Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի 62-րդ Հունձք. Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

June 13, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 107 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճանները` դառնալով Հայկազեանի 62-րդ հունձքի շրջանաւարտները: Հանդիսութիւնը առաջինն էր 2020-ին սկսած «Քորոնա» ժահրի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք եւ անիկա նաեւ սփռուեցաւ առցանց:

Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ շրջանաւարտները` դասախօսական կազմին հետ ուղղուեցան բեմ, ապա հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքով պաշտօնական բացումը:

Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր արաբական երկիրներուն մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան հարցերու շրջանային գրասենեակի տնօրէն Քոսթանցա Ֆարինա, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արժէքներուն` ընդգծելով, թէ անոնք կը գործադրուին նաեւ Հայկազեան համալսարանին կողմէ:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն խորապէս կը հաւատայ, որ կրթութիւնը, բարձրագոյն կրթութիւնը եւ յարատեւ ուսումնատենչութիւնը հանրային օգուտ է: Կը սատարենք բարձրագոյն կրթութեան իրաւունքի պահպանման եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին անխտիր` որակաւոր բարձրագոյն կրթութեան առիթներու ընծայումին», իր խօսքին մէջ հաստատեց  Քոսթանցա Ֆարինան:

Խօսելով Լիբանանի տնտեսական տագնապին մասին օրուան բանախօսը շեշտեց, որ, թէեւ տագնապը նշանակալից յետընթաց արձանագրած է բոլոր մարզերուն մէջ եւ ատիկա զգալի է ամէնուրեք, սակայն յոյս յայտնեց, որ այս կացութիւնը շուտով կը փոխուի, եւ Լիբանանը կը վերադառնայ շրջանին մէջ կրթութեան լուսաւոր ջահը ըլլալու դերին: Ան` խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ ուսանողներուն, ըսաւ. «Դուք հիմնական տարրերն էք Լիբանանին այդ դերակատարութիւնը վերադարձնելու առումով, դուք Լիբանանի մեծագոյն արժէքն էք»:

Սրտի խօսք արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր գնահատեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ Հայկազեան համալսարանի անձնակազմին ճիգերը, մանաւանդ տիրող դժուար պայմաններուն մէջ: Ան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր կապուած մարտահրաւէրներուն:

Իր խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ «վաղուան դաստիարակը» հասկացութեան վրայ եւ այն ձեւերուն, որոնց ճամբով կարելի պիտի ըլլայ գտնել հաւասարակշռութիւնը` «մարդկային փորձառութեան մէջ»: Պատասխանելով «մեր զաւակները ո՞վ պիտի ուսուցանէ, ի՞նչ, ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս» հարցումին` Փ. Հայտոսթեան ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ մեքենաները պիտի ըլլան միջոցը, հարցումը հետեւեալն է` ո՞ր մեքենան, ի՞նչ մեթոտով, ինչպիսի՞ բովանդակութեամբ եւ ի՞նչ նպատակով: Այս բոլորին մէջ մեր դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ մարդիկը առողջ հաւասարակշռութեան մէջ պահել»:

Շարունակելով` ան բացատրեց, որ հիմնական հարցումը կը վերաբերի «վաղուան»` շրջանաւարտներուն` յայտնելով, որ «անոնց պիտի վստահուի ուղին ճշդելու եւ յառաջ ընթանալու աշխատանքը»:

«Շրջանաւարտնե՛ր, արդեօք հոն պիտի ըլլա՞ք ձեր հմտութիւնները ցոյց տալու, ժամանակ տրամադրելու, դուք ձեզ ծառայութեան մէջ դնելու, ձեր օրինակով առաջնորդելու, եւ կարեւորագոյնը` դրսեւորելու զգայուն ոգիի այնպիսի տեսակ, որ շողշողուն է, թափանցիկ, վստահելի եւ ինքնավստահ, որ ինքզինք կը նուիրէ այն բարձրագոյնին, զոր մարդ կրնայ նուաճել: Կը հաւատամ, որ Աստուած մեզ այդ նպատակով ստեղծած է», հաստատեց Հայկազեան համալսարանի նախագահը:

Շրջանաւարտներուն խօսքը արտասանեցին Ալեք Կալհայեան եւ Այյա Թահըր, որոնք իրենց ընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, դասընկերներուն, ուսուցչական կազմին եւ Հայկազեան համալսարանին:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան շրջանաւարտներ Կարէն Գազանճեան եւ Նուր Տաուք, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արի Վարդանեանի: Անոնք երգեցին «Տը Փրեյըր» («Աղօթքը») երգը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ համալսարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Հայկազեան համալսարանի նախկին հովիւ վեր. Նշան Պագգալեանի օրհնութեան աղօթքը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ’ըսէ Ընթերցողը Գրուածի Եւ Խօսուածի Մասին Եւ Ինչպէ՞ս Ընկալել Ըսուածները

Յաջորդը

Կեանքը Ցոյց Տուաւ, Որ Մեր Հասարակութիւնը Աւելի Քան Երբեք Պէտք Ունի Խրիմեան Հայրիկի Նման Հասարակական Գործիչներու

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.