Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Լիբանան Մասնակցեցաւ «Moot»-ին (Համաշխարհային Երէց-Պարմանուհիներու Յատուկ Ճամպորիին)

October 30, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային սկաուտական շարժումի կազմակերպութեամբ, 15-րդ Համաշխարհային երէց-պարմանուհի Ճամպորին («Moot»)  տեղի ունեցաւ Իսլանտայի մէջ, 22 յուլիս 2017 – 4 օգոստոս 2017: Այս ճամպորիին մասնակցեցան աշխարհի 89 տարբեր երկիրներէ  5123 երէց- պարամնուհիներ:

Այս ճամպորիի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացք առին դեկտեմբեր 2016-ին: Առաջին իսկ օրէն Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնը` իր վարչական կազմի անդամներէն`   համաշխարհային սկաուտութեան ներկայացուցիչին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանին միջոցով մօտէն հետեւեցաւ ու հետապնդեց Լիբանանի պատուիրակութեան կազմութեան եւ նախապատրաստական աշխատանքները: Լիբանան այս ճամպորիին մասնակցեցաւ 64 անդամներէ կազմուած պատուիրակութեամբ` 54 մասնակիցներ, 9 համաշխարհային օժանդակ խմբակի անդամներ (IST) եւ պատուիրակութեան խմբապետ. անոր մաս կազմեցին նաեւ ՀՄԸՄ Լիբանանէն 3 անդամներ` Մեղեդի Սնապեան (Անթիլիաս մասնաճիւղէն` որպէս մասնակից), Սեւակ Տօնիկեան (Պէյրութ մասնաճիւղէն` որպէս մասնակից) եւ Սեպուհ Տօնիկեան (Պէյրութ մասնաճիւղէն` որպէս համաշխարհային օժանդակ խմբակի անդամ/ IST, ինչպէս նաեւ նշանակուած էր Լիբանանի պատուիրակութեան օժանդակ խմբակի ընդհանուր պատասխանատուն):

Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու սկաուտական խորհուրդները նոյնպէս ճիգ չխնայեցին բարոյապէս ու նիւթապէս օժանդակելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի անդամներուն մասնակցութեան եւ մնայուն կերպով հետեւեցան անոնց աշխատանքներուն:

Ճամպորին բաժնուած էր 4 փուլերու.

1, Բանակումի յատուկ նախապատրաստական դասընթացքներ (22-24 յուլիս), Լոկարտալիւր (մայրաքաղաք): Սեպուհ Տօնիկեան մասնակցեցաւ այս յատուկ դասընթացքներուն, ուր տրուեցան յաւելեալ տեղեկութիւններ` ճամպորիի տարբեր աշխատանքներուն եւ իրեն վստահուած պաշտօնին մասին:

2, Բանակումի առաջին փուլ – «Էքսփետիշըն սենթըրզ» (25-28 յուլիս):

Ճամպորիի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 25 յուլիսին: Յաջորդ առաւօտ  բոլոր մասնակիցներն ու օժանդակ մարմինը փաղանգներու բաժնուեցան ու ուղղուեցան Իսլանտայի մէջ 11 տարբեր շրջաններ: Իւրաքանչիւր շրջան ունէր տարբեր յայտագիրներ, իւրաքանչիւր մասնակցողի նախօրօք տրուած էր իր շրջանին ու փաղանգին անունը, որոնք ճշդուած էին, ըստ մասնակցողներու նախասիրութիւններուն:

Մեղեդի Սնապեան ուղղուեցաւ դէպի Իսլանտայի մայրաքաղաքին հարաւը գտնուող մօտակայ Հաֆնաֆեորտուր շրջան: Ան երեք օրերու ընթացքին իր միջազգային տասնեակին հետ կատարեց հետեւեալ աշխատանքները. առագաստանաւ քշել, արշաւներ, ընկերային ծառայութեան աշխատանք (հանրային պարտէզի մը վիճակի բարելաւում), ծովահէններու առօրեային ծանօթացման յայտագիր:

Սեւակ Տօնիկեանը ուղղուեցաւ դէպի Իսլանտայի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Հէյմալանտ շրջանը, ուր կատարեց արշաւներ (ջրվէժի մէջ եւ լեռներուն վրայ), տեսաւ Իսլանտայի մեծագոյն երկու հրաբուխները, այցելեց Թզուկներու եկեղեցին` անցնելով երեք ջերմաստիճանով գետ մը, մասնակցեցաւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքի (աղբեր հաւաքել եւ արշաւի ճամբայ մը հարթել), տեղեկութիւններ ստացաւ Իսլանտայի հրաբուխներուն մասին:

Սեպուհ Տօնիկեանը ուղղուեցաւ դէպի Աքրանես  ծովեզերեայ գիւղաքաղաքը, որ կը գտնուի Իսլանտայի արեւմուտքը: Ան իր համաշխարհային փաղանգի 40 անդամներուն հետ կատարեց արշաւներ (լեռ ու ջրվէժ), մասնակցեցաւ իսլանտական մարզական երեկոյի եւ ծովեզերեայ խրախճանքի:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Սեպուհ Տօնիկեանը, որպէս փաղանգի խորհրդատու, օրական դրութեամբ հանդիպում կ’ունենար իր փաղանգի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցէր «Աքրանես էքսփետիշըն սենթըր»-ի 11 փաղանգներու խորհրդատուներու ժողովին:

3, Բանակումի երկրորդ փուլ – Ալթինկի (29 յուլիս-2 օգոստոս). 29 յուլիսին բոլոր մասնակիցներն ու օժանդակները համախմբուեցան Իսլանտայի կեդրոնը գտնուող սկաուտական բանակավայրը, ուր երեկոյեան տեղի ունեցաւ խրախճանք մը:

30 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Միջազգային օր»-ը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն ներկայացուց իր երկրի մշակոյթն ու ճաշը: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնակիցները իրենց գործունեայ մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տաղաւարի պատրաստութեան ժամանակ: Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Օփըն մայք»-ը, որուն ընթացքին մասնակիցները բեմ բարձրանալով` առիթ ունեցան ներկայացնելու իրենց ձիրքերը:

31 յուլիսէն 2 օգոստոս բանակումի մասնակցողները առիթ ունեցան շրջելու բանակավայրի տարբեր 5 գիւղերը, ուր կային տարբեր թեմաներով աշխատանքներ` բնութիւն եւ բնութեան պահպանում, առողջութիւն եւ մարզանք, արուեստ (իսլանտական երաժշտութիւն®), պատմութիւն եւ մշակոյթ, կրօններ եւ հոգեբանութիւն:

2 օգոստոսի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին բանակումի խմբապետուհին, Իսլանտայի սկաուտական շարժման ընդհանուր խմբապետուհին, ինչպէս նաեւ յաջորդ «Moot»-ի կազմակերպիչ երկրի` Իրլանտայի սկաուտական շարժման խմբապետը խօսքեր առին:

4, Բանակավայրի Հաւաքում

Փակման հանդիսութեան յաջորդող 2 օրերուն տեղի ունեցաւ ընդհանուր բանակավայրի հաւաքումը, որ վստահուած էր համաշխարհային օժանդակ խմբակի անդամներուն, իսկ վերջին գիշերը, առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքներուն, տեղի ունեցաւ յատուկ ընթրիք-խրախճանք մը: Սեպուհ Տօնիկեան մասնակցեցաւ վերոյիշեալ բոլոր աշխատանքներուն:

Հարկ է յիշել, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնակիցները միակ հայ մասնակիցներն էին այս համաշխարհային սկաուտական հաւաքին ու իրենց այս մասնակցութինը առիթ ընծայեց համաշխարհային գետնի վրայ ծանօթացնելու Հայաստանն ու հայը օտարներուն, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու օտար սկաուտներու, տարբեր երկիրներու մշակոյթներուն ու սովորութիւններուն, յատկապէս` Իսլանտայի, անմոռանալի պահեր անցընելու եւ իրապէս զգալու, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակն ու արժէքները նման են համաշխարհային սկաուտութեան նպատակին ու արժէքներուն,կը միացնեն բոլորը` տիպար ու բարձր մարդկային արժանիքներով անհատներու հովանիին տակ:

Նախորդը

Սփիւռքահայ Հայաստանցին

Յաջորդը

Այն Մրէյսիի «Արշաւանքը»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.