24 հոկտեմբեր 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան հիմնադրամ»-ի բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը` ընկերակցութեամբ նոյն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Միմի Եոզկաթեանի:
Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ, Վերոնիք Կարեւորեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի, կաթողիկոսարանին մէջ հիմնած էր 725.000 ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով մշակութային ֆոնտ մը, որուն նպատակը նպաստել էր ֆրանսական թեքում ունեցող կրթական ու մշակութային ծրագիրներու: Անցեալ տարի հիմնադրամը նպաստներ կատարած էր Ճեմարանին, Հռիփսիմեանց եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ` դպրեվանքին: Հիմնադրամը մասնակցած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած երիտասարդական համագումարի ծախսերուն:
Ողջունելով ֆրանսաբնակ Վերոնիք Կարեւորեանի այցելութիւնը` վեհափառը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց այս օրինակելի նախաձեռնութեան համար եւ վստահեցուց, որ հիմնադրամը նոյն բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ յանձնախումբին մաս կը կազմեն` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Վերոնիք Կարեւորեան եւ Միմի Եոզկաթեան:


