Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը, Գիւմրին Եւ Հայաստանի Գնացքը

Յունուար 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Զբօսաշրջիկին կողմէ, եւ` ընդհանրապէս, անտեսուած է Հայաստանի երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին: Երեւանէն 122 քմ դէպի հիւսիս` Ախուրեան գետի աջ ափին գտնուող պատմական, գեղեցիկ, իւրայատուկ եւ դասական քաղաքը ինքնաշարժով եւ ճանապարհային  խստապահանջ օրէնքներով կարելի է հասնիլ շուրջ երկու ժամէն, իսկ գնացքով` շուրջ երեք ժամէն, իր 17 հետաքրքրական փոքր ու մեծ կայաններով: «Հայաստանի հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ն` մարդատար եւ բեռնատար, առօրեայ երթեւեկային կարեւոր փոխադրամիջոցներէն է: Ելեկտրականութեամբ բանող գնացքը կրնայ միաժամանակ 400 ճամբորդ փոխադրել իր չորս կառքերով եւ հանգստաւէտ նստարաններով: Անփորձին համար նախընտրելի է առաջին մեքենավար կառքին մէջ նստիլ, որ առաւելագոյնս հեզասահ է:

Հայաստանի գնացքներէն մին Գիւմրիի կայարանը Կառքին հանգստաւէտ նստարանը
Հայաստանի գնացքներէն մին Գիւմրիի կայարանը
Կառքին հանգստաւէտ նստարանը
Կառքին հանգստաւէտ նստարանը

Կարելի է դիւրաւ ծրագրել դէպի Գիւմրի միօրեայ ճոխ յայտագիր մը` օգտագործելով գնացքը: Երեւանի որեւէ ստորերկրեայ մեթրօ կայանէ 100 դրամով կամ վարձակառքով կարելի է հասնիլ «Սասունցի Դաւիթ» հրապարակ, ուր կը գտնուի երկաթուղային գլխաւոր կայարանը: Այս տեղէն օրական երեք գնացք կ՛ուղղուի դէպի Գիւմրի, այս գրութեան ժամանակ` ժամը 7:55-ին, 14:20-ին եւ 18:15-ին, իսկ Գիւմրիէն Երեւան վերադարձը ժամը` 8:25-ին, 11:45-ին եւ 18:45-ին, մէկ ուղղութեան սակը 1000 դրամ է (2,2 տոլար):

Միօրեայ 14 ժամուան զբօսապտոյտը Երեւանէն կը սկսի ժամը 7:55-ին` կանգ առնելով Սիս, Էջմիածին, Մասիս, Հայկաշէն, Արտաշատ, Սովետական, Արմաւիր, Արաքս, Դալարիկ, Քարակերտ, Արտենի, Արագած, Անի, Գուսանագիւղ, Բայան Դուռ եւ վերջապէս հասնելով Գիւմրի` ժամը 10:50-ին: Իւրաքանչիւր կայարան տասէն տասնհինգ վայրկեան հեռաւորութեամբ, իր իջնող եւ ելլող, երբեմն աչքառու եւ հետաքրքրական ճամբորդներով, դէպքերով, բնութեան եւ գիւղական կեանքի համայնապատկերներով եւ քաղաքներու սքանչելի տեսարաններով, անմոռանալի տպաւորութիւններով կը հարստացնէ ճամբորդին ներաշխարհը: Յանձնարարելի է ջուր ապահովել, թէեւ երբեմն գնացքին մէջ ջուր, զովացուցիչ եւ զանազան ուտելիքներ վաճառողներու կարելի է հանդիպիլ: Ունինք եօթուկէս ժամուան ճոխ ծրագիր Գիւմրիի մէջ` այցելելով քաղաքին տեսարժան բազմաթիւ վայրերէն կարելին, եւ` ճաշել:

Արարատը` գնացքէն դիտուած
Արարատը` գնացքէն դիտուած
Ախուրեան ջրամբարը` ներկայիս սահման Արեւմտահայաստանի հետ
Ախուրեան ջրամբարը` ներկայիս սահման Արեւմտահայաստանի հետ

 

 

 

 

 

 

 

yegeghetzi_010416Kugh_010416Երեք ժամ գնացքին մէջ նստելէ ետք, կարելի է շուրջ մէկ քիլոմեթր քալել, ծանօթանալով քաղաքին` կայարանէն ուղղուելով ձախ, (կամ` վարձակառքով, Գիւմրիի մէջ նուազագոյն սակը 500 դրամ է) Կորքի փողոցով դէպի Խաղաղութեան հրապարակ, ուր հասնելէ առաջ, աջին կը գտնուի ձիաւոր Աշոտ Բ. Երկաթի արձանը, եւ շուրջը` քանի մը սրճարան: Սուրճի կարճ դադարէ մը ետք «Յաղթանակի» լայն պողոտայով կ՛ուղղուինք դէպի հարաւ, որուն երկայնքին կեդրոնը շուրջ 700 մեթր ծառաստան է: Առաջին այգին Աւետիք Իսահակեանի անունով է, ուր տեղի կ՛ունենայ միջազգային քանդակագործութեան փառատօն, որուն երկրորդը կայացաւ 11 օգոստոս 2015-ին: Վերջին այգին «Յաղթանակի» պարտէզն է, ուր տեղադրուած են հայ ազգային ազատագրական պայքարի 15 նուիրեալներու` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Արամ Մանուկեանի, Դրոյի, Նիկոլ Դումանի, Գարեգին Նժդեհի, Սերոբ Աղբիւրի, Սօսէի, Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ այլ հերոսներու պրոնզէ դիմաքանդակները, իսկ վերջաւորութեան Զօրավար Անդրանիկի ձիաւոր մեծադիր արձանը` իր անունով կոչուած հրապարակին վրայ:

Աշոտ Բ. Երկաթ թագաւոր
Աշոտ Բ. Երկաթ թագաւոր
Զօրավար Անդրանիկ
Զօրավար Անդրանիկ

«Յաղթանակի» պարտէզին դիմաց կը գտնուի Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը, որ նաեւ ճանչցուած է իբրեւ «Ձիթողցոնց» (Ձիթողցեան) տուն-թանգարան: Թանգարանին մէջ ներկայացուած են 19-րդ դարու Գիւմրիի զանազան արհեստներու նմուշներ եւ գործիքներ, ճոխ է ոսկերչութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ` երկաթագործութեան, ատաղձագործութեան, գորգագործութեան, դերձակութեան, շինարարութեան եւ այլն: Ցուցադրուած են նաեւ քաղաքին մանրաքանդակը` մաքեթ եւ արուեստի այլ գործեր: Երկյարկանի, լայնատարած համալիրը ինքնին ճարտարապետական տեսարժան ոճային իւրայատուկ արժէք ներկայացնող կառոյց է, որուն կողքին կը գտնուի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին: Պատմութեան ընթացքին Գիւմրին ունեցած է քանի մը անուններ` Կումայրի, Ալեքսանդրապոլ եւ Լենինական:

 

Քրիստափոր Միքայէլեան
Քրիստափոր Միքայէլեան
Ռոստոմ - Ստեփան Զօրեան
Ռոստոմ – Ստեփան Զօրեան
Սիմոն Զաւարեան
Սիմոն Զաւարեան
Ձիթողցոնց Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը «Յաղթանակի» պարտէզին դիմաց
Ձիթողցոնց Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը «Յաղթանակի» պարտէզին դիմաց

Մեր յաջորդ կայանը պիտի ըլլայ Գիւմրիի «Ազատութեան» կամ «Վարդանանց» կեդրոնական հրապարակը, ուր կը հասնինք թանգարանին դիմացի կողմէն, շեղակիօրէն Արագած փողոցով: Ուղղանկիւնաձեւ եւ  լայնատարած հրապարակին կեդրոնը կը գտնուին` Վարդան Մամիկոնեանի, Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսի, Ղեւոնդ Երէցի, Սահականուշ իշխանուհիի եւ Արտակ Կամսարականի խիստ տպաւորիչ արձաններու խումբը եւ շատրուաններով աւազանը: Հրապարակին հիւսիսը կը գտնուի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եօթը Վէրք եկեղեցին, արեւելքը` քաղաքապետարանի դասական ճարտարապետութեամբ կառուցուած լայնատարած շէնքը, արեւմուտքը` ճաշարաններ, իսկ հարաւը` 1988-ի երկրաշարժէն վնասուած եւ նորոգութեան ենթարկուող Սուրբ Ամենափրկիչ մայր եկեղեցին, որ կառուցուած է 1850-1870, Անիի մայր տաճարին օրինակով: Այս եկեղեցիին քովէն կ՛երկարի շուրջ 50 խաչքարերով եզերուած այգի-հրապարակը, որուն վերջաւորութեան կը գտնուի «Ալեքսանդրապոլ» պանդոկը: Իսկ ժողովրդային մեծ շուկան կը գտնուի այս այգիին զուգահեռ աջ փողոցի երկայնքին:

«Վարդանանց» արձաններու խումբը
«Վարդանանց» արձաններու խումբը
Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցին
Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցին

Արդէն հասած է ճաշի ժամը, եւ կարելի չէ Գիւմրի այցելել առանց ճաշելու «Ձկան ձոր» նշանաւոր ճաշարանին մէջ: Ճաշարանը կը գտնուի քաղաքէն ոչ հեռու, 1834 թուականին կառուցուած ռուսական շրջանակաձեւ եւ պատմական Սեւ բերդին մօտ: Վարձակառքով կը հասնինք նաեւ «Չերքեզի ձոր» կոչուող բացօթեայ եւ ներքին ձկնաբուծարան-ճաշարանը` լճակներով եւ ծառերով շրջապատուած` գեղեցիկ բնութեան մէջ, ուր կարելի է համտեսել թարմ ձուկի տեսականի` իշխան, կարմրախայտ, ֆորել, ձկնկիթ եւ հայկական այլ ճաշատեսակներ, մասնաւորաբար` տեղական պատրաստութեան «Խարջի» բացառիկ գինին, կամ` Գիւմրիի նշանաւոր գարեջուրը: Նկատի առնելով, որ պէտք է Երեւան վերադառնալ ժամը 18:45-ի գնացքով, կարելի է այստեղ մնալ առաւելագոյնը մինչեւ ժամը 17:00:

 

«Ձկան ձոր» ճաշարանը
«Ձկան ձոր» ճաշարանը
 Ճարտարապետական կոթող մը
Ճարտարապետական կոթող մը

Վերադառնալով «Վարդանանց» հրապարակ` թելադրելի է հետիոտն շրջագայիլ Աբովեանի անուան սալայատակ փողոցի երկայնքին, մինչեւ Սուրբ Նշան եկեղեցի` կառուցուած 1876-1885: Այս փողոցին վրայ գտնուող գրեթէ իւրաքանչիւր շէնք ճարտարապետական կոթող մըն է, որ մեզ կը տանի 19-րդ դար, ուր կարծես կը վերապրինք ցարական շրջանի եւ անոր յաջորդող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը:

Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմացի անկիւնը` Աբովեան-Ռուսթաւելի խաչմերուկին վրայ կը գտնուի շատ հետաքրքրական «Վիլլա Կարս» կոչուած իւրայատուկ պանդոկը, որ կը պատկանի Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթալթոյին: Սիկիլիա ծնած բժիշկը, 1988-ի երկրաշարժին, բժշկական կամաւոր խումբի մը իբրեւ անդամ, եկած է Գիւմրի եւ որոշած է մնալ այստեղ` շարունակելով աղէտեալներուն օժանդակելու բազմաբնոյթ իր գործունէութիւնը: Ան զուտ անձնական միջոցներով հիմնած է «Ֆեմիլի քեր» մարդասիրական հաստատութիւնը, որուն նպատակն է պատանի հաշմանդամներուն արհեստներ սորվեցնել` զանոնք ինքնաբաւ դարձնելու ծրագիրով մը: Աշխատանոց-դպրոց կեդրոնին մէջ խեցեգործութիւն, գորգագործութիւն եւ գծագրութիւն կը սորվին, եւ աշակերտներուն զանազան գործերը կը վաճառուին «Վիլլա Կարս»-ի եւ այլ հաստատութիւններու մէջ:

«Վիլլա Կարս» պանդոկը եւ սեփականատէրը
«Վիլլա Կարս» պանդոկը եւ սեփականատէրը
Սուրբ Նշան եկեղեցին
Սուրբ Նշան եկեղեցին

Առիթը ունեցանք օր մը գիշերել պատմական այս պանդոկին մէջ, ուր գրեթէ բոլոր կահ-կարասիները, կառոյցին նման, աւելի քան հարիւր տարուան  հնութիւն ունին: Իբրեւ նիւթական օժանդակութիւն` ան ժողովուրդէն կը գնէ հին կահոյք, եւ իրօք, ականատես եղանք բեռնակառքով հին պահարանի մը փոխադրութեան, որ նորոգուելէ ետք պիտի զետեղուէր պանդոկի տասը սենեակներէն մէկուն մէջ: Տարօրինակ եւ զարմանալի կը գտնեմ, որ այս բարերարին մասին համացանցին մէջ հայերէնով որեւէ գրութիւն չի գտնուիր: Միւս կողմէ, ցաւալի է, որ տակաւին 1988-ի երկրաշարժին պատճառով անպատսպար մնացած ընտանիքներ կը գտնուին, որոնք սակայն 2016 տարեշրջանին պիտի ստանան իրենց բնակարանները:

Հրաժեշտի ժամը եկած է, սակայն մեր վերջին գործը պիտի ըլլայ Գիւմրիի նշանաւոր «պոնչիկ» քաղցրաւենին համտեսել «Վարդանանց» հրապարակի վրայ գտնուող սրճարանէն, եւ ապա ուղղուիլ կայարան: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ զբօսաշրջիկ պէտք է իր ծրագիրին մէջ ներառէ Գիւմրի այս այցելութիւնը, որ բոլորովին տարբեր հրապոյրով կը հարստացնէ մեր ներաշխարհը: Պակասաւոր կ՛ըլլայ մեր Հայաստան ուղեւորութիւնը` առանց այցելելու Գիւմրի, եւ մանաւանդ` գնացքով: Բարի՛ վայելում:

2 սեպտեմբեր 2015

Գիւմրի

Նախորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (9). Երէկ Եւ… Այսօր (Վերջաբան)

Յաջորդը

Ջիւան Աւետիսեանն Իր Նոր Ժապաւէնի Շուրջ Աստղային Կազմ Է Հաւաքել

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?