Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներու Միացեալ Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Դեկտեմբեր 6, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք, ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, յիշեալ ժողովները միացեալ հանդիպում ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին կարգ մը թեմերու առաջնորդները: Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն, նման միացեալ հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն կաթողիկոսութեան, հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանին, Արցախին եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին առնչուած ընդհանրական հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով պարզեց մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. յաջորդաբար զեկուցումներ ներկայացուցին իրենց թեմերուն մասին: Զեկուցումները ներառեցին կրօնական, վարչական, տնտեսական եւ յարաբերական աշխատանքներ ու հարցեր: Ապա, առաջնորդ սրբազան հայրերը ժողովականներու հարցումներուն պատասխանեցին: Վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց, թէ սփիւռքի յիշեալ մայր գաղութներուն զօրակցութիւնը հրամայական է: Ան իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին օժանդակող կառոյցներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն եւ վստահեցուց, որ յիշեալ գաղութներուն վերականգնումը պիտի շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար:

Նկատի ունենալով, որ կարգ մը թեմեր թեմական կանոնագրային որոշ յօդուածներու փոփոխութիւններ առաջարկած էին, վեհափառ հայրապետը թելադրեց, որ բոլոր թեմերը իրենց փորձառութեան լոյսին տակ ճշդեն կանոնագրութեանց մէջ վերատեսութեան կարօտ բաժինները, որպէսզի Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը եւ յառաջիկային գումարուելիք Ազգային ընդհանուր ժողովը անհրաժեշտ քննարկումն ու վաւերացումը կատարեն:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, իբրեւ անդամ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական յանձնախումբին, զեկուցեց դատի ներկայ փուլին մասին: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին այս գծով կարեւոր է մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցել, որովհետեւ յիշեալ դատը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատն է:

Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան զեկուցում ներկայացուց կաթողիկոսութեան կողմէ Արցախի մէջ կառուցուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղին մասին: Ան յայտնեց, որ գիւղը Արցախի եւ Ազրպէյճանի բաժանման գիծին վրայ կը գտնուի` մաս կազմելով Արցախի ներկայ տարածքին: Հարցումներուն պատասխանելով` ան տեղեակ պահեց ժողովը, որ գիւղը կը կարօտի որոշ օժանդակութեան: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է, որ այս գծով մեր ստանձնած յանձնառութիւնը շարունակուի` խորհրդակցաբար Արցախի իշխանութեան հետ:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նուիրապետական աթոռներու գործակցութեան` ընդգծելով անոր հրամայական անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մղիչ ուժը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսաւորման: Ան յիշեցուց, թէ նուիրապետական աթոռները տարբեր պայմաններու մէջ կ՛ապրին, տարբեր դրուածքներ ունին ու տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, սակայն այս բոլորէն վեր` մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հաւաքական արժէքներուն ու իտէալներուն ամուր կապուածութիւնը հիմքն է մեր եկեղեցւոյ ներքին միասնականութեան եւ անոր հոգեւոր ու  ազգային առաքելութեան:

Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան եւ այդ ծիրին մէջ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան: Ժողովը շեշտեց, թէ մեր հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանի պետութեան, անոր անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պէտք է մնան ամուր ու ներհայաստանեան խնդիրներէն վեր: Մեր ազգի կեանքին ներկայ ճակատագրական փուլը պէտք  է բոլորս մղէ մէկդի դնելու բաժանարար մօտեցումները եւ մեր հայրենիքին հզօրացման նպաստող աշխատանքները պէտք է դառնան միացուցիչ շաղախը մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կաթողիկոսարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն գլխաւոր երեսները: Այս շրջագիծին մէջ ան յիշեց.- առաջին` մինչեւ 1972 թուականը երկարող Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան պատրաստութիւնը պիտի շարունակուի. երկրորդ` պատրաստութեան ընթացքի մէջ է կաթողիկոսարանի հնատիպներու ու ձեռագիրներու ամբողջացումը եւ ապա հրատարակութիւնը. եւ երրորդ` կը ծրագրուի «Կիլիկիա» եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարաններուն յատուկ առանձին լայնածաւալ քաթալոկներ պատրաստել: Այս ծրագիրները կը կարօտին լուրջ աշխատանքի, որուն անմիջապէս պիտի ձեռնարկենք, ինչպէս նաեւ` մեկենասներու, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Հայր Յովակիմը ներկայացուց վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը: Ան ըսաւ, որ 2020 թուականը վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակն էր, սակայն թէ՛ վեհափառ հայրապետին փափաքին ընդառաջելով եւ թէ՛ ներկայ պայմանները նկատի ունենալով հրապարակային ձեռնարկները ջնջուեցան: Սակայն, այս կարեւոր առիթով շուտով երկու հատորներ լոյս պիտի տեսնեն` վեհափառ հայրապետին գահակալութիւնը արժեւորող յօդուածներ ներառող շուրջ 600 էջերէ բաղկացած հատոր մը եւ երկլեզուեան նկարազարդ քաթալոկ մը: Թեմակալ առաջնորդները առաջարկեցին, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ թեմերը` իր գահակալութիւնը նշելու եւ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելու համար: Վեհափառը ներկայ պայմաններուն մէջ յարմար չտեսաւ թէ՛ իր հովուապետական այցելութիւնը եւ թէ՛ իր գահակալութեան 25-ամեակի նշումը` յայտնելով, որ էականը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելն է:

Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց ժողովը, որ 2022 թուականը որոշած է հռչակել «Սփիւռքի տարի», եւ այս մասին իր հայրապետական պատգամը յունուար 2022-ին սկիզբը պիտի հրապարակուի: Ժողովականները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին այս իմաստուն որոշումին համար` շեշտելով սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ յառաջիկային այս ուղղութեամբ աւելի լայն բացատրութիւններ պիտի տրուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա, վեափառ հայրապետին առաջարկին ընդառաջելով ժողովը ճշդեց միւռոնօրհնէքի եւ Ազգային ընդհանուր ժողովի թուականները:

Իր փակման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ ու մեր ժողովուրդին զօրակցութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Օրուան Ընդառաջ

Յաջորդը

Ապիատ Հաստատեց, Որ Լիբանանի Մէջ Առողջապահական Վիճակը Վտանգաւոր Դարձած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?