Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Տօնը Այնճարի Մէջ

Յունիս 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան  մանկապարտէզը մայրերու օրուան տօնակատարութեամբ համախմբած էր գիւղի պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ ծնողներ եւ հայրենակիցներ:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան, ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ աւանդական այս ձեռնարկին վերադառնալու մղիչ ուժին եւ ընդգծեց հայ մօր տիպարի ու անոր առաքելութեան վեհութեան գաղափարին կառչելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն դասարանային ելոյթները: Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանները առանձնաբար մօր մասին եռալեզու (հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն) արտասանութիւններ ներկայացուցին: Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանները միասնաբար հանդէս եկան «Գարուն» եւ «Մամա» երգչախմբային կատարումներով, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց «My Mom» արտասանութիւնը:

Մանկապարտէզի ելոյթէն ետք օրուան պատգամը յղեց վարժարանի շրջանաւարտներէն Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ մայրը բնութագրեց իբրեւ «բոլոր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու տակ պանծացող կենարարն ու կենսատուն»:

Ան մօր բնազդային առաքելութենէն վեր, առանձնացուց մօր դաստիարակութեան, ազգային-ընտանեկան արժէքներու պահպանման եւ հաւաքական կեանքի ծաղկումին մէջ հայ մօր դերակատարութիւնները:

Իր խօսքին մէջ բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ բոլոր անձերուն եւ նուիրեալներուն մասին, որոնք, իբրեւ «մայր», գուրգուրանք ցուցաբերած են հաւաքականութիւններու եւ  առաջնորդած են զանոնք ապահով ափեր եւ բարձունքներ. ան մայրական որակեց պայքարը բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք ձեռնամուխ եղած են որբախնամ առաքելութիւններու եւ կամաւոր ու բարեսիրական ծառայութիւններու մէջ:

Բանախօսը յիշեց հայ բանաստեղծներ եւ գրողներ, որոնք յաւերժացուցած են հայ մայրը, այնուհետեւ մէջբերում մը կատարելով նաեւ պաղեստինցի արաբ ծանօթ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի բանաստեղծութենէն, ուր նկարագրուած է մօր վեհութիւնը եւ ազատամարտիկ զաւկին յոյսը` մօր օրհնութեամբ յաղթական տուն վերադառնալու:

Վերոնշեալ մէջբերումին հետեւողութեամբ, ան հաստատեց, որ` «Ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներու մէջ պայքարի մղիչ ուժն ու ոգին միշտ ալ կազմաւորած են մայրերը»:

Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան անդրադարձաւ նաեւ իր ծննդավայր Այնճարին եւ վարժարանին, որմէ շրջանաւարտ է ընդգծելով անոնց մայրական յատկանիշները, որոնցմով մուսալեռցիի ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի շարունակելու համար նախնիներու բացած ճամբան:

Ան իր խօսքը աւարտեց վարժարանի նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ տնօրէնին` Մովսէս Այնթապեանի պատգամով. «Ճամբան բաց է ու ձեզ կը սպասէ: Սակայն գիտցէք, որ մեծութեանց միայն յատուկ է այդ ճամբան: Մակերեսներէն գոհացող, կամ շատ շատ ջուրերու ծանծաղութեանց մէջ իր ապահովութիւնը փնտռող մարդը չի կրնար այդ ճամբուն բնակիչը ըլլալ: Ան, որ ովկիանոսներու խորութիւնները կը փնտռէ, ան, որ բարձր գագաթներու նուաճման կը վազէ, ան, որ իր կուրծքը կը բանայ փոթորիկներուն, անոր է ճամբան եւ իր ընկերներուն»:

Այնուհետեւ վարիչ-մանկապարտիզպանուհին յատուկ անդրադարձ մը ունեցաւ մանկապարտէզի անձնակազմէն ներս իբրեւ օգնական պաշտօնավարած Սալբի Տումանեանի վաստակին եւ հրաւիրելով վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանն ու Սալբի Տումանեանը, իբրեւ վարժարանի երախտագիտական արտայայտութիւն, ծաղկեփունջ մը յանձնեց անոր:

Տօնին առթիւ Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ նուիրուած կարկանդակը հատեցին  օրուան պատգամախօսը, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանն ու տնօրէն Արմէն Թաշճեանը:

Կարկանդակի հատումէն ետք ելոյթ ունեցաւ 9-րդ դասարանէն Լիլի Գապաքեանը` «Ով հայոց մայրեր» երգի մեկնաբանութեամբ: Ապա երկրորդականի պարախումբը հանդէս եկաւ խանդավառ պարով:

Գեղարուեստական յայտագիրը իր լրումին հասցուցին նախակրթարանի զոյգ երգչախումբերը, որոնք բեմ բարձրացան ներկայացնելով «My Mom», «Կանաչ հեքիաթ» երգերն ու «Իմ անուշ մայրիկ» թատերախառն երգը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Քարիթաս Միութեան Կազմակերպած «Բոլորին Տունը՝ Յոյս Լիբանանը» Համագումարին

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?