Համազգայինի Նորընտիր Կեդրոնական
Վարչութեան Ներկայացուցիչները
Շաբաթ, 18 յունիս 2022-ի առաւօտեան, Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ վեհափառ հօր հետ խորհրդակցելու հայ կրթութեան ու մշակոյթին առնչուող առկայ խնդիրներուն մասին, որոնց վրայ կեդրոնացած էր վերջերս Հայաստանի մէջ գումարուած Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը:
Վեհափառ հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց քաղաքատնտեսական այժմու դժուարին պայմաններուն մէջ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցին կատարած կարեւոր դերակատարութեան առիթով եւ յորդորեց, ի շարս կրթամշակութային այլաբնոյթ գործունէութիւններու, յատուկ աշխատանք տանիլ սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման համար: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներու իրագործման:
Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան
Շաբաթ, 18 յունիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան:
Վեր. Հայտոսթեան կաթողիկոսին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, ինք ստանձնած է յիշեալ պատասխանատուութիւնը մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, միաժամանակ շարունակելով միութեան Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետի իր պաշտօնը: Արամ Ա. իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց վեր. Գարակէօզեանի նուիրեալ ծառայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած սերտ գործակցութեան համար: Կաթողիկոսը նաեւ յոյս յայտնեց, որ նոյն գործակցութիւնը պիտի շարունակուի Աւետարանական եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ:
Ապա, վերապատուելին, իբրեւ նախագահ Հայկազեան համալսարանի, հայրապետին զեկուցեց անցնող տարեշրջանի համալսարանին կեանքին, իրագործումներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հունձքին մասին, ինչպէս նաեւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայկազեան համալսարանի ունեցած կրթական դերակատարութեան, մասնաւորաբար հայ աշակերտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կրթաթոշակի օժանդակութեան գծով: Ան յիշեցուց, որ` ազգային-կրթական հաստատութիւն ըլլալով, անհրաժեշտ է, որ համալսարանը մնայ Լիբանանի պատկերը արտայայտող միջհամայնքային գործակցութեան պերճախօս արտայայտութիւնը կրթական մարզին մէջ:
Այս առիթով վեր. Հայտոսթեան հրաւէր նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին` զինք հրաւիրելով յուլիս 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակի հանդիսութեան:
ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութիւնը
Չորեքշաբթի, 8 յունիս 2022-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նոր վարչութեան` առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Հայր սուրբը վեհափառին ներկայացուց նոր վարչութիւնն ու անոր յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրը: Ան յայտնեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն, համաճարակին եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապին իբրեւ հետեւանք ՀԵՀՈՄ-ի աշխատանքները որոշ դանդաղացում ունեցած էին, սակայն շուտով, վերանորոգ թափով ու նոր ծրագիրներու նախաձեռնութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին:
Ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ի նոր վարչութիւնը եւ ընդհանրապէս միութեան գործունէութիւնը` Արամ Ա. յայտնեց, որ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս եւ համալսարանական ուսանողները յատկապէս միշտ կը մնան իր սրտին մօտ եւ կը կազմեն իր հովուապետական առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: «Այս ուղղութեամբ պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը երիտասարդութեան ու համալսարանականներուն», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ ողջունեց յառաջիկայ ամիս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ կայանալիք միօրեայ երիտասարդական համագումարը` «Սփիւռքի տարի»-ի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ օգտակար հանդիսանալ ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը
Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին
Ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ի առաւօտուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազէն: Կաթողիկոսին հետ մնայուն կապի մէջ եղող դեսպանը նախ յայտնեց Վատիկանի ունեցած բարձր յարգանքը` վեհափառ հայրապետին նկատմամբ եւ փոխանցեց Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ողջոյնները: Ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք Վատիկանի կատարած աշխատանքները միջազգային համայնքին մէջ` Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու գծով:
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր արժեւորումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին ներկայ կացութեան, յատկապէս երեսփոխանական վերջին ընտրութենէն ետք: Միաժամանակ, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իրեն այցելող օտար դեսպաններու տեսակէտները` Լիբանանը ներկայ տագնապէն դուրս բերելու աշխատանքներու ուղղութեամբ: