Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է», Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Դեկտեմբեր 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

65-1024x683

Սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններուն խոնարհագոյնն է: Սարկաւագութեան աւանդութիւնը սկսած է առաքելական շրջանին, երբ քրիստոնէական առաջին համայնքը, հոգատարութեան եւ սպասաւորութեան պաշտօններուն համար, կարիքը կը զգայ ընտրելու եօթը սարկաւագներ: Ահաւասիկ այդ խումբին մէջ էր նաեւ Սուրբ Ստեփանոս, որ նաեւ դարձաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսն ու նահատակը: Շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին հայ եկեղեցին նշեց խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ եւ նահատակութեամբ իր քրիստոնէական հաւատքը իրագործած առաջին վկային` Սուրբ Ստեփանոսի տօնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին աւանդութիւնն է մեծ շուքով տօնել Նախավկային յիշատակը: Այս տարի, առաւել հանդիսաւորութիւն եւ մեր ժողովուրդի զաւակները տօնախմբութեան աւելի հաղորդակից դարձնելու նպատակով, տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2015-ին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, պատարագիչն էր կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչ Նորայր եպս. Աշըգեան: Քարոզի պահուն սարկաւագները շարուեցան սրբազան խորանին վրայ, որուն սպասաւորութիւնը իրենց ծառայութեան գերագոյն նպատակն է: Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Սուրբ Ստեփանոսի նկարագրային գիծերը` բարոյական քաջութիւն, կրօնական նախանձախնդրութիւն, հոգեւոր իրականութիւններու հանդէպ պայծառ եւ յստակ տեսութիւն, հոգեւոր եռանդ ու մանաւանդ` ծառայութեան անսահման հոգի եւ հրաւիրեց սարկաւագները, որ իրենց մէջ կերտեն մեծ սուրբին այս արժէքները:

Պատարագի աւարտին հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի սարկաւագներուն անունով Սարգիս սրկ. Աճեմեան ուղերձ կարդաց:

Ապա Արամ Ա. իր հայրապետական պատգամը տուաւ սարկաւագներուն` հաստատելով, որ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը չի սահմանափակուիր միայն սարկաւագներով, այլ տօնը իր մէջ կը ներառէ բոլոր անոնք, որոնք Նախավկային տիպարով, տարբեր հանգամանքներով ու կերպերով ընտրած են ծառայութեան ճամբան եւ կը ծառայեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ ծառայութեան մեծութեան մասին եւ ըսաւ. «Պատմութեան մայր էջին վրայ մնացին ու կը յիշուին անոնք, որոնք ծառայած են, եւ ո՛չ թէ` իշխած: Անոնք, որոնք ծառայութեամբ իրենց անձերը ի սպաս դրած են գերագոյն եւ վեհ արժէքներու: «Այսօր Սուրբ Ստեփանոս կը յիշեցնէ մեզի, եթէ կ’ուզենք մեր քրիստոնէական հաւատքը ճշմարտօրէն ապրիլ, պէտք է միայն ծառայենք: Մենք որպէս այս եկեղեցւոյ նուիրեալ անձեր` հոգեւորական թէ աշխարհական, բարերարներ թէ բարեկամներ, մեր ունեցածէն բան մը պէտք է դնենք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան գանձանակին մէջ»: Խօսելով ծառայութեան վեհանձնութեան եւ իսկական արժէքին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց. «Ծառայութիւնը արժէք է, երբ լուսարձակներէ հեռու, նուիրումի, անձնուրացութեան եւ ամբողջական յանձնառութեան ճամբով կ’երթայ ուրիշին` մեր նմանին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս մենք այս ոգիով, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսիլքով կը կազմաւորենք մեր ժառանգաւորները եւ սարկաւագները, ինչպէս նաեւ` միաբանները, որպէսզի ծառայական այս ոգին իրենց կեանքի օրինակով տանին մեր ժողովուրդին»:

Հանդիսութեան աւարտին սարկաւագաց դասն ու ներկայ ժողովուրդը ստացան հայրապետական օրհնութիւն: Ապա երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը:

Նախորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (8)

Յաջորդը

Վաստակաշատ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?