Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առցանց Լսարան. «Մոսկուա-Անգարա Յարաբերութիւնները` Ո՛չ Թշնամի, Ո՛չ Դաշնակից». Եղիա Թաշճեան

June 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 50-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Լսարանը, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան, իբրեւ թեմա ունէր «Մոսկուա-Անգարա  համագործակցութիւններ եւ մրցակցութիւններ` տարբեր տարածաշրջաններու մէջ»: Դասախօսն էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» քաղաքագիտական կեդրոնի աշխատակից Եղիա Թաշճեան:

Երկու երկիրներու համագործակցութիւն-մրցակցութիւն յարաբերութիւններուն, համակարգուած գործողութիւններուն, շահերու բախման կէտերուն ներկայացման համար դասախօսը նկատի ունեցած էր աշխարհագրական երեք միջավայր` Լիպիա, Սուրիա եւ Հարաւային Կովկաս:

Եղիա Թաշճեան նախ ներկայացուց Լիպիոյ պարագան եւ յատկապէս արեւելեան Միջերկրականի մէջ  կազմուած ռազմավարական առանցքներուն, միջպետական զօրակցական գիծերուն եւ այդ բոլորին մէջ ռուս-թուրք համագործակցութեան ելեւէջները: Ան յատուկ կեդրոնացաւ նաեւ ընդծովեայ ուժանիւթի տարհանման խնդիրներուն մէջ թուրք-յոյն լարուած յարաբերութիւններուն եւ այդ առումով` Ռուսիոյ դիրքորոշումներուն:

Պատերազմական գործողութիւններու, առաջադրուած նոր ճանապարհներու բացման եւ տիրապետման մօտեցումներու կարեւոր զուգահեռներ գծեց դասախօսը` սուրիական եւ արցախեան պատերազմներուն միջեւ: Իսկ այս բոլորին մէջ շեշտեց, որ համակարգումները ոչ թէ պետական հաստատութենական հիմքեր ունին, այլ աւելի արմատացած են Փութինի եւ Էրտողանի կերպարներուն վրայ, որոնք` կայսերապաշտական նկրտումներէ մեկնած, անցեալի վերականգնման գաղափարախօսութեամբ կ՛առաջնորդուին: Իսկ այս առումով փանթուրանականութենէն կամ սլաւոնականութենէն աւելի` ան կեդրոնացաւ երկու պետութիւններու  արտաքին քաղաքականութեան նպատակային հիմնադրոյթներոն վրայ` այդ գաղափարախօսութիւնները համարելով աւելի պատճառաբանական:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում` արծարծելով ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահութեան վերականգնումի հնարաւորութիւններու, 3+3 ձեւաչափի ձեւաւորման գործընթացներու եւ իրաւական հարթութեան վրայ հայրենիք-սփիւռք համահայկական օրակարգեր մշակելու եւ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ նոր դերեր վերցնելու անհրաժեշտութեան  վերաբերող նիւթեր:

Բանաձեւելով նիւթը` դասախօսը վերաշեշտեց, որ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները կարելի է բնութագրել իբրեւ ո՛չ թշնամի ո՛չ դաշնակից:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.