Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ը Կը Մասնակցի Լիբանանի Ա. Ազգային Բանակումին

Նոյեմբեր 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ 7-10 սեպտեմբերին Հըրշ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ա. Ազգային բանակումը` արի եւ արենուշ ճիւղերու:

ՀՄԸՄ-ը Լիբանան այս բանակումին մասնակցեցաւ մէկ խումբով` բաղկացած Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 35 արի-արենուշներէ, եւ` Շրջանային խմբապետական կազմէն Լուսին Պերքուպէյիուքեանը` որպէս բանակումի օժանդակ մարմինի ընդհանուր պատասխանատու:

Շրջանային խմբապետական կազմը բանակումի նշանակուած խմբապետական կազմին հետ ունեցաւ զանազան ժողովներ` լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու համար միութիւնը այս բանակումին: Ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, սեպտեմբեր 4-ին տեղի ունեցաւ ընդհանուր հանդիպում մը, որուն ընթացքին բոլոր մասնակիցները ծանօթացան իրարու ու տեղեկացան բանակումի ընդհանուր օրէնքներուն ու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ լսեցին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային խմբապետութեան թելադրանքները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի խումբը հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ին հասաւ բանակավայր ու ՀՄԸՄ-ին ճշդուած բանակավայրին մէջ կատարեց յարդարումի աշխատանքներ, պատրաստեց բանակավայրի յատուկ մուտքի ձեռայինը եւ այլ խմբակային ձեռայինները:

Երկրորդ օրը, նախաճաշէն ետք, բոլոր միութիւններու խումբերը մասնակցեցան խմբակային փուլային խաղերու օրուան, որուն ընթացքին պատրաստեցին զանազան ձեռայիններ ու խաղցան զանազան խաղեր: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդհանուր խարուկահանդէս` մասնակցութեամբ բոլոր միութիւններուն:

Շաբաթ առաւօտ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը` պատրաստուած Լիբանանի բանակին ու ներքին ապահովական ուժերուն կողմէ: Առաջին բաժնով խմբակները այցելեցին Լիբանանի բանակին պատրաստած տաղաւար ու  ծանօթացան ականներու տեսակներուն, իսկ երկրորդ բաժնով խմբակները այցելեցին ներքին ապահովական ուժերուն պատրաստած տաղաւարը, ուր մասնակցողներուն բացատրուեցաւ զգուշ քշելու կարեւորութիւն ու օրէնքները:

Շաբաթ առաւօտ բանակավայրին մէջ տեղի ունեցող յայտագիրին զուգահեռ, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն ընթացքին արծարծուեցան սկաուտութիւնը հետաքրքրող հարցեր: Այս աշխատանքին մասնակցեցան բանակումի մասնակցող իւրաքանչիւր միութենէ 3 առաջնորդներ, որոնք նախքան կլոր սեղանը` այցելեցին Լիբանանի Ազգային թանգարան:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցան յատուկ տողանցք ու պաշտօնական արարողութիւն, որոնց ներկայ էին` Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետը, Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խորհուրդի ներկայացուցիչները, միութիւններու եւ ՀՄԸՄ-ական խմբապետները, սկաուտներն ու բարեկամներ: Հարկ է յիշել, որ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի վարչական կազմի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան մօտէն կը հետեւէր Ազգային Ա. բանակումի աշխատանքներուն ու բանակումի ընթացքին երեք անգամ այցելած էր բանակավայր. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը եւս ճիգ չխնայեցին` ապահովելու ՀՄԸՄ-ի կողմէ մասնակցող անդամներուն բարեկեցութիւնը. ինչպէս նաեւ բանակումի ընթացքին Շրջանային խմբապետութիւնը ամէն օր այցելեց բանակավայր:

Պաշտօնական արարողութեան աւարտին մասնակցող տարբեր միութիւններու սկաուտները փոխանակեցին յուշանուէրներ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանակումի վերջին խարուկահանդէսը` մասնակցութեամբ տարբեր միութիւններու շեփորախումբերուն:

Կիրակի առաւօտ վերջ գտաւ բանակումը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, հաւաքելէ ետք իրենց բանակավայրն ու օժանդակելէ ետք ընդհանուր բանակավայրի մաքրութեան, վերադարձան իրենց տուները, ձեռք ձգած` նոր ու տարբեր փորձառութիւն մը, ծանօթացած` նոր բարեկամներու, ինչպէս նաեւ զարգացած` զանազան տարբեր գիտելիքներով ու կանչեր- երգերով:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները բանակումի ընթացքին ցուցաբերեցին բարձր սկաուտական ոգի, բոլոր աշխատանքներուն մասնակցեցան մեծ խանդավառութեամբ ու բանակումի աւարտին ստացան Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի գնահատանքը, ի մասնաւորի` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմի անդամ Լուսին Պերքուպէյիուքեանը, որ ստանձնելով բանակումի օժանդակ մարմինի ընդհանուր պատասխանատուչութիւնը` ՀՄԸՄ-ականի ոգիով ու կորովով ջանք չէր խնայած բանակումի յաջողութեան համար:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Պարգեւատրում` ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեանի

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?