Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւն Եւ Ինքնութիւններ (Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Շեմին)

Յունուար 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ
Հոգեբան
Դասախօս Մոնրէալի համալսարանի հոգեմանկավարժական բաժանմունքէն ներս
Ordre des Psychologues du Quebec-ի անդամ

Failed_010116

Հայկական իրականութեան մէջ անցնող տարին` 2015-ը, յատկանշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներով: Համերգներ, երաժշտական երեկոներ, ցուցահանդէսներ, շարժապատկերի ցուցադրումներ, դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ ու քայլարշաւներ գրաւեցին հայ եւ օտար հասարակութեան ուշադրութիւնը: Ապրիլ 24-ին հարիւր հազարաւոր հայորդիներ ողողեցին Երեւանի, Ստեփանակերտի, Լոս Անճելըսի, Օթաուայի, Պէյրութի, Փարիզի եւ աշխարհի բոլոր հայահոծ քաղաքներու փողոցները` պահանջելով արդարութիւն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում: Պոլսոյ մէջ ալ ցոյցեր տեղի ունեցան եւ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներու կողքին տեսանք թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ: Անգամ մը եւս միջազգային ատեաններու վրայ արծարծուեցաւ Հայկական հարցը: Բազմաթիւ խորհրդարաններու մէջ քուէարկուեցան հայանպաստ գրանցումներ:

Հայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ անմոռուկին շուրջ: Տարեցներ, չափահասներ, երիտասարդներ ու մանուկներ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, մէկ հոգիի նման ոտքի ելան: Իւրայատուկ մթնոլորտ, եռանդ ու խանդավառութիւն, հսկայական նիւթական ու բարոյական ներդրում, հայոց պետականութեան ու հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ժրաջան ու միացեալ աշխատանք, բազմահազար կամաւորներ, նոր ծրագիրներ, յոյսեր եւ ցանկութիւններ:

Երեւութապէս ոչինչ փոխուեցաւ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը չգործածեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Թուրքիոյ պետութիւնը նոյն թուականին կազմակերպեց Կալիփոլիի նուիրուած միջազգային ձեռնարկը եւ շարունակեց հերքել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բրտութեան հերքումով կրկնուեցաւ հոգեխոցը: Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, անգամ մը եւս անզօր զգացինք: Այդքա՛ն ներդրում` եւ նորէն նոյն դաժան լռութեան պատը:

Երբ անհատ մը կամ հաւաքականութիւն մը իր բոլոր դրական, ստեղծագործ մղումները կը ներդրէ յանուն նպատակի մը եւ կը լարէ իր ամբողջական ուժերը` ձգտելով  իրականացնելու զայն, կրնայ խոր յուսախաբութեան եւ նոյնիսկ յուսահատութեան մատնուիլ, եթէ ձախողի: Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդին այս իրականութիւնը չընդունիլը` որպէս ձախողութիւն: 100-ամեակը տարբեր չէ 99-ամեակէն կամ 101-ամեակէն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած պայքարը միշտ ալ պիտի բախի Թուրքիոյ կողմէ հերքումի եւ մաշումի քաղաքականութեան, եթէ չփոխուի Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը, եթէ հայերը չկատարելագործեն իրենց աշխատելաձեւը, եթէ չփոխուի Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը (բան մը, որ սկսած է ընթացք առնել, բայց` ի շահ որո՞ւ):

100 տարի է, որ թուրք հասարակութիւնը կ՛ապատեղեկացուի: 100 տարի է, որ թրքական պետութիւնը կ՛ուրանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր անմարդկային  արարքները, կը կեղծէ պատմութիւնը, կը ջանայ ոչնչացնել Արեւմտահայաստանի հայութեան գոյութեան  հետքերը` շարունակելով Ցեղասպանութիւնը եւ կարծելով հեռացնել անոր ճանաչման հաւանականութիւնը: Այս ուրացման քաղաքականութեան վրայ կ՛աւելնան փոքրամասնութիւններու նկատմամբ Թուրքիոյ վարած խտրականութեան անարդար քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` երկրէն ներս մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը, որոնք կու գան միայն շեշտելու անոր ժխտական, բռնակալ դիմագիծը: Այս երեւոյթը կ՛ամրապնդուի, երբ Թուրքիա անուղղակիօրէն կը խթանէ Միջին Արեւելքի մէջ գործող ծայրայեղական ուժերու բարբարոսութիւնները` ընդդէմ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ` հայերուն: Քեսապի գրաւում, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ դիտումնաւոր աւերում` կու գան սրելու իւրաքանչիւր հայու անիրաւուած ըլլալու զգացումը, բայց եւ կ՛ամրապնդեն հայկական ինքնութիւնը:

Ինքնութիւնը հոգեբանական, ընկերաբանական, մարդաբանական բարդ հասկացողութիւն մըն է, զոր յաճախ, մեր սովորական արտայայտութիւններուն մէջ կ՛օգտագործենք պարզացնելով զայն: Կը խօսինք հայկական ինքնութեան մասին` կարծես միատեսակ, պարզ եւ յստակ ըլլայ այն:

Արդարեւ, ինքնութիւնը բազմերես է, փոփոխական եւ յարաբերական:  Ինքնութիւնը կը զարգանայ անհատին աճման զուգահեռ, ըստ անոր կեանքի պայմաններուն, ըստ անոր ունեցած յարաբերութիւններուն եւ ապրած միջավայրին եւ շրջապատին: Ըստ մարդաբան Վենսոնոյի (Vinsonneau, 2002), ինքնութիւնը առիթը կու տայ թէ՛ անձնական իւրայատկութիւններու դրսեւորման  (անհատական գիծեր) եւ թէ՛ խումբի մը նմանելու ջանքին (հաւաքական գիծեր):

Անհատը ունի բազմաթիւ ինքնութիւններ` ընկերային, լեզուական, մշակութային, կրօնական, արհեստավարժական, ազգային եւ այլն: Ան ունի նաեւ ինքնազգացողութիւն: Հաւաքականութիւն մը եւս ունի բազմաթիւ ինքնութիւններ, եւ այս բոլոր ինքնութիւնները կը գոյակցին` երբեմն զիրար խաչաձեւելով, երբեմն ալ զիրար ամբողջացնելով: Սակայն մէկ ինքնութիւն կայ, որ բոլոր հայերունն է եւ հայութեան բոլոր ժառանգորդներունը: Ցեղասպանութիւն ապրածի ինքնութիւնը: Ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք, ցիրուցան սփիւռքի մէջ, ներկայի Թուրքիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ թէ Արցախի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց մասնագիտութիւնը, հայերէն խօսին անոնք թէ ոչ` բոլորը ունին ինքնութիւն մը, որուն համար հալածուեցան, ջարդուեցան, սպաննուեցան, բայց որուն համար նաեւ մղեցին ինքնապաշտպանական մարտեր, ազատագրեցին հողեր: Ինքնութիւն մը, որ իրեն հետ կը բերէ թէ՛ կրկնուող ու մշտանորոգ ցաւոտ հոգեխոց, թէ՛ հպարտութիւն. թէ՛ պարտքի զգացում նախնիներու նկատմամբ եւ թէ՛ ժառանգութեան փոխանցման պատասխանատուութիւն` գալիք սերունդներուն նկատմամբ. թէ՛ տեղահանուած ու արմատախիլ եղած, հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդի ցաւ, թէ՛ հազարամեայ պատմութիւն, հարուստ մշակոյթ ու անկախ պետականութիւն ունեցող ազգի գոհունակութիւն:

Այս կրկներես ինքնութիւնն է, որ արտայայտուեցաւ ամբողջ 2015 տարուան ընթացքին: Մեր հոգիները հպարտութեամբ ու գոհունակութեամբ լեցուեցան, երբ տեսանք ու ապրեցանք մեր հաւաքական միասնութիւնն ու ներուժը, եւ մեր հոգիները անգամ մը եւս խոցուեցան, երբ հերքումի պատին բախեցան անոնք: Ու… վերակենդանացաւ մեր հաւաքական հոգեխոցը: Սակայն կարեւոր է անդրադառնալ, որ հաւաքական բրտութեան յիշողութիւնը միայն հայերունը չէ: Եթէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը կերտեց զոհ հայը, խոցուած ու սգաւոր հայը, ան նաեւ կերտեց ցեղասպան թուրքը, բիրտ ու ոճրագործ թուրքը. ինքնութիւն մը, որուն հետ օր մը դժուարութեամբ ու ցաւով հաշուի պիտի նստին իր ժառանգորդները, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ օրըստօրէ կ՛աճի Ցեղասպանութեան «հակաթոյն»-ը: Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը տէր կանգնի անոր:

Ժամանակ պիտի առնէ թուրք ժողովուրդին հասնիլը այն հասունացման մակարդակին, որպէսզի կարենայ նայիլ իր անցեալին, դիմակալել իր ցեղասպանի ինքնութիւնը եւ պատասխանատու ըլլալ իր նախնիներու անմարդկային արարքներուն: Այդ իմաստով մեծ է դերը հայութեան այն նոր խաւին, որուն ինքնութիւնը կ՛արձանագրուի երկու ժողովուրդներու պատմութիւններու հանգոյցին վրայ եւ սերտօրէն կապուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Խօսքը ցեղասպանութենէն ճողոպրած, Թուրքիոյ մէջ պարտադրաբար իսլամացած եւ թրքացած իւրաքանչիւր հայու ժառանգորդներուն մասին է: Ահաւասիկ հայու այլ ինքնութիւն մը, որ նոյնն է եւ տարբեր: Ինքնութիւն մը, որ առաջ եկած է Ցեղասպանութեան հոգեխոցէն: Հայրենիքի մէջ ըլլայ, սփիւռքի, թէ Թուրքիոյ, Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութիւնը հասարակ յայտարարն է, միացման կէտը` մեր բազմաթիւ եւ բազմազան ինքնութիւններուն: Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերը, սակայն, կենդանի փաստն են Ցեղասպանութեան: Փաստն են, որ 1915 թուականին անկարելի էր միաժամանակ հայ ըլլալ եւ ապրիլ, անկարելի էր հայկական ինքնութիւն ունենալ եւ շարունակել որպէս մարդ ապրիլ Արեւմտահայաստանի մէջ: Ժողովուրդի մը պատմութիւնը հիմքն է հաւաքական յիշողութեան: Պատմութիւնը փոխել կարելի է, բայց հաւաքական յիշողութիւնը` ո՛չ: Ան պումըրանկի նման ետ կու գայ ու կը հարուածէ հարուածողը: 1915-ին Թուրքիոյ նետած պումըրանկը նոր սկսաւ դառնալ դէպի ետ:

Այդ գործընթացին արագացման մէջ մեծ դեր ունինք մենք` հայերս, վառ պահելով մեր բոլոր հայկական ինքնութիւնները, տեղ տալով մեր հաւաքական յիշողութեան ամէնուրեք, մանաւանդ` Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի փոխուի թրքական հասարակութիւնը եւ կարենայ ճանչնալ իր նախնիներուն գործած ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ է նաեւ հզօրանալ` որպէս ազգ եւ պետութիւն, որպէսզի բարձրանայ մեր արեան եւ կեանքին գինը միջազգային քաղաքական շուկային մէջ, որպէսզի մեր իրաւունքները կշիռ ունենան միջազգային քաղաքատնտեսական նժարին վրայ, որպէսզի, երբ պումըրանկը վերադառնայ եւ արթնցնէ թուրք ժողովուրդը, գուցէ եւ Ցեղասպանութեան 110-ամեակին կամ աւելի ուշ մենք ներկայ ըլլանք:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1966)

Յաջորդը

«Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր» (Գէորգ Պետիկեան, 2015)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?