Շաբաթ, 27 նոյեմբեր 2021-ին Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու խաղաղապահ ջոկատի հրամանատար զօրավար-հազարապետ Արտակ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ընկերակցութեամբ:
Ողջունելով հայ սպաները` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին` շեշտելով, որ մեր ժողովուրդի միասնականութեան ու հզօրութեան, հայրենիքի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան երաշխիքը հայոց բանակն է: Կաթողիկոսը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:
Յայտնենք, որ Հայաստանի բանակի սպաները կարճ այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուին` հանդիպում ունենալու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատին հետ: