Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

June 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 յունիս 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս ս. պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի, սարկաւագական կարգ ստացան դպրեվանքի երեք ընծայարանականներէն` Երուանդ կիս. Եղիայեանը, Անդրանիկ կիս. Մինասեանը եւ Սերժ կիս. Քիւշէրեանը:

Ընծայեալներուն ծնկադիր ս. խորան բարձրանալէն ետք ձեռնադրիչ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացնելով` խնդրեց, որ Աստուած երկնային իմաստութեամբ օժտէ նորոգ ձեռնադրեալները, որպէսզի դառնան հաւատարիմ եւ ժրաջան ծառաները Հայ եկեղեցւոյ:

Ապա երգուեցաւ աշխարհէն հրաժարելու եւ ամբողջանուէր Տիրոջ նուիրուելու «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» հոգեպարար երգը, որմէ ետք ձեռնադրիչ սրբազանը ձեռնադրեալներուն շնորհեց Աւետարան կարդալու, ս. խորանին սպասարկելու եւ Տիրոջ ս. սեղանին խնկարկելու  իշխանութիւնը: Ձեռնադրութենէն ետք սրբազանը յաւուր պատշաճի յղեց օրուան պատգամը` առաջին հերթին շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետը, դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, ընծայեալներուն ծնողները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագութեան անխոնջ ու նուիրական ծառայութեան` ըսելով. «Դուք այսօր այս սրբազան խորանին վրայ Ս. Հոգւոյ շնորհքով սարկաւագութեան աստիճանին հրաւիրուեցաք ու Հայ եկեղեցւոյ սրբազան բեմին ծառայելու իշխանութիւնը ստացաք: Դուք այսօր Յիսուս Քրիստոսի վկաները դարձաք, ինչպէս եղան եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագները` գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին: Իմ սրտագին մաղթանքն է, որ Ս. Հոգին ձեզ մշտապէս լուսաւորէ, ձեր սրտերուն մէջ դրոշմէ Քրիստոսի սիրոյն կնիքը եւ ձեր մէջ բռնկեցնէ հաւատքի կրակը: Ձեր ստացած Ս. Հոգիի այս մկրտութեամբ դուք կը դառնաք ընտիր անօթները հաւատոյ եւ ծառայութեան ու ընտիր սպասաւորները` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին սրբազան առաքելութեան»: Եզրափակելով իր խրատական խօսքը` սրբազանը յայտնեց. «Սիրելի՛ սարկաւագներ, ձեր ձախ ուսերուն կրած ուրարները մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծի եւ խաչի խորհուրդի քաղցրագոյն խորհրդանիշն է: Այս սիրոյ քաղցր լուծով դուք օրհնուեցաք ու հրաւիրուեցաք խաչի սրբազան խորհուրդով եւ հաւատքի մշտական վերանորոգումով ս. սեղանի ծառայութեան»:

Ս. պատարագի աւարտին, շաբաթ մը առաջ կիսասարկաւագութեան եւ դպրութեան կարգ ստացած ձեռնադրեալներուն հետ միասին, նոր ընծայեալ սարկաւագները ձեռնադրիչ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր ստացան կաթողիկոսին հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը:

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Քարիթաս Միութեան Կազմակերպած «Բոլորին Տունը՝ Յոյս Լիբանանը» Համագումարին

Յաջորդը

Երեք Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագիրին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.