Հայրապետական Մաղթանքով Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 27-ամեակը
Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 27-ամեակը: Այս առիթով, կիրակի, 3 յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. խորանէն ընթերցեցին աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ` գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ...



















