնտեսական կացութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսութեան թեմերու ու բարերարներու օժանդակութիւնը կարեւոր նկատուեցաւ: Վեհափառ հայրապետը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ զուիցերիաբնակ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի կողմէ կաթողիկոսարանին միջոցով Լիբանանի հայութեան կատարուած օժանդակութեանց, յատկապէս ընկերաբժշկական բնագաւառին մէջ:

Իր օրակարգի երկրորդ բաժինին մէջ ժողովը հանդիպումներ ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի, Ազգային բուժարանի, Ազգային ծերանոցի, Հայագիտական կեդրոնի, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի եւ յարակից այլ կառոյցներու տնօրէններուն ու խնամակալներուն հետ: Ժողովը լսեց անոնց զեկուցումները, իր գնահատանքը յայտնեց եւ միաժամանակ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց: Ապա, քննարկուեցան թեմերու առնչուած շարք մը հարցեր:

Յիշեալ հանդիպումներուն պիտի յաջորդեն, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներուն խառն նիստերը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Հրաժարելով Տեղեկատուութեան Նախարարի Պաշտօնէն` Քըրտահի. «Հայրենիքս Գերիվեր Է, Քան Ընտանիքս Եւ Անձնական Կեանքս»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?