Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորեան Մտորումներ

December 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

52852-Ornament-Christmas-Tree

Տարեվերջի այս օրերուն հոգիները վերածնունդ կ՛ապրին, մեր մէջ եղած մանուկը կ՛արթննայ, աչքերը անմեղ ու լուսաւոր ժպիտի ցոլքը կը սկսին արձակել:

Կը փորձենք տօնական բարձր տրամադրութիւնը մեր ներաշխարհին մէջ արտացոլացնել, երբ մեր շրջապատը մարդկային արժէքներու անվայել բարքերով կ՛ողողուի, եւ  մարդիկ չարամտութեան եւ չարակամութեան մղող գաղափարներու զոհը կը դառնան:

Մեզմէ շատեր մեծ ուրախութեամբ մէկամսեայ հիւրը` կանաչ եղեւինը կը դիմաւորեն, շքեղ խաղալիքներով եւ պայծառ լոյսերով կը զարդարեն  ու տան սիրուած անկիւնը կը տեղադրեն: Մեզմէ ոմանք, անհամբեր, հարազատներու եւ բարեկամներու միաւորումը կը սպասեն: Միացում մը, որ չենք գիտեր` քանի՛ տարուան կարօտի պապակը կը յագեցնէ ու եկող օրերու ապահովութեան զգացումը կ՛ամրապնդէ: Ուրիշներ` տարեցներ, մանուկներ եւ երիտասարդներ, կեանքի բերումով ակամայ փողոց յայտնուած  իրենց բոպիկ, մերկ ու փխրուն ոսկորները ձմրան քամիի ծակոցներէն զիրար ամուր գրկելով` կը փորձեն պաշտպանուիլ: Թէեւ թախիծը, մենութիւնը եւ մորմոքը իրենց հարուստ հոգիները կը շրջապատեն, սակայն իրենց աչքերը վեր յառելով` երկինքը զարդարող ու լուսաւորող հրավառութեան կարճատեւ երջանկութիւնը կ՛ապրին:

Այս բոլորին կողքին, կան անձեր, որոնց դժբախտաբար քիչ կ՛անդրադառնանք եւ կը գնահատենք: Անոնք մեր ազգային ինքնութեան գաղափարներուն գիտակցելով, իրենց անձը զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ, այսօր կը գտնուին մեր սրբավայր հնադարեան երկրի սահմաններուն վրայ, իրենց ուսին զէնք շալկելով, իսկ կուրծքին հայկական խաչը դրոշմելով` մեր ապահով կեանքն ու հայրենիքը կը պաշտպանեն: Օ՜հ, որքա՜ն կը ցաւիմ, երբ սահմանէն գոյժեր կը ստանամ… Երանի՜ թէ մեր հայրենիքը պատերազմական վտանգ չդիմագրաւէր ու զինուորական ծառայութիւնը պարտադիր չըլլար: Բայց այնքան ատեն որ առկայ է արիւնարբու թշնամիներուն վտանգը, հայկական բանակն ու մեր զինուորները մեր հայրենիքի գոյատեւման հիմնական երաշխիքներն են: Իսկ հայոց բանակին հոգածութիւնն ու թեւ-թիկունք կանգնիլը, կամաւորաբար զօրակցիլը նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ իւրաքանչիւր հայ կրնայ ընել:

Ահա թէ ինչո՛ւ ես պիտի ուզէի, որ յաջորդ տարի մեր կամաւոր զինուորներուն թիւը քառապատկուի բոլոր ասպարէզներու մէջ` ռազմական, գիտական, գրական, արհեստի եւ արուեստի: Այսպէս կրնանք ո՛չ միայն թուրքին յաղթել, այլեւ` ազգային նոր ու որակաւոր սերունդներ կերտել:

Վերջաւորութեան, տարի մըն ալ կը բոլորենք մեր հայկական ինքնութիւնը պահպանելով հազարամեայ Արարատեան դաշտին ու Նայիրեան երկրին մէջ:

Տարեվերջին մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛արժեւորէ, կը գնահատէ եւ կը քննարկէ տարուան ընթացքին կատարուած գործերը: Անցնող տարուան տհաճ դէպքերը,  ցաւալի յիշողութիւնները, անյաջող գործերը եւ սարսափելի զգացումները անցեալի մութ եւ պաղ անկիւնները նետելով` քայլերս դէպի կանաչ եւ լուսաւոր եղեւին կ՛առաջնորդեն զիս` յաջողութեան եւ յաղթանակներու նոր հորիզոններ գծելու: Նոյնը ու աւելին կը ցանկամ իմ աննման հայրենիքին ու ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ

Յաջորդը

Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկին Նուէրը` Փայտահատին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.