Ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային տօնի 50-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակ յղեց երկրի նախագահ շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ Նահեանին:
Վեհափառ հայրապետը իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսած է, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայ գաղութը անբաժան մասը կը կազմէ երկրին ընկերութեան եւ իր կարեւոր նպաստը կը բերէ յատկապէս անոր տնտեսութեան զարգացման: