Հայ Մշակոյթը Արժանաւորապէս Կը Ներկայացուի Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» Թանգարանին Մէջ
Հայոց պատմութեան ամբողջ ժամանակաշրջան մը կը ներկայացուի համաշխարհային հեղինակաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ: 4-17 դարերու հայ պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 2018-ի սեպտեմբերի 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրը: Ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ հոկտեմբերի 22-ին ներկայացուց «Մեթրոփոլիթըն»-ի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու վարչութեան բիւզանդական բաժնի համակարգող Հելեն Էւանսը: «Ցուցահանդէսում կը ներկայացուեն...




















