Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան. «Արեւմտահայերէնը Եւս Պետական Լեզու Է. Սակայն Այս Ուղղութեամբ Հայրենիքի Մէջ Տարուող Աշխատանքները Անբաւարար Են» Փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան

December 8, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»ի 41-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամով 19:00-ին: Դասախօսեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի Հռաչեայ Աճառեանի անուան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան, նիւթ ունենալով «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի հանրապետութեան մէջ. գրական երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրները»:

Դասախօսը նախ պատմական ակնարկ կատարեց` վերլուծելով երկու գրական ճիւղերու կայացման պատճառականութիւնը, շեշտելով միասնական պետութեան երկարատեւ բացակայութեան երեւոյթը:

Ներկայացնելով լեզուի բազմաբարբառային պատկերը` ան բացատրեց բարբառային բաշխումի ուղղութիւնները: Դիտել տուաւ, որ այսօր Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ կը խօսուի արեւմտահայերէնի 5 բարբառ: Հանգամանօրէն ընդգծելով արեւմտահայերէնի հզօրութիւնն ու գերակայութիւնը, ան  փուլերով խօսեցաւ արեւմտահայ աշխարհաբառի ձեւաւորման գործընթացին մասին: Իբրեւ գործօն` ան յիշեց դպրոցները, լրագրութիւնը, թատրոնը, երգերն ու օտար լեզուներէ վէպերու թարգմանական աշխատանքը:

Փրոֆ. Կատուալեան բացատրութիւններ տուաւ օրուան գրապայքարի, քերականական համակարգի ստեղծման  եւ այդ բոլորին կրած ազդեցութիւններուն մասին:

Ապա ան ներկայացուց գրական լեզուի երկփեղկման խնդիրները եւ ամէնէն անուանի լեզուաբաններու մօտեցումները այդ երեւոյթներուն նկատմամբ: Դասախօսը շեշտեց, որ լեզուագէտ հեղինակութիւններու համար (տալով օրինակներ) խնդիրը մասնիկաւորման չի վերաբերիր, կամ տարբերակային չէ այնքան, որքան` հոգեբանական եւ մտածողական:

Ուղղախօսութեան եւ ուղղագրութեան խնդիրները առանցքային մաս էին դասախօսութեան: Այս ծիրին մէջ փրոֆ. Կատուալեան հաստատեց, որ աբեղեանական ուղղագրութիւնը խեղուած ուղղագրութիւն է եւ թելադրուած ազգի միասնականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու քաղաքական որոշումէ:

Այսօր, ըստ Սահմանադրութեան, հայերէնը պետական լեզու է. կան նաեւ յարակից լեզուի օրէնքներ, որոնք այս իրաւադրոյթը ներառած են: Սակայն հայրենիքի մէջ այսօր արեւմտահայերէնի պահպանման առումով տարուող աշխատանքները անբաւարար են (հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հաղորդում). զուգահեռ ակադեմական, համալսարանական եւ դպրոցական ծրագիրներու համապատասխան ներառում: Այս պարունակին մէջ դասախօսը կանգ առաւ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով ստեղծուած ԵՊՀ-ի Սփիւռքագիտութեան ամպիոնին, Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի  կապուած «Սփիւռք» գիտակրթական հիմնարկին եւ ուսուցիչներու  վերապատրաստման զանազան ծրագիրներու վրայ:

Իսկ սփիւռքի մէջ տարուող աշխատանքներէն ան յիշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդը, որուն աշխատանքներուն ինք եւս մասնակցած է, եւ որոնք, սակայն, առկախուած են երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ համավարակի պատճառներով:

Այս բոլոր աշխատանքային գործընթացներու ներկայացումէն ետք դասախօսը եզրակացուց, որ խնդիրը ոչ թէ լեզու երկու գրական ճիւղերու մերձեցման հարց է, այլ 2 համակարգերու միասնութեան:

Մասնագիտական, այդուհանդերձ գիտամատչելիութեամբ յատկանշուած խիստ շահեկան դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Առանց Յառաջաբանի

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.