Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պապիկը Կարդալ Չի Գիտեր» (Գէորգ Պետիկեան, 2015)

Յունուար 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

kEVORK-BEDIKIAN_010416Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան աւարտէն առաջ Գէորգ Պետիկեան մեր նահատակներուն նուիրուած գրադարանին մէջ յաւելում մը կատարեց` լոյս ընծայելով «Պապիկը կարդալ չի գիտեր» խորագրեալ արձակ գործերու հաւաքածոն, վեցերորդը` ցարդ իր հրատարակած հատորներուն:

192 էջերու վրայ տարածուող գեղատիպ հատորը ունի ներքին երեք բաժիններ. առաջինը ամէնէն ծաւալունն է, կը բովանդակէ 31 պատմուածք, քրոնիկ, յուշ եւ մանրապատում. յաջորդ բաժինը կը բովանդակէ մահագրական բնոյթով 5 գլուխ, իսկ վերջին բաժինին մէջ կան գրողին մասին մեր մամուլէն քաղուած երեք վկայութիւն: Գիրքը ունի մեկենաս` Գրիգոր Շէնեան, լոյս տեսած է «Քասըլ» տպարանէն:

Ինչպէս նախընթաց հատորները` այս մէկն ալ կազմուած է Գէորգ Պետիկեանի ծանօթ ու անտիպ շարք մը գրութիւններէն: Ծանօթները վերջին տարիներուն պարբերական մամուլին տրուած նիւթերն են, որոնց կողքին կան նաեւ անտիպ էջեր:

Ընթերցողը բնականաբար պիտի տարուի առաւելաբար առաջին բաժինի գրութիւններով, որոնք արտացոլացումն են գրողին մտածումներուն, խորհրդածութիւններուն, նշմարներուն ու նկատողութիւններուն, ձեւով մը հայելին` իր ներաշխարհին ու զինք «պատանդ բռնած» խոհերուն:

«Պատանդ»-ի այս վիճակին մէջ հեղինակը առանձին չէ, որովհետեւ զինք տագնապեցնող հարցերը հազիւ թէ կը մնան անձնականի սահմաններուն մէջ, այլ առաւելաբար կ՛արձագանգեն հայ հաւաքականութեան ու, ինչո՞ւ չէ, մարդկութեան մերօրեայ մտահոգութիւններուն:

Քրոնիկի ոճը տիրական ներկայութիւն է բոլոր գրութիւններուն մէջ, անոնք ըլլան պատմուածք, յուշագրական թէ խոհական արտայայտութիւններ կամ ուղղակի զրոյց` ինքն իրեն կամ ընթերցողին հետ: Եթէ որոշ էջերու մէջ ընթերցողը հանդիպի գրական աղուոր պատկերներու եւ արտայայտութիւններու, պիտի նկատէ, որ անոնք բնական ընթացքով արձանագրուած են, եւ ոչ անպայման գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու ճիգի:

Արծարծուած նիւթերը, ինչպէս ակնարկեցինք, ընդհանրական հարցեր են, հայութիւնը յուզող ու տագնապեցնող, սակայն նաեւ մարդ արարածը վերիվայրումներու ենթարկող` 21-րդ դարի հարցեր: Անոնք կը ներկայանան պատմուածքներով ու առօրեայ պատահարներու նկարագրումով. երբեք ալ կարեւոր չէ, թէ այդ դէպքերը իսկապէս պատահա՞ծ են, թէ՞ ծնունդն են գրողին երեւակայութեան, կամ` իրականութեան մը «շինծու» վերարտադրութիւնը (շինծու բառը չենք գործածեր բացասական առումով, այլ` գրողին կողմէ հնարովիի իմաստով): Էջերուն, լայն տեղ ունին հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս` երիտասարդութեան որոշ տագնապները (ընկերային, կենցաղային եւ այլ), աւանդներու եւ աւանդութեանց խամրումը, մեր լեզուին շարունակուող ոդիսականը, հայ գիրքին գլխավերեւը կախուած դամոկլեան սուրը (թէեւ տեղ մը բառացիօրէն կը խոստովանի, որ գրելն ու, հետեւաբար, գիրք հրատարակելը հաճոյք է), արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն չարիքի վերածուիլն ու կեանքերուն տիրապետելը, հալէպեան վիճակներ եւ այլն:

Գէորգ Պետիկեանը ճանչցողը կը նկատէ, որ հատորին էջերէն յաճախ կ՛արտացոլայ ի՛ր զուարթախոհութիւնը, որուն դրսեւորման համար յաճախ ունի «նոխազներ»: Օր մը` կնոջ կամ հարազատի մը հետ վէճը, ուրիշ ատեն թոռնիկին ընծայած մէկ փորձառութիւնն ու հոգեխռով վիճակը, տակաւին` բժիշկի մը այցի երթալու համար սխալ դարմանատուն մտնելը, ու կը պատահի, որ դարմանատունը… կիներու յատուկ տեղ է, ու նման կացութիւններ Գէորգի ժպիտը կը հասցնեն ընթերցողին, երբեմն ալ ժպիտին կ՛ընկերանայ մեղմ կսմիթը:

Այս հեղինակը կը սիրէ նաեւ իր ընթերցողը քիչ մը երկար սպասցնել, մինչեւ որ անոր հաղորդէ, թէ տուեալ գրութիւնը ինչո՞ւ ճամբայ ելած է: Մտածումները, խոհերն ու ինքն իր անձին հետ զրոյցները կը կազմեն ընդարձակ նախամուտեր` բուն պատումին, երբեմն գրաւելով ամբողջ նիւթը. օրինակի համար, մահագրութեան մը մէջ, մահաքունի մէջ գտնուող մահամերձին համար անխուսափելիէն ետ կենալու հարազատներու ճիգը զինք կը տանին այնպիսի մտորումներու եւ կենաց-մահու հարցերու մասին վերլուծումներու, որ ընթերցողը հազիւ թէ հաղորդակից կը դառնայ մահացողին կեանքին ու նկարագրային գիծերու ուրուագիծին, եթէ անշուշտ արդէն ծանօթ չէ մեկնողին: Երբեմն ալ դիտումնաւոր կերպով կը դիմէ չափազանցութիւններու, մանր հարցի մը կու տայ փոթորիկի տարողութիւն, ինչպէս, օրինակի համար, իրենց բնակարանէն ներս… մրջիւններու բանակի մը ներթափանցումի դէպք մը: Սա արդէն վերածուած է Պետիկեան գրողը յատկանշող գիծի, ինչպէս անմիջական հաղորդակցութեան կարգ մը արտայայտութիւնները, օրինակի համար, յաճախ կրկնուող «ա՛ քեզի… (բան մը)» բառերը:

Հաճելի ընթերցում ընծայելու կողքին, Գէորգ Պետիկեան ընթերցողը կը մղէ խորհրդածելու իր դրած հարցերուն մասին, ու թելադրելու, որ ընդհանրապէս համակարծիք ըլլայ իրեն հետ:

Այս սեղմ ակնարկը աւարտելէ առաջ եւ հիմնուելով նոյնինքն հեղինակին մօտ անխառն ու անսխալ հայերէնին նկատմամբ անկեղծ նախանձախնդրութեան վրայ` պէտք է արձանագրենք, որ հատորը զերծ չէ մեր նորօրեայ բազմաթիւ հրատարակութիւններու եւ մամուլի մեղանչանքներէն, որոնք կը ներկայանան տպագրական-գրաշարական եւ լեզուական-ուղղագրական թերութիւններով: Այսուամենայնիւ, պէտք է ըսել նաեւ, որ այս հատորը արտացոլացումն է գիրք հասկացողութեան նկատմամբ գրողին հաւատարմութեան ու հաւատքին, ինչպէս նաեւ իր գրութիւնները հատորի մը մէջ ամփոփելով` մոռացութենէ փրկելու նախաձեռնութեան:

Այսպիսի գրողներու պէտք է մաղթել անտիպ գործերու հրատարակման միջոցներ…

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութիւն Եւ Ինքնութիւններ (Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Շեմին)

Յաջորդը

Կրթական Հոգեր. Լաւ Նախաձեռնութեան Մը Յաջողութեան Համար («Ուիքիմետիա Հայաստան» Ծրագիրին Առիթով)

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?