Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

June 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 18 յունիսին տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւն: Մատաղի բարերարն էր Նոէլ եւ Գարոլին Փամպուքեան ամոլը, իսկ կիրակի, 19 յունիսին մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ սուրբերու բարեխօսութեան, կամքին, ուժին եւ գիտակցութեան, նաեւ` անոնց հանդէպ մեր տածած հաւատքին մասին, նկատել տալով, որ սուրբերը մեր բարեխօսներն են Աստուծոյ քով եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն են մեր կեանքէն ներս, ու երբ մենք հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ խնդրենք իրենց, անոնք կը կատարեն մեր խնդրանքները: Ան լուսարձակի տակ առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելու տօնը` հաստատելով անոր կարեւորութիւնը եւ ունեցած դերակատարութիւնը մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին մէջ, որովհետեւ այլապէս թագաւորը պիտի չընդուներ քրիստոնէութիւնը, եւ պետական կրօն պիտի չհռչակուէր: Հայր սուրբը յայտնեց, որ այս տօնը շատ կարեւոր դեր ունի մեր կեանքին մէջ եւ զայն կապելով Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ` հաստատեց, որ յիշեալ եկեղեցին հոգեւորականներու ճամբով կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը, եւ այդ հոգեւորականները իրենց ծառայութեան ճամբով կը պահեն քրիստոնէութիւնը ու կը փոխանցեն ժողովուրդին:

Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան խօսեցաւ նաեւ ուխտի հասկացողութեան մասին` բացատրելով, որ ուխտը միայն խնդրանք չէ, այլ զայն պէտք է ապրիլ, անոր պէտք է հաւատալ, պէտք է վստահիլ Աստուծոյ, որ պիտի կատարէ զայն, շեշտելով, որ այս բոլորին համար հարկ է նախ հոգին եւ սիրտը մաքրել, որպէսզի ուխտը ծառայէ իր նպատակին եւ կատարուի:

Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը շնորհաւորեց բոլոր Գրիգոր անունը կրողները, մասնաւորաբար` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեանը, անոնց մաղթելով երջանկութիւն, յաջողութիւն եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքը, ուժը եւ նկարագիրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

«ՀՅԴ Ծրագրի Եւ Գաղափարաբանութեան Հարցեր» Նիւթով Խորհրդաժողով Փասատինայի Մէջ

Յաջորդը

Մայրերու Տօնը Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.