Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Գնահատանքը Յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան

October 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ եկեղեցեւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը` առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանին:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր վարչութեան ընտրութիւնը` իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի տարած աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր երիտասարդութիւնը համախմբել է Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շուրջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառը իր սպասումները յայտնեց նորընտիր վարչութեան ճամբով ուղղուած ՀԵՀՈՄ-ականներուն եւ թելադրեց, որ առաւել ծրագրուած կերպով եւ երիտասադութիւնը յուզող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ ծրագիրներ մշակել: Նորընտիր վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին պարզեց յառաջիկայ տարուան աշխատանքային ծրագիրը:

Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համալսարանական ուսանողներու միութիւն է, եւ անոր անդամները յաճախակի առիթներով կը մասնակցին ո՛չ միայն ազգային կառոյցներու կեանքին, այլ նաեւ` միջեկեղեցական ու միջկրօնական ժողովներու: Այս իմաստով յիշենք, որ յիշեալ միութեան վարչութեան անդամ եղած է Գարլա Խիճոյեանը, որ այժմ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատուն է: Ան տարբեր առիթներով երիտասարդութեան առնչուած միջեկեղեցական ժողովներուն մեր Ս. Աթոռը ներկայացուցած է, իսկ անցնող ութ տարիներու ընթացքին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի երիտասարդաց բաժնի պատասխանատուի պաշտօնը վարած է:

Նախորդը

Քեսապի Գթասիրտ Քոյրը` Էֆի Չեմպըրզ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Կարեւորեան» Հիմնադրամի Բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.