Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Երիտասարդ Հոգեւորականներ Մասնակցեցան Վատիկանի Ծանօթացման Ծրագիրին

Յունիս 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութիւնը, փորձառութիւններու փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութիւնը հրամայական դարձած են որեւէ ժամանակէ աւելի: Ազգեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ երկխօսութեան ու փոխյարաբերութեան ճամբով կը ծանօթանան զիրար, կը զարգանան մշակոյթներ, կը մշակուին յարաբերութիւններ եւ գործնապէս կ՛արտայայտուին լայնախոհութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:

Վերոյիշեալ տեսլականներու լոյսին տակ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յառաջացած աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը յարմար նկատած էր, որ յիշեալ երկու եկեղեցական ընտանիքները յաջորդաբար կազմակերպեն երիտասարդ հոգեւորականներու փոխադարձ այցելութիւններ, որպէսզի աւելի մօտէն ու ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար:

2020 թուականին սկիզբ առած վերոյիշեալ ծրագիրը համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով կանգ առած էր: Արդարեւ, պայմաններու բարելաւումէն ետք, 2022-ի 30 մայիսէն 6 յունիսին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, Վատիկանի մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այս ծրագիրին մասնակցեցան երեք երիտասարդ հոգեւորականներ` կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, մայրավանքի մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Օշին վրդ. Չուալերթանեան եւ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Թրթռեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ), իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ` Ռուբէն վրդ. Զարգարեան, Տիգրան քհնյ. Բադիրեան եւ Արսէն քհնյ. Միրզոյեան:

Վատիկանի (իմա՛ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ) զանազան ու այլազան բաժանմունքներ եւ համալսարաններ ու հիմնարկներ այցելութիւններու եւ պատասխանատու կարտինալներու ու տնօրէններու հետ հանդիպումներու եւ երկխօսութիւններու ճամբով մասնակից երիտասարդ հոգեւորականները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի կառոյցին ու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Նշենք, որ այցելութիւններու շարքին կարեւոր տեղ գրաւեց Ֆրանչիսքոս պապին հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին պապը շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ աղօթքով ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր դիմագրաւելու կարեւորութիւնը` միասնական աղօթքի հրաւիրելով ներկաները:

Վատիկանի ծանօթացման յիշեալ ծրագիրի աւարտին հայ հոգեւորականները այցելութիւն տուին Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին: Հոգեւոր հայրերը ընդհանուր գիծերով դեսպանին պարզեցին Վատիկան այցելութեան առիթը եւ վերոյիշեալ ծրագիրին նպատակը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայ եկեղեցին ու հայրենիքը յուզող շարք մը հարցեր:

Նախորդը

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ 2022 Թուականի Իր Հունձքը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?