Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգամ Մը Եւս… Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Մասնակցութիւնը` «Պէյրութ Չենց» Փառատօնին

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի ծննդեան համերգներէն մէկը` վերնագրուած «Արմինիըն քորտըզ», կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ օրդ. Յասմիկ Գասպարեանի:

Համերգին ներկայ էին Լիբանանէն ու տարբեր երկիրներէ ժամանած անձնաւորութիւններ, դեսպանութեանց ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ,  Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գեղարուեստի ղեկավարներ, համազգայնականներ, երաժշտասէրներ եւ «Գուսան»-ի բարեկամներ:

Իւրայատուկ այս համերգը կը բաղկանար երեք մասերէ.

առաջին բաժինը ըլլալով ազգային նուագարանական` սրինգի, շուիի եւ տուտուկի փունջ մը հայկական դասական եւ ժողովրդային մեղեդիներով հանդէս եկաւ Գէորգ Քէշիշեան, Արէն Տօներեանի դաշնամուրի  ընկերակցութեամբ.

երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ սոփրանօ եւ «Գուսան» երգչախումբի անդամ Շողիկ Թորոսեան, որ փունջ մը դասական երգերով գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծեց.

երրորդ մասին սկիզբը «Գուսան» երգչախումբի արական անդամներուն կողմէ  կատարուեցան «Խորհուրդ Մեծ»-ն ու «Այսօր Տօնն է»` ըստ հայ կաթողիկէ աւանդական եղանակին, որուն յաջորդեց երգչախումբի ամբողջական կազմին կողմէ շարք մը երգերու բազմաձայն երգեցողութիւն, ինչպէս` Եկմալեանի  Ս. պատարագէն բաժիններ, ասորերէն շարական մը, Կաղանդի առթիւ անգլերէն երգեր, եւ «Հայրենի սէր» երգը :

«Գուսան» երգչախումբը հմայեց ժողովուրդը` գրաւելով նաեւ օտար ներկաներուն ուշադրութիւնը` հայկական երգեցողութեան եւ երգչախմբային կատարումին:

«Գուսան» երգչախումբի անդամ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան մէջ «Գուսան»-ի ներկայացուցիչ Կարէն Եոսուլքանեան, երգչախումբի ղեկավարին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ` Համազգայինի շնորհակալութիւնն ու երախտիքը յայտնելով «Պէյրութ չենց» փառատօնի հիմնադիր` Միշլին Ապի Սամրային, զայն սեպելով Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամ` նկատի առնելով, որ ան Համազգայինի երգչախումբը միշտ ներառած է սոյն փառատօնի համերգներուն: Եոսուլքանեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Նիւ. Թի. Վի. կայանի Տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որ այս համերգի նկարահանումը կատարեցին: Ան խօսքը աւարտեց տօնական բարեմաղթութիւններով:

Նկատի առնելով, որ մուտքի տոմսերու պահանջքը մեծ էր,  «Գուսան» երգչախումբի Դիմատետրին էջէն եւ փառատօնի «Ինսթակրամ»-էն ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ ամբողջ յայտագիրը` առիթ ընծայելու նաեւ Համազգայինի բոլոր բարեկամներուն հետեւելու այս իւրայատուկ համերգին:

Վարձքը կատար Մայեսթրոյին եւ դաշնակահարին. Ձայնը անսպառ «Գուսան» երգչախումբի բոլոր անդամներուն:

Յայտնենք, թէ դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներուն Ծննդեան եւ Կաղանդի օրերուն զանազան համերգներով եւ ելոյթներով հանդէս պիտի գայ «Գուսան» երգչախումբը. հետեւեցէ՛ք Դիմատետրի, «Ինսթակրամ»-ի եւ «Եութիուպ»ի Kousan Chamber Choir էջերուն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

«Փոքրիկ»-ը Հեքիաթահաւաք Կը Կազմակերպէ. Խուզարկեցէ՛ք Ձեր Գրպանները Հրամեցէ՛ք Հեքիաթահաւաքին

Յաջորդը

Բերքահաւաք

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?