Յօդուածներ

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի Բացառիկին.  Հերոս Մեր Ժողովուրդին Արժանաւոր Ղեկավարում Ապահովենք

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի Բացառիկին. Հերոս Մեր Ժողովուրդին Արժանաւոր Ղեկավարում Ապահովենք

Թուրքիոյ ցեղասպան իշխանութիւնը ձախողեցաւ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու իր դիւային ծրագիրը իրականացնելուն մէջ: Երիտասարդական հազարաւոր շուրթներէ հնչած այս կարգախօսը հաւասարազօր է «Մենք յաղթեցինք» յայտարարութեան, որ ամէնէն ճիշդ կերպով արտայայտեց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներէն ճառագայթող ոգին: Հայ ժողովուրդը իր յաղթանակը նշանաւորած է Հայաստան պետութեամբ, ազատագրուած Արցախով, Հայոց ցեղասպանութեան ու բռնագրաւուած հայրենիքի յուշն ու հատուցման պահանջը իրենց սրտին մէջ օրէ օր ահագնացող կրակով...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Տարուան Մարդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարուան Մարդը

Ամանորի առթիւ սովորութիւն դարձած է ընտրել տարուան քաղաքագէտը, տնտեսագէտը, արուեստագէտը, մարզիկը, եւ դեռ շարքը երկար է: Նմանօրինակ ընտրութիւն կամ մրցանք տարիներէ ի վեր ստեղծուած սովորութիւն է... իսկ ներկայ համաշխարհայնացած օրերուն` հաւանաբար շահաբեր չափազանցութիւն կամ հասութաբեր աւելորդաբանութիւն: Բնականաբար այս տարեվերջի մրցանակաբաշխութիւնը, մեր հայրենիքէն ներս ալ ընդհանրացած է: Սակայն այս ստեղծուած եւ երբեմն շինծու նկատուած տարուան լաւագոյնին կամ տարեշրջանի անձնաւորութեան կարելի է...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Դ./2015.  Յանուն Սուրիահայութեան Անվտանգութեան

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Դ. Հաշուեյարդար` Նոր Տարուան Սեմին

Թերթի մը համար տարեկան հրապարակային թափանցիկ հաշուեյարդարը կարեւոր կը համարենք` ե՛ւ մեր ընթերցողներուն հետ կիսելու մեր մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները, ե՛ւ ակնկալելու «Գանձասար»-ի յառաջընթացին ի նպաստ խմբագրութեանս ուղղուած կառուցողական եւ շինիչ առաջարկներու, քննադատութեանց առնչուող նամականիի հաստատումը: 2015-ը իր աւարտին հասաւ: Պատերազմական տարի մը եւս գլորեցինք. տարի մը, որ լի էր դժուարութիւններով, հիասթափութիւններով, միաժամանակ` մաքառումներով ու հոսանքն ի վեր թիավարելու վճռակամութեամբ: Սուրիական...

Մեր Մայրերուն Եւ Հայրերուն «Դուք Որո՞ւ Կը Նմանիք»

Նոր Տարիին` Հայրենիքին Ու Աշխարհին` «Խաղաղութիւն Ամենեցուն»

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Փորձութիւնները պաշարեցին, սպառեցին անցած տարին: Ան մեկնեցաւ միանալու մեր պատմութեանն անցեալ դարձած: Մեր յօրինած ու նուիրած երազները, մաղթանքները լաւ օրերու, երջանկութեան` հետը տարաւ անցեալ տարին: Գացած տարին հազիւ եկած ու բարեւած ժողովուրդը` ահաբեկիչ զինեալները խմբագրատունն արշաւեցին, սպաննեցին հեղինակներն ազատամիտ խինդ ծիծաղի, համայն աշխարհը ցնցեցին` ցաւով սուգովը «Շարլի»-ին: Նախագահները սգակից երկիրներուն եկան Փարիզ, ու թեւ թեւի մտած...

Ս. Ծննդեան Տօնը` Իր Համընդհանուր Խորհուրդներով

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան տօնը իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ խորհուրդներ ու պատգամներ, որոնք մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն իւրայատուկ հնչեղութիւն ունին համամարդկային առումով: Ծննդեան տօնը նախ ուրախութեան տօնն է, ուրախ լուրին` ԱՒԵՏԻՍԻՆ տօնն է, աւետիս մը, որ աւելի քան 2000 տարիէ ի վեր տրուեցաւ մարդկութեան` աւելի խաղաղ ու աւելի արդար աշխարհ մը ունենալու: Եւ հիմա քրիստոնէական առումով խաղաղութեան եւ արդարութեան...

«Ծնաւ Նոր Արքայ»

«Ծնաւ Նոր Արքայ»

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Մինչեւ ոսկորները թափանցող ու իր ներկայութիւնը տիրականօրէն զգացնող ցուրտին ընկերակցութեամբ եւ մաղուող թեթեւ, սակայն ձիւնախառն անձրեւին օրհնութեամբ կը քալենք արդէն իսկ քունին յանձնուած եւ խաղաղութեամբ ննջող փողոցներէն` թանձր լռութիւնը խզելով մեր ցած, սակայն արձագանգող կարճ խօսակցութիւններով: Մեծ է խումբը, պատասխանատուները կը քալեն առջեւէն` առաջնորդելով զայն, ետեւ կը մնան դանդաղաշարժները, որոնց շտապելու ցուցմունք կու տան աւելի երէցները: Յանկարծ պատրաստուելու...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Հայկական Սուրբ Ծնունդ Եւ Ուրիշ Բաներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կրկին Սուրբ Ծնունդ է: Յիսուսի Ծնունդը: Աւելի ճիշդ` 6 յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Հազիւ հին տարին թանգարան յանձնած եւ նորին հաշուոյն միայն քանի մը օրեր ապրած, ահա այս անգամ, իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, կրկին հաւաքուած ենք խթման աւանդական սեղանին շուրջ` դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը: Նոր տարուան շեմին, բոլորին նման, արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայ Եկեղեցւոյ Բոլոր Տաճարներուն Մէջ Նոր Տարուան Գիշերը Կատարուեցաւ Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Նռնօրհնէք Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ամանորի գիշերը, ժամը 24:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներուն մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ նռնօրհնէք: Նշենք, որ նռնօրհնէքի համար նախատեսուած նուռը այս տարի մայր տաճարին ընծայած են Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները: ՀՕՄ-ականներ Այցելած Են Սահմանամերձ...

Նամականի

Նամականի – Յստակացման Կարգով. Նոյնքան Եւ Աւելի՛ Նախանձախնդիր

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ  «Ազդակ»-ի երէկուան թիւով եւ «Անդրադարձ» գլխուն տակ լոյս տեսած գրութիւնը կ’անդրադառնար թերթին երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ հրատարակուած մեր «Նամականի»-ին, որուն մէջ կը ներկայացնէինք հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն Սուրբ Ծնունդը «Քրիսմըս»-ով փոխարինելու մտահոգութիւնը` նշելով օտար բարքերու եւ սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու երեւոյթը, իբրեւ ժողովուրդի մը զաւակներուն այլասերման ցուցանիշ: Մեր «Նամականի»-ին մէջ ի միջի այլոց կը յիշէինք նաեւ, որ`...

«Ազրպէյճանն Ընտրել Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Ճանապարհը»

«Ազրպէյճանն Ընտրել Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Ճանապարհը»

«Արմէնփրէս»-ի Հարցազրոյցը ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարար, Զօրավար Լեւոն Մնացականեանի Հետ Այսպիսի գնահատական տուեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցում: Նա խօսել է սահմանային անվտանգութեան ու բանակի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների մասին: «ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ».- Պարո՛ն Մնացականեան, եթէ ամփոփելու լինենք 2015 թուականը, ինչպիսի՞ն էր այն Արցախի բանակի համար: ԼԵՒՈՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ.- Բանակաշինութեան տեսանկիւնից 2015 թուականն Արցախի զինուած ուժերի...

Ռակըպ Զարաքօլուի Բանախօսութիւնը Պերլինի Մէջ.  «Երբ Հարիւրամեակը Կը Փակուի, Թուրքիա Ի՞նչ Կորսնցուց»

Ռակըպ Զարաքօլուի Բանախօսութիւնը Պերլինի Մէջ. «Երբ Հարիւրամեակը Կը Փակուի, Թուրքիա Ի՞նչ Կորսնցուց»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Թուրք ազատամիտ հրապարակագիր մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու, որ ներկայիս Եւրոպա կ՛ապրի, Պերլինի Շարլոթենպուրկի քաղաքապետութեան սրահին մէջ հայոց եկեղեցիի ու մշակութային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ ու իր խօսքերուն սկսաւ` ողջունելով սա լեզուներով. «Բարեւ ձեզ, շլոմօ, շալոմ, քալիմէրա, սեր զաւա»: «Ձեզ կ՛ողջունեմ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհուած ժողովուրդներու լեզուով», ըսաւ Զարաքօլու իր բանախօսութեան սկսելէ առաջ: Բանախօսութեան թեման հետեւեալն էր`...

«Պոլսահայ Համայնքը Լուրջ Մարտահրաւէրների Ու Խնդիրների Առջեւ Է Կանգնած». Լ. Լաճիկեան

ԳԱՅԵԱՆԷ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Լեւոն Լաճիկեանի խօսքով, պոլսահայութեանը կորցնել` նշանակում է արեւմտահայութեան այդ ողջ ժառանգութիւնը կորցնել: «Պոլիսը` մօտ եւ հեռու». ահա այս խորագրով արուեստաբան, նկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի անհատական ցուցահանդէսն էր վերջերս բացուել Պոլսում` պոլսահայ համայնքի նախաձեռնութեամբ: Ցուցահանդէսում ներկայացուած են մի քանի տասնեակ գծանկարներ, որոնք պատկերում են հին ու նոր Պոլիսները: Արուեստագէտը իր հոգու թելադրանքով փորձել է ներկայացնել Պոլսոյ հայկական այն թաղամասերը, պատմամշակութային...

Տիանա Մարկոսեանի «1915» Ֆոթոնախագիծը

Տիանա Մարկոսեանի «1915» Ֆոթոնախագիծը

«Հայերն Այսօր» Ամերիկեան «Հաֆինկթըն Փոսթ» պարբերականն անդրադարձել է ամերիկահայ լուսանկարիչ Տիանա Մարկոսեանի «1915» ֆոթոնախագծին, որը ներկայացնում է Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածների անձնական յուշերն ու պատմութիւնները: «Միտիամաքս.Էյ.Էմ»-ի  փոխանցմամբ` 2014 թ. հոկտեմբերին Տիանա Մարկոսեանը կարողացաւ Հայաստանում հանդիպել Ցեղասպանութիւնը վերապրած 10 անձանց հետ, որոնցից միայն երեքը` Մովսէս Հանէշեանը, Մարիամ Սահակեանը եւ Եփրաքսիա Գէորգեանը, կարողացան հեղինակին պատմել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս էին ապրում իրենց ծննդավայրում...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Կրկին Հայաստանի Եւ Արցախի Տիրութեան Եւ Բնակեցման Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ո՛ւր որ ալ գտնուիմ, Լիբանան, Ֆրանսա, Ամերիկա (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), կը խօսուի Հայաստանի եւ Արցախի մասին, թէեւ միայն Հայաստան պէտք է ըսել, քանի որ քաղաքական-դիւանագիտական ճապկումները ազգի մէկութեան չեն վերաբերիր, Արցախը Հայաստան է, զանոնք տարբեր համարել` ազգավնաս զիջում է: Զարմանալի՛. Հայաստան չեմ լսեր վերաբնակեցման եւ հայրենադարձութեան մասին: Կը խօսուի «միկրացիա»-ի մասին, բայց չես գիտեր` ո՞ր գործնապաշտութեամբ, չի գործածուիր...

Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցին Ապագային Մասին

Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցին Ապագային Մասին

Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան համար եղաւ բարիք մը, մանաւա՛նդ` գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով` կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքին մէջ: Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր` առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ...

Հարիւր Տարի, Հարիւր Երգ, Հարիւր Աշակերտ…

Հարիւր Տարի, Հարիւր Երգ, Հարիւր Աշակերտ…

ՅԱԿՈԲ ՓՈՔՐԱՒՈՐԵԱՆ ԳՈՀԱՐ համոյթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի իր գործունէութիւնները եզրափակեց` երջանկացնելով հարիւր հայ աշակերտներ` իրենց դպրոցներուն ու ծնողներուն հետ միասին: ԳՈՀԱՐ-ը արուեստով համակուած իր աննախընթաց ելոյթներով զարմացուցած, ուրախացուցած եւ հպարտացուցած է աշխարհասփիւռ հայ արուեստասէր հասարակութիւնը: Սակայն ԳՈՀԱՐ-ը հանդիսատեսին հաղորդակից է ոչ միայն իր արուեստով, այլ նաեւ` աւանդութեան կարգ անցած նուիրաբեր գործունէութեամբ: Իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք ԳՈՀԱՐ-ի որոշմամբ համերգներու հասոյթը կը նուիրաբերուի...

Հայ Կին Ռազմիկներու Կերտած Անզիջող Ուղին

Հայ Կին Ռազմիկներու Կերտած Անզիջող Ուղին

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Հզօր եղաւ հայ կինը մեր պատմութեան ընթացքում: Աշխարհը չգիտէ, թէ ի՛նչ երկաթէ կամք, ի՛նչ անընկճելի կորով, ի՛նչ անձնուրաց արիութիւն կայ այդ թխադէմ, այդ հեզ ու բարի աչքերով, ամօթխած ու արդար էակի մէջ, որ կոչւում է հայ կին...» ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Պատմութեան ընթացքին հայ կինը իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է տարբեր ոլորտներէ ներս` մշակութային, դիւանագիտական, ռազմական եւ այլ: Հազարաւոր տասնամեակներ...

Նիւ Եորքի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Նշում Եւ Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Դրամահաւաք

Նիւ Եորքի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Նշում Եւ Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Դրամահաւաք

Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 125-ամեակի նշումը: Հայաստանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու կատարումներէն ետք, «Արմէն Գարօ» կոմիտէին եւ ՀՅԴ 125-ամեակի յանձնախումբին անունով երեկոն պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Նազարէթ Մարգարեան: Ան ողջունեց ներկաները սոյն յոբելենական ձեռնարկին իրենց մասնակցութեան համար, ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր երդուեալ դաշնակցական նահատակներուն` անցնող 125 տարիներուն...

«Թելեկրաֆ». Իրանի Հայկական Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Տաճարներէն Է

«Թելեկրաֆ». Իրանի Հայկական Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Տաճարներէն Է

Իրանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ը կը համարէ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ տաճարներէն մէկը: «Այս հայկական եկեղեցին կը գտնուի Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը` բնակավայրերէ հեռու, կանաչ դաշտավայրի մը մէջ, որ երբ տեսնես, կը համոզուիս, որ Իրանի մէջ ոչ միայն անապատներ եւ մզկիթներ կան: Եկեղեցւոյ կամարները, որմնախորշերն ու գմբէթը զարդարուած են որմնանկարներով եւ քանդակներով: Ոմանք կը հաւատան, որ եկեղեցւոյ մէջ կը պահուին Սուրբ Գրիգորի...

Անդրադարձ.  Գլխաւորը

Անդրադարձ. Գլխաւորը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին «Ազդակ»-ի 3-րդ էջով լոյս տեսած նամականի մը մտահոգութիւն կը յայտնէր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներու կողմէ «Քրիստմըս»-ի նշման առնչութեամբ: Բաժնելով հանդերձ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անհատներու կողմէ յունուար 6-էն հրաժարելով` 25 դեկտեմբերի որդեգրման գծով արտայայտուած մտահոգութիւնը` պէտք է նշենք, որ նամականիին մէջ հայկական վարժարաններու կողմէ նոր տարուան իրենց արձակուրդը փոխան անցեալի 26 կամ 27 դեկտեմբերին` 25...

Page 976 of 1110 1 … 975 976 977 … 1,110

Արխիւներ