
Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Անթունիյէ հիմնարկի մէջ, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեան պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ` առ ի գնահատանք միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ անոր ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին: