Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները
16 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը: Վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՛անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ` սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է եւ դասախօս` դպրեվանքին մէջ: Յանձնաժողովը լծուած...




















