Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Նոյեմբեր 6, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ատենամարզանք:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 12-րդ դասարանէն Սարգիս Աբգար բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ ազգը աշխարհի ամէնէն հարուստ լեզուն ու մշակոյթը ունեցող ազգերէն է` հարց տալով, թէ այս բոլորը գիտնալով ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս չսիրենք հայ լեզուն, որովհետեւ հաց չի՞ տար մեզի: Ան կոչ ուղղեց հոգեւոր սնունդը նիւթականին հետ չբաղդատելու,  աւելի ողջմտօրէն մտածելու մեր հոգւոյն սնունդին մասին: Ապա ան իր խօսքը փակեց` յիշեցնելով Խաչատուր Աբովեանի խրատը. տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն ամուր պահեցէք:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած պատմութեան ներկայացումով եւ «Իմ մայր լեզու» երգով, որմէ ետք 3-րդ դասարանի աշակերտները խումբով ասմունքեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին»-ը:

Օրուան պատգամախօսն էր Զմմառու վանքի երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի տեսուչ  Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդին ու հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր նկարագիրը կերտող եւ ազգային ուրոյն ինքնութիւնը բացայայտող կարեւորագոյն եւ մեծագոյն պարգեւը անտարակոյս հանդիսացաւ հայոց ոսկեղնիկ այբուբենը: Աստուածասէր ու ազգասէր հոգեւորականներ կարողացան հայութեան փոխանցել հին աշխարհի ազդեցիկ ազգերու հարիւրաւոր պայծառ միտքերը  թարգմանիչ վարդապետներու միջոցով: Ապա վարդապետը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս չողբանք մեր լեզուի մերթ ընդ մերթ նահանջը, երբ համատարած անտարբերութիւն կը տիրէ: Ան շեշտեց, թէ որքան ալ կարեւոր է օտար լեզուներու իմացութիւնը, սակայն մայրենին առաջնահերթ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հայուն լեզուն հայերէնն է:

2-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Տաղ հայերէն լեզուին», որուն յաջորդեց «Թարգմանչաց հետեւորդներ» խորագրեալ կենդանի պատկերը` պատուելով հայ գրագէտները: 4-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Հայոց լեզու»-ն, որմէ ետք 7-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին պար մը` «Հայաստան ջան» երգով: Յայտագրի վերջին բաժինով 6-րդ դասարանը երգեց «Մեր լեզուն» երգը:

Վարժարանի տնօրէն Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս տօնակատարութիւնը պատրաստողներուն, եւ ըսաւ, որ մենք այսօր մեզի հետ պէտք է տանինք հայկական հոգին, յարգանքը` հանդէպ մեր լեզուին, սէրը` հանդէպ մեր թարգմանիչներուն, որոնք եղան մեր երկրորդ լուսաւորիչները, որոնց կը պարտինք մեր այսօրուան մշակոյթը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1967)

Յաջորդը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?