Երեք Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագիրին
Ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութիւնը, փորձառութիւններու փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութիւնը հրամայական դարձած են որեւէ ժամանակէ աւելի: Ազգեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ երկխօսութեան ու փոխյարաբերութեան ճամբով կը ծանօթանան զիրար, կը զարգանան մշակոյթներ, կը մշակուին յարաբերութիւններ եւ գործնապէս կ՛արտայայտուին լայնախոհութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը: Վերոյիշեալ տեսլականներու լոյսին տակ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յառաջացած աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը յարմար նկատած...




















