Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2250 Որոշումն Ու Մենք

Դեկտեմբեր 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

UN1_123115

Անցնող շաբաթներուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց պատմական ու աննախընթաց որոշում մը` թիւ 2250 որոշումը, որ կը վերաբերի երիտասարդութեան, խաղաղութեան ու անվտանգութեան: Ապահովութեան  խորհուրդը իր 70-ամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով կը կեդրոնանայ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ իգական եւ արական երիտասարդներու դերակատարութիւնը` խաղաղաշինութեան, բռնութիւններու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Յորդանանի նախաձեռնութեամբ մշակուած որոշումը կարեւոր տեղ ու դերակատարութիւն կու տայ երիտասարդներու եւ երիտասարդներու կողմէ ղեկավարուած կազմակերպութիւններուն (youth-led organisations)` հակազդելու համար ծայրայեղական բռնութիւններուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու:

Այսօր աշխարհի մէջ կան 600  միլիոնի հասնող երիտասարդներ, որոնք անկայուն կամ հակամարտութիւններու գօտիներու մէջ կ՛ապրին:  Որոշումը այս զանգուածին զօրակցութիւն կը յայտնէ, պայմաններ կը ստեղծէ եւ միջոցներ կը տրամադրէ, որպէսզի անոնք իրենց ընկերութիւններուն մէջ խաղաղութեան ջատագովներ դառնան, խարսխեն ժողովրդավարութեան եւ ինքնակառավարման արժեչափերը:

Երիտասարդութեան յատկացուած որոշումը բաժնուած է հետեւեալ ենթագլուխներուն` մասնակցութիւն, պաշտպանութիւն, կանխարգիլում, համագործակցութիւն, անգործութիւն ու վերանորոգում եւ յաջորդ քայլեր, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ պարտաւորութիւններ եւ թելադրանքներ կը դնէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն վրայ: Ան կը թելադրէ երիտասարդութեան ներկայացուցչութեան մակարդակը բարձրացնել կառավարական-հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն եւ որոշում տուող օղակներուն մէջ: Որոշումը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ, որ երիտասարդներ մաս կազմեն բանակցութիւններու պաշտօնական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` զինադադարներու եւ խաղաղութեան գործընթացներու մէջ:

UN2_123115

Թիւ 2250 որոշումը կը խօսի նաեւ անդրադառնալու եւ լուծումներ գտնելու այն պատճառներուն եւ գործօններուն շուրջ, որոնք երիտասարդութիւնը կ՛առաջնորդեն արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան: Այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի երիտասարդութեան պատուիրակ Ահմետ Ալհընտաուին կ՛ըսէ, թէ երիտասարդութիւնը երկար ժամանակ հակամարտութեանց զոհ կամ, հակառակը, չարագործ ոճրագործը կը հանդիսանար, իսկ այս որոշումը կու գայ ճանչնալու եւ գիտակցելու այն կարեւոր ներդրումին մասին, որ երիտասարդութիւնը կրնայ ունենալ խաղաղաշինութեան եւ ծայրայեղական բռնութեանց դէմ պայքարին մէջ: «Երիտասարդութիւնը ներուժ, ստեղծագործութիւն եւ լաւատեսութիւն կրնայ ապահովել, եթէ անոր զօրակցող պայմաններ ու միջավայր կը ստեղծուին», կը հաստատէ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի տնօրէն Հելըն Քլարքը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այս որոշումին հասնելու համար երիտասարդութեամբ ղեկավարուած կազմակերպութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ երկար տարիներ պայքար տարին ու պահանջեցին, որ ՄԱԿ-ը իր ընդհանուր ռազմավարութեան եւ ծրագիրներուն մէջ ներառէ նաեւ երիտասարդութիւնը, յատկապէս` խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Այս ծիրին մէջ հայութիւնը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան իմաստով մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Մեր դիմաց ցցուած խնդիրներէն են` հայ-թրքական յարաբերութիւնները, արցախեան հիմնախնդիրի լուծումը, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւէ Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի եւ Միջին Արեւելքի հայութիւնը: Այստեղ կ՛արժէ քանի մը հարց տալ. նշեալ խնդիրներուն արծարծման ու լուծման մէջ հայ երիտասարդութեան ինչպիսի՞ դերակատարութիւն ու տեղ տրամադրուած է, ի՞նչ պատկերացում ունինք այս հարցերուն մէջ երիտասարդութեան վստահուելիք դրական դերակատարութեան մասին, հայկական պետական, հասարակական, քաղաքական ու ընկերային հաստատութիւններ ծրագիրներ ունի՞ն երիտասարդները խաղաղութեան ու հակամարտութիւններու լուծման գործընթացներու մէջ ներգրաւելու:

Յատկապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու դաշտին մէջ վերջին տասնամեակին բաւական նախաձեռնութիւններ տեղի կ՛ունենան` հայ եւ թուրք երիտասարդներու հանդիպման ու երկխօսութեան առիթներ տուող: Համագումարներ, սեմինարներ, դասընթացքներ եւ ընկերային հաւաքներ կը կազմակերպուին հայ եւ թուրք ուսանողներ ու երիտասարդներ համախմբող: Այս նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս արեւմտեան կամ արեւմտամէտ կողմերու ֆինանսաւորումով կը կատարուին: Մեր երիտասարդները պատրաստուած ու յստակ պատկերացումով կը մասնակցի՞ն այս ձեռնարկներուն, թէ ոչ իւրաքանչիւրը իր անձնական աշխարհահայեացքով ու համոզումներով կը մօտենայ: Այս հանդիպումները բնականաբար ուղղակի արդիւնքներ չեն կրնար ունենալ Հայաստան-Թուրքիա պետական յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն անոնք երկար ժամանակի վրայ ու ապագայի իմաստով վճռորոշ դերակատարութիւն կրնան ունենալ: Մենք կը քաջալերե՞նք եւ կարեւոր կը նկատե՞նք նման հանդիպումներ, թէ ոչ կասկածամիտ եւ պատահական մօտեցում կը ցուցաբերենք: Այս հանդիպումները գործնական ի՞նչ իմաստ կ՛ունենան, եթէ անոնք նկատի չեն առնուիր պետական ծրագիրներու եւ մօտեցումներու մէջ:

Աւելի պարզ, ճառերէն ու լոզունքներէն անդին, գործնականօրէ՛ն, կը հաւատա՞նք, որ երիտասարդութիւնը լուրջ եւ ազդու դերակատար է ժողովուրդներու իրաւունքներու վերատիրացման, հակամարտութիւններու կասեցման եւ խաղաղաշինութեան մէջ:

Մտածենք այս հարցումներուն առարկայական պատասխաններուն մասին:

 

 

Նախորդը

Երկաթէ Շերեփի Խոստումը

Յաջորդը

Չըրչըլի Աճուրդի Հանուած Նախասիրած Խմիչքներուն Կարգին Է «Արարատ» Քոնեաքը

RelatedPosts

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?