Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Եւ Օսի Քէսմէեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

Յունիս 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Ս. Մանուկեան մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան, քոլեճի սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, քոլեճի խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան, հոգեւոր հայրերու, ծնողներու եւ հարազատներու:

Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով, զորս խանդավառութեամբ կատարեցին մանկապարտէզի փոքրիկները: Ապա անոնցմէ մէկը ներկայացուց այս տարուան հանդէսին թեման, որ «Նարեկին պալատը» խորագիրը կը կրէր: Հերթաբար, խմբակ առ խմբակ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները խօսեցան Նարեկին եւ անոր ընկերացող թռչնիկին արկածախնդրական ճամբորդութեան մասին: Ճամբորդութիւն մը, որ Նարեկն ու թռչունը տարաւ ցամաքամասէ ցամաքամաս եւ երկրէ երկիր, ուր անոնք ծանօթացան այդ երկիրներուն յիշատակելի վայրերուն, լսեցին անոնց երգերն ու վայելեցին պարերը: Արդարեւ, մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ամերիկեան, եգիպտական, սպանական, անգլիական, հայկական  եւ այլ պարեր` մեծ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն: Ամէնէն  մեծ խանդավառութիւնը, սակայն, ստեղծեցին մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց դողդոջ քայլերով ներկայացուցին իրենց մեկնաբանութեամբ պար մը:

Գայեանէ Մարկոսեանի խմբավարութեամբ, մանկապարտէզի երեխաները  ներկայացուցին նաեւ դասական, հարուածային եւ այլ նուագներ, որոնցմէ մէկ քանիին մէջ օգտագործուած միջոցները հետաքրքրական նորութիւններ էին ներկաներուն համար: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին նաեւ  արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն երգերու գեղեցիկ փունջ մը:

Մանկապարտիզպանուհի Լուսին Գազանճեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզը, երկու տարուան պարտադիր դադարէ ետք, այս տարի բոլորեց բաւական բնականոն տարեշրջան մը` առցանց դասաւանդումէ վերադառնալով դպրոցական սովորական եւ բնական առօրեային: Ան դիտել տուաւ, որ ուսուցիչները ճիգ չխնայեցին մանուկներուն տալու անհրաժեշտ գիտելիքներն ու դաստիարակութիւնը` մանկապարտէզի ապահով միջավայրէն ներս: Գազանճեան շնորհակալութիւն յատնեց տնօրէնութեան, որ ըստ կարելւոյն ընդառաջած է առաջարկուած ծրագիրներուն եւ նեցուկ կանգնած անոնց: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզին վստահած են իրենց հոգեհատորները:

Ապա, քոլեճի տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց կրթական տնօրէն  Անի Բագրատունի, որ ողջունելէ ետք ներկաները, կոչ ուղղեց ծնողներուն եւ մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն` վայելելու իրենց զաւակներուն ու թոռներուն այս պահը, որ պիտի չկրկնուի: Բագրատունի գնահատեց մանկապարտէզի ուսուցիչներուն տարած աչալուրջ ու հետեւողական աշխատանքը, որուն շնորհիւ շատ մը դժուարութիւններ ճիշդ ատենին հարթուեցան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմին, որուն ճիգին արդիւնքներէն մէկը ամավերջի այս հանդէսն է: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին դաստիարակութեան վստահած են իրենց զաւակները: Բագրատունի ապա յայտարարեց, որ այս տարի  առաջին անգամ ըլլալով վկայական պիտի ստանան Օսի Քէսմէեան մանկամսուրի փոքրիկները, եւ հրաւիրեց մանուկներն ու անոնց պատասխանատու ուսուցչուհին ստանալու վկայականները` մեծ հրճուանք պատճառելով իրենց ծնողներուն, որոնց համար անակնկալ էր այս արարողութիւնը: Վկայականներու տուչութեան մասնակցեցաւ նաեւ Օսի Քէսմէեան:

Հանդէսի վերջին բաժինով բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք քոլեճի տնօրէնութեան եւ առաջնորդ սրբազան հօր ներկայացուցիչ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները: Հոգեւոր հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այս երեխաները պիտի ըլլան վաղուան սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք իրենց ստացած դաստիարակութեամբ պիտի ծառայեն իրենց ազգին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:

Հանդէսի փակումէն առաջ բեմ հրաւիրուեցաւ Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմը` Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կողմէ ստանալու համար գունագեղ ծաղկեփունջեր` նուիրուած շրջանաւարտներուն ծնողներուն կողմէ` իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն:

2021-2022-ի հունձք` Ալեքս Տաքէսեան, Ալիք Դանիէլեան, Բարտի Զէյթունեան, Բերիա Զէյթունեան, Դանիէլ Գոճակէօզեան, Էլենա Չիւրիւքեան, Էլիա Աճեմեան, Լիանտրա Գույումճեան, Խաժակ Մկրտիչեան, Մարիա Հաճի Աւետիքեան, Մարք Տեքիրմէնճեան, Մէյրի Սէրայտարեան, Սիմոն Գարաճայեան, Տեսիլ Մագտեսեան, Տիգրան Սաֆայեան:

 

Նախորդը

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը. Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժողովուրդիս

RelatedPosts

Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023
Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին
Գաղութային

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

Յունուար 28, 2023
«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ
Գաղութային

«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In