Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972). Արդի Ժամանակներու Եւ Սփիւռքցի Հայուն Խոհուն Ու Գեղագէտ Երգիչը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն Նիկողոս Սարաֆեան 43 տարի առաջ հեռացաւ այս կեանքէն` հայոց սերունդներուն աւանդ ու ժառանգ կտակելով գրական-ստեղծագործական խորախորհուրդ եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը: Աշխարհին, կեանքին եւ մարդ էակին խորասոյզ փիլիսոփայութեամբ, այլեւ անսպառ բարութեան եւ ազնուութեան զեղուն յոյզերով նայող ու պաշտող բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: Արդի ժամանակներու եւ սփիւռքցի հայուն տարերքն ու ներաշխարհը իմաստասիրող, քննադատաբար ու ճշմարտութեան պաշտամունքով...



















