Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաբանական Եւ Յիշեցման Հաղորդագրութիւն

June 22, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դարձեալ կը դիմէ շրջանի ընտանիքներուն եւ բնակիչներուն` անոնց յիշեցնելու համար հետեւեալը.

– Մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր, պետութեան իրերայաջորդ կառավարութեանց որոշումով, շրջանի աղբակոյտերու հաւաքումն ու փողոցներու մաքրութիւնը ստանձնած են Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին հետ պայմանագրուած մասնագիտացած ընկերութիւններ:

– Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ քաղաքապետութեանց պարագային, նշեալ ընկերութիւնը «Ռամքօ» հաստատութիւնն էր, որ արտակարգ պայմաններու բերումով հարկադրաբար քանի մը ամիսներ դադրեցուց իր աշխատանքը: Այդ միջոցին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ջանաց աղբակոյտերու հաւաքումն ու փողոցներու մաքրութիւնը կատարել իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարելի միջոցներով ու սահմանափակ մարդուժով, որ բաւարար չէր այդ աշխատանքը կատարելու կանոնաւոր կերպով, հետեւաբար աղբերը երկար ատեն մնացին փողոցներուն մէջ, կուտակուած վիճակով:

– Քաղաքապետութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր բնակիչները, թէ «Ռամքօ» ընկերութիւնը վերսկսած է իր կանոնաւոր աշխատանքին` ընթացիկ ամսուան սկիզբէն ի վեր: Կը նկատենք, թէ արդէն իսկ աղբակոյտերուն մօտ 70 առ հարիւրը վերացած է փողոցներէն ու կ՛ակնկալենք, որ աղբերու հաւաքման ու մաքրութեան այս աշխատանքը ամբողջանայ նախքան ընթացիկ յունիս ամսուան վերջաւորութիւնը:

– Արդ, նշեալ ընկերութեան աշխատանքին վերսկսումով կը յուսանք, որ աղբերու վերացման եւ փողոցներու ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքը վերադառնայ իր նախկին բնականոն դրութեան:

Այս առիթով կը վերյիշեցնենք նախապէս հրապարակած մեր կոչերն ու հաղորդագրութիւնները, յատկապէս` հետեւեալը.

1- Կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու ընդհանուր մաքրութիւնը եւ յարգելու աղբահաւաքման փոխադրակառքերու ժամանման ժամերը, ձեր աղբերը չշպրտելու ասդին-անդին եւ աղբերու պարկերը ամուր գոցուած վիճակով զետեղելու ճշդուած տեղերը, որպէսզի չերկարի անոնց կուտակումն ու տարածումը փողոցներուն մէջ:

2- Տեղեակ պահել քաղաքապետութիւնը` հեռաձայնելով 01/260155 հեռախօսի թիւին եւ կամ` նկարելով ընդհանուր մաքրութեան սկզբունքները անտեսող ապօրինի քայլերը եւ քաղաքապետութեան յանձնել այդ նկարները, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցերը հետապնդել օրինական միջոցներով, յատկապէս` հետեւեալ պարագաներուն.

Երբ կը նկատէք փոխադրակառքերու եւ փոքր ինքնաշարժներու շրջան մուտքն ու աղբերու  թափօնները պատահականօրէն աջ ու ձախ շպրտելը:

Երբ կը նկատէք մարդիկ, որոնք աղբակոյտերու մէջ փնտռտուքի լծուած` թափօններու պարունակած աղբերը անհոգութեամբ կը շպրտեն փողոցներուն եւ մայթերուն վրայ:

Ընդհանուր մաքրութեան պահպանումը հասարակաց պատասխանատուութիւն է թափօններու վերացման ու փողոցներու մաքրութեան աշխատանքը ստանձնած` պետական ու սեփական մարզերու պատկան մարմիններուն եւ մաքրութեան վսեմ ու քաղաքակիրթ այս աշխատանքը կատարելու յանձնառու` շրջանի բնակիչներուն միջեւ:

Նշեալ այս կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է ներկայ պայմաններուն մէջ:

Վստահ ենք, որ համերաշխութեամբ ու գործակցութեամբ պիտի կարենանք հարթել տագնապները եւ բարելաւել ընդհանուր իրավիճակը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Պայքար` Յանուն Արժանապատուութեան, Արդարութեան Եւ Իրաւունքների Վերականգնման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.