Լիբանանահայ սիրելի՛ հոգեհարազատներ,
Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները անգամ մը եւս ի յայտ բերին, թէ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է եւ ամուր կառչած՝ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան, նաեւ` Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու կողքին: Այս յաղթանակը ունի համահայկական տարողութիւն եւ արձագանգ:
Անշուշտ կ՛անդրադառնանք, թէ Լիբանանի ընտրական գործընթացը տեւաբար կը դժուարանայ` յաւելեալ ճիգ ու աշխատանք պահանջելով մեր կազմակերպութենէն ու ժողովուրդէն: Ընտրական բարդ համակարգը, Լիբանանի տնտեսական տագնապը, ապաքաղաքական քարոզչութիւնը, միջազգային ուժերու միջամտութիւնը եւ այլ բազմաթիւ ազդակներ աւելի բարդացուցած են արդէն իսկ խառնակ իրավիճակը եւ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցուցած մեզ: Այս բոլորը նկատի ունենալով միայն կարելի է ըստ արժանուոյն գնահատել այն կարեւոր յաղթանակը, որ այս ընտրութիւններուն ապահովեց ՀՅԴ-ն ժողովրդային նեցուկով:
Արդ՝ մեր համահայկական կառոյցի անունով նախ կը շնորհաւորեմ Լիբանանի մեր ժողովուրդը իր իրականացուցած յաղթանակին համար. ապա՝ կը շնորհաւորեմ ընտրուած պատգամաւորները` վստահ ըլլալով, որ անոնք արժանաւորապէս պիտի կատարեն իրենց առաքելութիւնը ի սպաս մեր համայնքի իրաւունքներուն, բարօրութեան եւ ակնկալութիւններուն. եւ վերջապէս՝ կը գնահատեմ մեր Լիբանանի կառույցին ու բազմաթիւ կամաւորներուն ընտրական մեղուաջան եւ արդիւնաբեր աշխատանքը:
Բնականաբար մեր ընտրուած թեկնածուները Պէյրութի, Մեթնի ու Զահլէի մէջ, լիբանանահայութեան բոլոր շերտերուն ծառայելու կոչուած են հիմա եւ պիտի գործեն առանց խտրականութեան ի սպաս բոլորին:
ՀՅԴ Բիւրոն ալ պատրաստ է շարունակելու ամուր կանգնիլ լիբանանահայութեան կողքին մեր համակուսակցական կարողականութիւնը, ինչպէս տագնապներու, համաճարակի ու արկածներու օրերուն, այսօր եւս ի սպաս դնելով լիբանանահայութեան կարիքներուն։
Քաջ կը գիտակցինք, որ Լիբանանը էր ու կը մնայ սփիւռքեան այն կարեւոր հնոցը, ուր դարբնուած են յետեղեռնեան սերունդներու բիւր հայորդիներ եւ աշխարհով մէկ լծուած՝ ազգային գործի: Լիբանանի մեր ժողովուրդն ու կառույցը մշտապէս մասնակից եղած է մեր համահայկական ու համակուսակցական նախաձեռնութիւններուն եւ ստանձնած ղեկավարի դեր հայրենիքը, սփիւռքը եւ հայութիւն յուզող հարցերու պարագային: Մեր հաւաքական պարտքն է ամուր պահել Լիբանանահայութեան յատուկ այդ ճաճանչող յանձնառութեան եւ նուիրումի ոգին:
Անգամ մը եւս` վարձքերնի՛դ կատար: