Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայ կեանքի դրական նորութիւններէն է «Ուիքիմետիա Հայաստան» ծրագիրը, որուն նպատակն է, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ, քաջալերել համացանցի ճամբով հայերէն բովանդակութեամբ եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով տեղեկութիւններու փոխանցումը: Տեղեկութիւնները կը պատրաստեն կամաւոր աշխատողներ` յատուկ յօդուածներ խմբագրելով եւ զանոնք համացանցի մէջ տեղադրելով: Յօդուածներուն սրբագրութիւնը եւ մշակումը կը կատարեն մասնագէտներ:
Գաղափարը նորութիւն է եւ` ողջունելի, տրուած ըլլալով, որ ան նոր սերունդին սրտին կը խօսի: Պատանիներ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ մեծեր այս ծրագրին շնորհիւ առիթը կ’ունենան Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող նիւթերու շուրջ հանրագիտարանային բնոյթի հայերէն նիւթեր ունենալ կոճակի մէկ հպումով: Համացանցը այս պարագային կը գործէ ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման ի նպաստ:
Այս լաւ նախաձեռնութեան արդիւնաւորումը փափաքելի է բոլորին համար, սակայն յաջողելու համար հարկ է, որ պատասխանատուներ վերատեսութեան ենթարկեն ցարդ իրենց որդեգրած գործելաոճը` ի շահ իրենց ծրագրին յաջողութեան եւ իսկական նպատակին ծառայութեան:
Յստակացնենք, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը: «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը իր արեւմտահայերէն տարբերակով լիբանանահայութեան հրամցուեցաւ ապրիլ 2015-ին, երբ Լիբանանի մէջ նշանակուած համակարգողի մը ճամբով կրթական հաստատութիւններ իրազեկ դարձան, թէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած է եօթնօրեայ դասընթացք մը` լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու համար:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ եւ Զատկուան արձակուրդին զուգադիպելով` կարեւոր թիւով վարժարաններ առիթը չունեցան մեծաթիւ ուսուցիչներ Հայաստան ուղարկելու: Ծրագիրը մնաց նեղ շրջանակի մը մէջ: Բացի մամուլին մէջ երեւցած թղթակցութիւններէն` ոչ մէկ տեղ հանդիպեցանք աշխատանքին ընդհանուր արժեւորումը կատարող որեւէ գրութեան: Պաշտօնապէս չիմացանք նաեւ, թէ հաւաքէն վերադարձին մասնակից ուսուցիչներն ու լրագրողները ի՞նչ պարտաւորութիւններ ստանձնեցին կամ ի՞նչ յանձնառութեան տակ մտան` հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը արդարացնելու համար:
Չորս ամիս ետք, 2015-ի ամառը, օգոստոսին, կազմակերպուեցաւ «Ուիքի» աշակերտական ճամբարը Զմմառի մէջ, Լիբանան: Ճամբարին մասին կրթական հաստատութիւններ իմացան բաւական ուշ, երբ արդէն աշակերտութեան մեծ մասը արձակուրդի կամ ամառնային բանակումներու մեկնած էր: Այնուամենայնիւ, կարելի եղաւ մասնակիցներու կոկիկ թիւ մը ապահովել ճամբարին: Աշխատանքը իրագործեց «Ուիքիմետիա Հայաստան» ծրագրին լիբանանահայ համակարգողը` այս ճամբարին հրաւիրելով կարգ մը դպրոցներու հայերէնի ուսուցիչներ միայն:
Փաստօրէն, երկու ճամբարներու պարագային ալ, թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ աշակերտներու յատուկ, կրթական հաստատութիւններու կապը եղաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» ծրագրի լիբանանահայ համակարգողին հետ: Ուղղակի ոչ մէկ թելադրանք, կապ կամ ցուցմունք` Հայաստանէն, ծրագրի գլխաւոր պատասխանատուներէն: Ոչ ոք գիտցաւ, թէ ճամբարներու պատասխանատու ուսուցիչները ո՞վ եւ ի՞նչպէս ճշդեց, կամ` դպրոցներու աշակերտութեան մասնակցութեան համեմատութիւնները ո՞վ եւ ի՞նչ հիմամբ որոշեց:
Ամառնային ճամբարի աւարտին, 12 օգոստոս 2015-ին, Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարի փակման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ճամբարի աշխատանքներուն հետեւող, «Ուիքիմետիա Հայաստան» ծրագրին պատասխանատուն` յատուկ Հայաստանէն Լիբանան ժամանած այս նպատակին համար: Հանդիսութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ 6 թէ 7 աշակերտներ ընտրուած են անմիջապէս Հայաստան մեկնելու եւ իրենց փորձառութիւնը հայրենի իրենց հասակակիցներուն հետ բաժնեկցելու: Նաեւ յայտարարուեցաւ, թէ ձմրան, Նոր տարուան արձակուրդին, չորս այլ աշակերտներ եւս (որոնց անունները տեղւոյն վրայ յայտարարուեցան) պիտի մեկնին Հայաստան նոյն նպատակին համար: Դարձեալ ոչ մէկ խօսք` ուսուցիչներու մասին:
Հայաստանի ծրագիրը իրագործուեցաւ եւ յանկարծ մամուլին եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու մէջ երեւացին ուսուցիչներու անուններ` առանց գիտնալու, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս որոշած է անոնց մասնակցութիւնը: Նուազագոյնը, ծրագրին մասնակից կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները պէտք էր տեղեակ ըլլային այս բոլորէն` իբրեւ ծրագրին հետ առնչակիցներ:
Այնուհետեւ կապերը խզուեցան «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի պատասխանատուներուն հետ, եւ Դիմատետրի էջով սկսան յայտարարութիւններ կատարուիլ եւ կրթական հաստատութիւնները կատարուած իրողութիւններու առջեւ դրուիլ: Երեւանէն պատասխանատուներ ուղղակի կապեր հաստատեցին… աշակերտներու հետ, թելադրանքներ փոխանցեցին եւ ցուցմունքներ տուին անոնց` մոռնալով, որ աշակերտները տէր ու տիրական ունին, դպրոցներ եւ տնօրէնութիւններ ունին: Այսպէս, տնօրէնութիւններ Դիմատետրի էջերէն տեղեկացան, թէ կարգ մը աշակերտներ ընտրուած են մասնակցելու «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի ձմրան ճամբարին, որովհետեւ` «անցնող ամիսներուն շատ լաւ աշխատած են»: Մոռցուեցան օգոստոսին յայտարարուած աշակերտներու անունները, գէթ` անոնց մէկ մասը, եւ ի յայտ եկան նոր անուններ…
Ո՞վ եւ ե՞րբ ճշդեց Հայաստանի ճամբարին մասնակցութեան այս պայմանը: Ինչո՞ւ այդ որոշումը օրին չփոխանցուեցաւ կրթական հաստատութիւններուն: Իսկ հիմա` ինչո՞ւ կատարուած իրողութեան դիմաց կը գտնուին բոլորը, երբ նկատի կ’առնուին անուններ, որոնք Հայաստան մեկնելու պայմանը չեն ամբողջացներ: Իսկ ի՞նչ խօսք ուսուցիչներու մասին, որոնցմէ ոմանք, անգամ մը Հայաստան այցելելէ ետք, կը պատրաստուին երկրորդ անգամ այցելելու` առանց առիթ տալու այլ ուսուցիչներու: Ստեղծուած է խառնաշփոթ վիճակ, որովհետեւ չկայ այս բոլորը համակարգող պատասխանատու մը: Լիբանանահայ համակարգողը դադրած է գործելէ եւ գործերը կը վարուին… Դիմատետրի միջոցով, ուղղակի աշակերտներու հետ կապերով:
«Ուիքիմետիա Հայաստան» ծրագիրը իսկապէս օգտակար ծրագիր է, որ չի կրնար պատահականութեան ձգուիլ: Պատասխանատուները պէտք է արագ շարժին եւ այս բոլորին մասին յստակացումներ կատարեն լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն, որոնք վերջին հաշուով պատասխանատուներն են իրենց աշակերտներուն, եւ որոնք, եթէ մասնակից դառնան այս ծրագրին, լաւագոյնս կ’երաշխաւորեն անոր յաջողութիւնը: Հսկայական նման աշխատանք անձով մը չի ղեկավարուիր, համակարգող մարմիններ եւ գրասենեակներ միայն կրնան կազմակերպական նման թափթփածութեան մը առաջքը առնել:
Կ’արժէ անգամ մը հրաւիրել կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներն ու հայերէնի ուսուցիչները, խօսակից դառնալ անոնց հետ, պարզել ծրագրին մանրամասնութիւնները, ճամբարներու մասնակցութեան պայմանները եւ, կը կարծենք, որ թիւրիմացութիւնները դիւրութեամբ կը հարթուին, այլապէս ծրագիրը փոխանակ իր ազգօգուտ նպատակին ծառայելու` կը կորսնցնէ իր արժէքը եւ կը դառնայ անձի մը կամ նեղ շրջանակի մը ինչ-ինչ հաշիւներուն ծառայող կարճատեւ մէկ նախաձեռնութիւն: