«Կը Յաղթենք Միասնաբար, Բոլորս Մէկ Բռունցք, Բոլորիս Համար. Ձեզի Հետ Ենք ու Կը Մնանք Միասին, Յաղթանակը Յաւելեալ Պարտաւորութիւն Կը Դնէ Մեր Ուսերուն» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
«Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Փառատօնը` Երախտագիտութեան Եւ Տօնակատարութեան Առիթ Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» կառատունը ժամադրավայրն էր անկեղծ ու հայութեան իրենց նկարագիրին հաւատարիմ հայորդիներուն, իրենց ազգային ոգիին ու հայկականութեան ուղիէն չշեղած լիբանանահայերու, որոնք եկած էին տօնակատարելու իրե՛նց յաղթանակը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրութեան առիթով: Անոնք եկած էին հաստատելու, որ երեսփոխանական ընտրութեան օրը իրենց...




















