Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկաթէ Շերեփի Խոստումը

Դեկտեմբեր 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Տարի մը եւս կը յանձնենք պատմութեան յորձանուտին: Իւրայատուկ տարի մը արդարեւ, հարիւրամեակ` Ցեղասպանութեան: Վիշտի եւ հրաշքի յուշարար տարի մը: Վիշտ եւ հրաշք քրքրող տարի մը: Եւ արդարօրէն, Թէքէեանի օրինակով, ո՛չ միայն կարելի է, այլ նաեւ անհրաժեշտ որ հաւաքաբար հարց տանք:

Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, հարիւրամեակէն մեզի ի՞նչ մնաց:

Յետադարձ ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, որ տքնաջան եւ նուիրական համագաղութային աշխատանքի մը ականատես եղանք ամէնուրեք եւ անարդար չէ յաւակնիլ, թէ ազգովին նուաճեցինք փոքր յաղթանակներ եւ խլեցինք շարք մը դափնեպսակներ: Հարիւրամեակը մեր ազգային պայքարը բարձրացուց համաշխարհային գիտակցութեան, յարգանքի եւ ճանաչողութեան յարաբերական աննախընթաց բարձրաւանդակի մը, որ արժանի էր հարցին էութեան եւ լրջութեան եւ ազդու իր տարողութեամբ:

Դժուար եւ անխուսափելի հարցումը սակայն կը ցցուի մեր դիմաց: Հիմա ի՞նչ:

Ճանապարհը երկար է եւ փշոտ: Արգելքներն ու խոչընդոտները անպակաս: Կը թուի սակայն, թէ մեր հաւաքական կամքը անկոտրում է եւ վճռակամութիւնը հաստատ: Մեր արդար դատի պայքարի ճանապարհին մեր անսասան հաւատքը կը շարունակէ մնալ անխախտ: Հաւատքը կը շարունակէ մնալ արդարութեան ձգտումին եւ ճշմարտութեան բացարձակ ճառագայթումի մեր ապաւէնը: Չենք կրնար սակայն ձեռնածալ մնալ եւ քանի մը յաղթանակներու գինովութեամբ հարբիլ: Պայքարը շարունակել է պէտք: Անդադրում:

Արդարութեան եւ հատուցումի ճամբուն վրայ մեր երազներու եւ պահանջներու ովկիանոսին մէջ լուրջ եւ գիտակից իրատեսութեան անհրաժեշտութիւնը կայ: Հակառակ կտրուած մղոններուն եւ տարուած յաղթանակներուն, շատ հեռու ենք տակաւին երկաթէ շերեփի իւրացումէն եւ պայքարի ճամբուն վրայ անոր գործածութեան կիրարկումէն: Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոգեբանական բոլոր ազդեցութիւնները մեր սերունդի ազգային եւ հաւաքական էութեան մասնիկներ են: Զայն կը շնչենք եւ կ՛ապրինք ամէն օր, Աստուած կը շարունակէ կեանք շնորհել մեզի:  Այստեղ արդէն մենք արթնութեան կարօտը եւ պարտադրանքը ունինք եւ անոր ճնշումը կը զգանք:

Ժամանակներու եւ պայմաններու հրամայականի տակ մեր առաջադրանքները, մեր կեդրոնացումները եւ առաջնահերթութիւնները յարափոփոխ ըլլալու կարօտ եւ արժանի են: Ցեղասպանութեան հոգեբանութիւնը չի կրնար մեր հաւաքական կեանքի շուրջօրեայ առանցքը ըլլալ եւ պէտք չէ ըլլայ: Եւ մինչեւ այն օրը, երբ երկրագունդի վրայ գտնուող հայկական հաւաքականութիւնը տիրանայ երկաթէ շերեփին, մեր ուշադրութիւնը հարկ է կեդրոնացնել հետեւեալ երեք անյետաձգելի իրավիճակներուն կամ իրականութիւններուն վրայ եւ անոնցմէ ամէն մէկուն մեր էութենէն իր արժանի բաժինը տալ:

Ա. Հայրենիք

2015-ին մեր հայրենիքը կը բոլորէ իր անկախութեան քսանհինգամեակը: Հակառակ բոլոր յառաջդիմութեան, հակառակ բոլոր մարդկային եւ նիւթական զոհողութիւններուն, հակառակ բոլոր երազներուն եւ տեսիլքին, այսօր մեր հայրենիքը հոն չէ, ուր մենք հաւաքաբար կ՛ուզէինք, որ ըլլար: Կասկած չկայ, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ պատմական յաղթանակը, դարերէ ի վեր մեզի զլացուած եւ միայն երազուած հպարտութիւն առթող իրականութիւն է: Փառք եւ պատիւ Արցախեան հերոսամարտը իրենց արեամբ եւ կեանքով կերտած բոլոր ազատամարտիկներուն:  Հոն իսկ սակայն տակաւին խարսխուած չէ յաղթանակը, եւ թշնամին ամէն օր իր վայրագ թափանցումներով նոր կեանք կը հնձէ ճակատներու վրայ:

Ընկերային եւ տնտեսական ապահովութիւնը անբաւարար մակարդակի վրայ է, իսկ արդարութեան նշաձողը անընդունելիօրէն ցած: Հայաթափումը կը շարունակուի, իսկ «Դէպի երկիր» կարգախօսը կը մնայ անլսելիօրէն ղօղանջելի:

Հայրենիքը տակաւին հեռու կը մնայ ինքնաբաւ, ինքնանկախ, եւ աճող ըլլալէ: Այս կացութեան մէջ գտնուող հայրենիքը անտարակոյս կը կարօտի մեր բոլորին լուսարձակին տակ ըլլալու անհրաժեշտութեան: Բոլորս պատասխանատու ե՛նք այս վիճակին եւ բոլորիս պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ այս վիճակէն դուրս գալու համար:

Հայրենիքը եւ մեր հայրենի ժողովուրդը կը մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առաջնահերթութեան գագաթին:

Բ. Սփիւռք

Դարաւոր պատմութեան ճնշող վայրագ պայմաններու ծնունդ հայկական սփիւռքը անհայրենիք մասնիկն է աշխարհով տարտղնուած հայ ժողովուրդին: Ցեղասպանութենէն ետք հսկայածաւալ կերպով տարածուած հայ սփիւռքը հայրենիքի անկախութենէն ետք կ՛ակնկալուէր նօսրանալ եւ փոքրանալ: Դժբախտ իրականութիւնը սակայն հակառակը ապացուցեց եւ սփիւռքը հայրենիքի հաշուոյն … ուռճացաւ: Պատճառներու ուսումնասիրութեան տեղը չէ այստեղ: Կը բաւէ գիտակցիլ իրականութեան եւ անդրադառնալ հսկայածաւալ սփիւռքի կարեւորութեան, թէ՛ ազգապահպանման եւ գոյատեւումի ոլորտին մէջ, եւ թէ հայրենիքի օժանդակութեան սրբազան պարտաւորութեան ծիրին մէջ:

Առ այդ, բնական եզրակացութիւն է ուրեմն, թէ պարտաւորիչ է ունենալ առողջ սփիւռք մը: Այսօրուան իրականութեան ցոլացումը սակայն տարբեր բան ցոյց կու տայ:

Տասնամեակներէ ի վեր հայրենամերձ ազգային ամենաբեղուն աշխատանք տանող, կենսունակ եւ գործունեայ, մշակութային փեթակ հանդիսացող միջին արեւելեան գաղութները կը շարունակուին քայքայուիլ: Սուրիական հայրենիքի Մայր գաղութը վերջին զոհն է այս ողբալի իրականութեան: Կուրութիւն եւ կարճատեսութիւն է չանդրադառնալ այս իրականութեան եւ ափսոսանքով պէտք է հաստատել, որ մեր ազգային ղեկավարութեան գագաթին բազմած շատեր գիտակցութեան այդ խաբկանքը կ՛ապրին:

Սփիւռքի պարագային, գուցէ մենք պատասխանատու չենք քաղաքական եւ պատերազմական այն վիճակին,  սակայն բոլորիս հաւաքական պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ փրկելու համար ամէն հրկիզուող սփիւռքահայ գաղութ` յօգուտ սփիւռքի եւ հայրենիքի:

Սփիւռքը եւ սփիւռքահայը նաեւ հարկ է, որ մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան գագաթին, հայրենիքի կողքին:

Գ. Նոր Սերունդ

Իսկ այստեղ արդէն կը միանան սփիւռքն ու հայրենիքը:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի վերջին օրերը կ՛ապրինք: Բայց պէտք է հպարտութեամբ եւ խորին գոհունակութեամբ արտայայտուիլ, թէ հարիւրամեակը եկաւ հաստատել մեր անսասան վստահութիւնը երիտասարդ նոր սերունդին վրայ, որ ազգին ճակատը բարձր պահեց իր հետաքրքրութիւններով, նուաճումներով, ստեղծագործութեամբ, ազգային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ոգիով: Մտային սեւեռում մը երկրագունդի շուրջ կու գայ պատկերացնելու, թէ երբեք մեր ազգային պատմութեան ընթացքին չէ եղած այնպիսի ժամանակ, երբ մենք ունեցած ըլլանք այսօրուան նման խոստմնալից բանակ մը` համալսարանական կամ համալսարանաւարտ սերունդ, որ պիտի կազմէ գիտնականներու, մասնագէտներու, կրթական եւ հանրային գործիչներու, իրաւաբաններու եւ օրէնսդիրներու, գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներու մէջ փայլող խոստմնալից աստղերու ապագայ գումարտակներ:

Մեր հաւաքական պարտականութիւնն է փայփայել եւ գուրգուրալ այս եւ յաջորդող սերունդներուն, օրինակելի առաջնորդութեամբ, որոնք` «եւ հաւատայ, կրանիթեայ ո՜վ Աստուած» օր մը պիտի դառնան երկաթէ մեր շերեփները:

Ահաւա՛սիկ հարիւրամեակէն ինծի մնացած կտակը:

Հաւատա՛նք:

9 դեկտեմբեր 2015

Նախորդը

Խղճագանգիւնն* Նահատակաց. Նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Աւարտին

Յաջորդը

2250 Որոշումն Ու Մենք

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?