Լիբանանահայ գործարար, բարերար Կարապետ Պապահեքեանի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ու դեսպանութեան աջակցութեամբ, Հայաստան տարուած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Հայանտառ» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան տրամադրուած են լիբանանեան մայրիի 250 տունկեր: Նախաձեռնութեան հեղինակները «Հայանտառ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնութեան եկած են, որ նախ քիչ քանակով (250 հատ) տունկ տարուի Հայաստան:
Տունկերու յաջող աճի պարագային 2000 տունկ եւս պիտի տարուի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նոյնպէս պատրաստակամութիւն յայտնած է տրամադրելու մայրիի 3000 հատ տունկ: Մայրիի առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս ծառատեսակը կ՛աճի լեռնային եւ քարքարոտ վայրերու մէջ: Մայրիներու առկայութիւնը Հայաստանի համար կրնայ կենսոլորտային եւ ջրակարգաւորիչ լուրջ նշանակութիւն ունենալ:
Վերջնական եզրակացութեան համար, թէ տունկերը կը գոյատեւե՞ն, թէ՞ ոչ, պէտք է սպասել առնուազն երկու տարի: Հայաստանի հողին վրայ տունկերու գոյատեւումը պիտի փորձարկուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ տարբեր բարձրութիւններու վրայ: Եթէ փորձը յաջող անցնի, լիբանանեան մայրիներու անտառ պիտի ունենանք, իսկ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ հայ-լիբանանեան բարեկամութեան մայրիներու պուրակ պիտի հիմնուի:


