Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Հոկտեմբեր 31, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը:

Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս իրենց միտքերն ու հոգիները լեցուցին Մեսրոպի շունչով ու ոգիով, հայոց այբուբենը եւ պատմութիւնը միշտ բարձր պահելով` երգեցին ու արտասանեցին հայերէն:

Խանդավառութեամբ անոնք երգեցին «Մեր լեզուն»,  արտասանեցին «Գիրքը», «Հայ լեզուն տունն է հայուն», «Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Հայերէն» ստեղծագործութիւնները, ապա հանդէս եկան հայ գիրերու գիւտին նուիրուած իրենց իսկ պատրաստած ներկայացումով: Յատկանշական էր աշակերտներուն ցուցաբերած ոգին ու հաւատքը հայ գիրերու ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր աշակերտներուն հանդէպ:

Ձեռնարկի աւարտին օրուան պատգամը տուաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպի գիւտին կարեւորութիւնն ու անդրադարձը: Քահանայ հայրը թելադրեց գօտեպնդուիլ Մեսրոպի հաւատքով` պահպանելով հայ ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութիւնն ու արժէքները:

Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Տօնակատարութիւն

Իսկ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներով սկսաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը:

Ապա բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Բալիկ Գազանճեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ տօնէ իր սեփական գիրերուն տարեդարձը: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ իր գրիչները սուրբ հռչակէ: Չկա՛յ ժողովուրդ մը, որ դպրութեան աստուած ունենայ: Հայը ունի՛ այս բոլորը եւ պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր ունեցած հարստութեան` հայ լեզուին, հայ մշակոյթին, հայ հողին ու Հայաստանին»:

Բացման խօսքէն ետք Է. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մեսրոպաբոյր»-ը: Ապա ԺԱ. դասարանէն Արազ Էլէյճեան ներկայացուց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց»-ը, որմէ ետք «Ով հայոց տառեր» մեներգով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Նաթալի Տեկիրմենճեանը:

Ը. կարգէն Հերմիկ Աբրահամեան ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Միայն մէկ գիր»-ը, իսկ Ժ. դասարանէն Սէրլի Գալայճեանը` Պարոյր Սեւակէն «Եւ այր մի Մաշտոց անուն» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թ. կարգէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին Գէորգ Էմինի «Մեր այբուբենը»: Այնուհետեւ ԺԱ. դասարանէն Դրօ Միրզայեանը ներկայացուց մենախօսութիւն մը` «Հայերէն առաջին լրագիրս»:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Թարգմանչաց սերունդին վաստակը եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին անմահ գործը, որմէ ծնաւ հայ ժողովուրդի հարազատ ոգին` իր իմացականութեամբ, զգայնութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ հայակերտման եւ հայապահպանման դարբնոց: Շահէ եպս.  Փանոսեան ըսաւ. «Դպրոցին մէջ պէտք է պայքարիք հայ լեզուին տիրանալու համար, պէտք է սիրէք հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը եւ ձեր սորվածով նոր կենդանութիւն պարգեւէք գիրքերուն մէջ պահուած մեր մշակութային նուիրական արժէքներուն, որպէսզի անոնցմով մեր ժողովուրդին դիմաց բանաք դէպի բարձունքներ տանող ճանապարհներ»:

Իր խօսքի աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մեր ժողովուրդին մղած պայքարը Թարգմանչաց յիշատակով պէտք է նոր ուժականութիւն ստանայ մեր դպրոցներէն ու համայնական աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի օտարացումի, յուսալքումի եւ նահանջի մատնուած մեր ժողովուրդը դարձեալ սթափի եւ իր կեանքը առաջնորդէ դէպի նոր ոսկեդար:

Նախորդը

Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Կառուցումը Չի Աւարտուի Նաեւ 2019 Թուականին. Սուրէն Պարսեան

Յաջորդը

Սուրբ Պատարագ Խաչի Գիւտի Տօնին Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով. «Խաչը Մեզի Կեանք Տուաւ, Ուրախութիւն, Ներում Եւ Խաղաղութիւն Բերաւ Աշխարհին» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?