24 հոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան տնօրէն-ժողովին հետ:
Ողջունելով տնօրէն-ժողովի նոր անդամները` կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու կենսունակութիւն տալու հրամայականը: Այս երեք տարածքները մեր կեանքին մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, ընդգծեց ան` միաժամանակ յիշեցնելով, թէ ինչ որ կը կատարուի մեր միաբանութեան կողմէ, մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ, պէտք է մէկ ուղղուածութիւն ու նպատակ ունենայ` ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին: Շարունակելով իր խօսքը` հայրապետը յիշեցուց, որ մեր Ս. Աթոռին միաբանութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է. ոմանք կը ծառայեն թեմերուն մէջ, իսկ ուրիշներ` մայրավանքին. պատասխանատուութիւնները ըստ կարիքի ու յարմարութեան փոփոխելի են: «Բոլոր միաբանները, երէց թէ փոքր, կոչուած են միաբանական կանոնագրութեամբ ճշդուած սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու, այլ խօսքով` հոգեմտաւոր կեանքով շաղախուած հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնն ու ծառայութիւնը մղիչ ուժը դարձնելով իրենց կեանքին: Հո՛ս է մեր միաբանութեան հզօրութիւնը», շեշտեց վեհափառը:
Յայտնենք, որ միաբանութիւնը 2014 թուականին ունեցաւ իր կանոնագրութիւնը` պատրաստուած Միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ վաւերացուած` կաթողիկոսի կոնդակով:
Արամ Ա. տնօրէն-ժողովին տուաւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ` մայրավանքին մէջ թէ անկէ դուրս ծառայող ու ուսանող միաբան հայրերուն առնչուած, ապա տնօրէն-ժողովը քննարկեց վանական կեանքին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ:
Տնօրէն-ժողովի անդամներն են` Կոմիտաս արք. Օհանեան (ատենապետ),
Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Նշան վրդ. Լախոյեան (ատենադպիր):


