Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Մէջ 35 Երիտասարդ Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Շարքերուն

Հոկտեմբեր 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն՝ տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:

35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը՝ տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:

Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ կազմակերպութիւններու, այլ՝ կը զինուորագրուին, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ազգի ծառայութեան, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ամէն բանէ առաջ ազգին զինուորն է, Հայ Դատի զինուորագրեալ ծառան է, բառին ամէնէն լայն եւ բազմակողմանի առումով:

Կիրակի, 22 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը Սոտերթելիըի «Սարդարապատ» ակումբին, նախագահութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանի եւ ներկայութեամբ Շուէտի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի եւ պաշտօնական հիւրերու:

Ակումբի բացման հանդիսութեան օրը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Շուէտի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, որ ըսաւ, թէ այս ակումբը, որ առաջինն է շուրջ քառասուն տարուան կեանք ունեցող համայնքին մէջ, տունն է իւրաքանչիւր հայու, հարազատօրէն բաց է բոլորին համար, առանց գաղափարական թէ դաւանական խտրութեան, նոյնիսկ եթէ ունի յստակ պատկանելիութիւն, որուն յարկին ներքեւ միասնաբար պիտի գործեն ՀՅԴն, ՀՄԸՄը, Համազգայինը, Հայ Դատը, ՇԵՄը, պատանեկանը եւ ՀՕՄը՝ ի սպաս այս համայնքի կարիքներուն եւ համահայկական մեր նպատակներուն:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, որ շնորհաւորեց այս կեդրոնը՝ զայն նկատելով յոյժ կենսական համայնքի հայապահպանման համար, ապա նաեւ՝ Հայ Դատի հետապնդման ի խնդիր, նշելով դեսպանատան հետ արդէն իսկ առողջ համագործակցութեան խիստ անհրաժեշտ տուեալը:

Օրուան հանդիսավարն էր Գոհար Յակոբեան:

Եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան զուգահեռներ գծեց Հալէպի եւ Սթոքհոլմի միջեւ, Քամիշլիի եւ Սոտերթելիըի միջեւ, հասարակ յայտարարը նկատելով սուրիահայութիւնը, ուր ծանօթ պատճառներով այնտեղ կը խամրի, հակառակ տոկալու ու գոյատեւելու իր բացառիկ վճռակամութեան, իսկ այստեղ փաստօրէն կը վերածաղկի, կը վերընձիւղի, նոր շունչ ու թարմութիւն կը ներարկէ համայնքին, կը ճառագայթէ:

Հրանդ Մարգարեան կոչ ուղղեց լիիրաւ կերպով մերուելու, համարկուելու արեւմտեան այս երկրին, անոր լեզուին, կենցաղային պայմաններուն հետ, որ նախապայման է զարգացման, յառաջդիմութեան ու յաջողութեան համար, սակայն միաժամանակ երբեք չձուլուիլ, ընդհակառակն՝ պահել ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր ազգային ժառանգութիւնը:

Ապա Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց մեր ակումբներուն, որոնց կարգին ա՛յս նորաբաց ակումբին անփոխարինելի դերը ոչ միայն հայապահպանման կենսական առաքելութեան մէջ, այլ մանաւանդ ազգակերտման գործընթացին մէջ, մեր ազգային-քաղաքական նպատակներուն ու պահանջատիրութեան կենսագործման մէջ:

Ան շեշտեց եւ կրկնեց, որ այս բոլորը, այսինքն՝ մեր ամբողջ աշխատանքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի հիմնական մէկ հասցէ. Հայաստան: Ան ըսաւ, որ մեր առօրեայ աշխատանքն անգամ պիտի կամրջուի Հայաստանի ու Արցախի հետ, մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ մեր պետականութեան զարգացումը, վերելքը, հզօրացումը: «Եւ այո՛, կարելի է Սփիւռք գտնուելով օժանդակել պետականաշինութեան էական գործընթացին, որուն միջոցները բազմազան են: Կարեւորը այդ գիտակցութիւնն է, զոր ունինք մենք իբրեւ կուսակցութիւն եւ զոր ունեցած ենք վերանկախութեան առաջին իսկ օրէն»:

Իր խօսքը ուղղելով սրահը իր ներկայութեամբ ակներեւօրէն «գրաւած» երիտասարդութեան, Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ դաշնակցական երիտասարդը, ի տարբերութիւն այլոց, կը յատկանշուի իր յանձնառութեամբ, կարգապահութեամբ եւ գաղափարական աշխարհահեացքով, «ուստի մեր սրբազան Դատին ի խնդիր շարունակեցէք մեր պայքարը եւ մնացէք յանձնառու, մինչեւ հակառակորդին դէմ վերջնական հատու յաղթանակը»:

Նախորդը

Հայ Ուսանողներ` Համալսարանական Խորհուրդներու Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?